ՇՓՈՒՄԻ ՎՐԱՅ ՇՓՈՒՄ

Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ այս շրջանին շփումի վրայ շփում տեղի կ՚ունենայ՝ զանազան միջնորդներով։ Վաղը Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով ժամադրուած են Մոսկուայի մէջ, ուր բանակցութիւններ պիտի վարեն Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի միջնորդութեամբ։ Մօտաւոր անցեալին արտաքին գործոց նախարարները Ուաշինկթընի մէջ մէկտեղուած էին՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի միջնորդութեամբ։ Յաջորդած էին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի Պրիւքսելի բանակցութիւնները, որոնք կազմակերպուած էին Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ։ Այս բոլորէն վերջ, վաղն ալ Մոսկուայի մէջ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով հերթական բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ։ Ռուսաստան-Արեւմուտք լարուածութիւնն ու մրցակցութիւնը այս շրջանին բացայայտ դրսեւորումներ կ՚ունենայ նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման որոնումներու հարթութեան վրայ։

Մոսկուայի վաղուան բանակցութիւններուն ընդառաջ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Ան պըն-դեց, որ ԱՄՆ-ի եւ Եւրոպայի մօտ դիւրագրգրռութիւն կը յառաջանայ, որովհետեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան նախաձեռնութիւնները մշակուած են Ռուսաստանի մասնակցութեամբ։ Իր խօսքով՝ այդ նախաձեռնութիւնները սկսած են իրականացուիլ ու տալ գործնական արդիւնքներ։ «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին մէջ Արեւմուտքի նախաձեռնութիւնը ո՛չ թէ միջնորդութիւն է, այլ ապակառուցողական բան մը։ Որովհետեւ շինիչ եւ իրական արդիւնքներ, որոնք կրնան վկայել դրական ուղղութեամբ շարժի մը մասին, չկան։ Սա չի նշանակեր, որ ըստ արժանւոյն չենք գնահատեր այն քայլերը, որոնք իսկապէս կը տանին շինիչ արդիւնքներու։ Մենք միշտ կ՚ընդգծենք դրական ընթացքը, թափը եւ այլն։ Գիտէք, կը տեսնէք՝ շատ ուղղութիւններով։ Եթէ ըլլան այդ ուղղութեամբ համապատասխան արդիւնքներ, անպայման բարձր կը գնահատենք։ Տակաւին գնահատելու բան չկայ։ Տակաւին կը տեսնենք՝ բացայայտ արտայայտուած ցանկութիւն խոչընդոտելու համար օրակարգը, արեւմտականներու կողմէ իրենց վերագրելու արդիւնքները, որոնք իրենց կողմէ չեն արձանագրուած։ Եւ գոյութիւն ունեցող խանդը, չարութիւնը…», ըսաւ Մարիա Զախարովա։

Բաց աստի, Մարիա Զախարովա մատնանշեց Ռուսաստանի ակնկալութիւնը, թէ յառաջիկայ շփումները կը նպաստեն Երեւան-Պաքու վիճելի հարցերու կարգաւորման։ Ըստ իր բացատրութիւններուն, Լաւրով առանձին հանդիպումներ ալ կ՚ունենայ Միրզոյեանի եւ Պայրամովի հետ։ «Մոսկուայի մէջ տեղի կ՚ունենան նաեւ առանձին Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւններ՝ խաղաղութեան պայմանագրին շուրջ։ Նախարարները կը քննարկեն Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հեռանկարները՝ հաշուի առնելով տարածաշրջանի տինամիք իրավիճակը», ըսաւ Զախարովա, ըստ որու, նախատեսուած է առարկայական քննարկում՝ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու եռակողմանի պայմանաւորուածութիւններու կեանքի կոչման գործընթացին համար։ Խօսքը կը վերաբերի ճանապարհներու եւ տնտեսական կապերու ապաշրջափակման, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման եւ խաղաղութեան պայմանագրի նախապատրաստման։ «Կ՚ակնկալենք, որ շփումները կը նպաստեն Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ վիճելի հարցերու կարգաւորման, փոխադարձ ընդունելի լուծումներու որոնման եւ, ընդհանուր առմամբ, կողմերու միջեւ վստահութեան մակարդակի բարձրացման, Հարաւային Կովկասէ ներս կայունութեան ապահովման», եզրափակեց ան։

Վաղուան բանակցութիւններուն ընդառաջ, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանէն միշտ հասան բախումներու եւ լարուածութեան վերաբերեալ լուրեր։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները երէկ տեղեկացուցին, որ սահմանի Սոթքի հատուածէն ներս հայ զինուոր մը նահատակուած է Ատրպէյճանի յարձակման հետեւանքով։ Սոթքի դէպքը մասնաւորապէս գայթակղեցուցիչ էր, որովհետեւ Ատրպէյճանի զօրքերը թիրախաւորեցին շտապօգնութեան ինքնաշարժ մը եւ անոր բժշկական կազմը։

Իր կարգին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ՝ Ռէյքաւիքի մէջ կազմակերպուած Եւրոխորհուրդի 4-րդ գագաթաժողովին ժամանակ կրկնեց, որ դէպի Լեռնային Ղարաբաղ ու Լաչինի միջանցք միջազգային փաստահաւաք առաքելութիւն մը ուղարկելը անհրաժեշտութիւն է։ Ռէյքաւիքի մէջ Նիկոլ Փաշինեան կրկնեց նաեւ, որ Հայաստան կը ճանչնայ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը՝ ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղ։

ՌԷՅՔԱՒԻՔԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑՆԵՐ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ռէյքաւիքի մէջ մասնակցեցաւ Եւրոխորհուրդի չորրորդ գագաթաժողովին, որու շրջանակներէն ներս ունեցաւ նաեւ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ։ Այսպէս, ան կարճատեւ զրոյցներ ունեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի, Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի, Լաթվիոյ նախագահ Էկիլս Լեւիթսի, Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլիի եւ Լեհաստանի նախագահ Անճէյ Տուտայի հետ։ Բաց աստի, պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Ռէյքաւիքի մէջ Նիկոլ Փաշինեան տեսակցեցաւ նաեւ Ռումանիոյ նախագահ Քլաուս Եոհաննիսի, Լիւքսեմպուրկի վարչապետ Զավիէ Պեթթելի, Մալթայի վարչապետ Ռոպէր Ապելայի եւ Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Թինի Քոքսի հետ։

Հինգշաբթի, Մայիս 18, 2023