ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՀԱՒԱՔԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՆՑԱՒ

Գատըգիւղի ընտանիքը երէկ ոգեւոր օր մը ապրեցաւ թաղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի շրջանաւարտից տարեկան հաւաքին առթիւ։ Առաւօտուն Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ՝ ձեռամբ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ օրուան ծրագիրը շարունակուեցաւ թաղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի համալիրէն ներս։ Դպրոցի զանազան սերունդներէ շրջանաւարտներ համախմբուած էին պարտէզին մէջ, ուր ստեղծուեցաւ տօնական մթնոլորտ։ Շրջանաւարտներուն բարձր տրամադրութիւնը արդէն զգալի էր՝ մինչ յոբելեար շրջանաւարտներն ալ տարբեր յուզում մը կ՚ապրէին։ Այս տարուան շրջանաւարտից հաւաքը ունէր նաեւ բացառիկ նշանակութիւն, որովհետեւ կը զուգադիպէր վարժարանի հիմնադրութեան 150-ամեակի յոբելենական շրջանին։ Ներկայ էին Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ եւ վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սարվէն Սերթշիմշէք, տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու, սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Սեւան Աթաօղլու եւ իր գործակից ընկերները, Գատըգիւղի ընտանիքէն պատասխանատուներ եւ բազմաթիւ հիւրեր։

Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Թամար Մանկասարի եւ Էլիզապէթ Քապէի։ Ելոյթներով հանդէս եկան Թալին Պէրպէրօղլու եւ Սարվէն Սերթշիմշէք։ Աշակերտներն ալ յայտագրի տեւողութեան զանազան ելոյթներով արժանացան ծափողջոյններու։ Յոբելեար շրջանաւարտները բոլորի համակրանքին արժանանալով ստացան իրենց յուշանուէրները։

Յայտագրի գործադրութեան աւարտին նախկին սաները առիթն ունեցան դպրոցի համալիրէն ներս շրջայց մը կատարելու։ Այս փուլին անոնք թէ՛ վերյիշեցին իրենց անցեալի քաղցր յուշերը եւ թէ ականատես եղան իրենց սիրելի դպրոցի այսօրուան բարւոք վիճակին։ Հուսկ, բոլորը ժամադրուեցան յաջորդ տարուան հաւաքին համար՝ բարեմաղթութիւններու փոխանակումով հրաժեշտ առնելով իրարմէ։

Երկուշաբթի, Մայիս 22, 2023