ԳՐԱԴԱՐԱՆՍ
Ինծի կը մնար միայն շնորհակալութիւն յայտնել եւ աւելին՝ երախտապարտ մնալ: Ուրիշ ոչինչ: Այդ օր, երկու մանչերս, տարեդարձիս առթիւ, մեր նստասենեակի պատերէն մէկը ծածկող, ապակիէ վեց փեղկերով զարդարուած գրադարան մը գնած ու ինծի նուիրած էին: Ամբողջ օրը այսպէս պոռալով, կանչելով, բարկանալով եւ քրտնելով, երկուքը միասին աշխատած, անոր կտորները միացուցած եւ վերջապէս գրադարանը տեղաւորած էին իր ճշդուած վայրը: Հիմա կարգը իմս էր:
Տարիներով, մեր «կարաժ»ին մէկ անկիւնը, տասը համրանքը անցնող տուփերու մէջ, իրարու վրայ թխմուած ու սեղմուած հայերէն գիրքերս ու դասագիրքերս, վերջապէս դէպի լոյս աշխարհ պիտի բերէի իրենց ակամայ «բանտէն», փոխարէնը՝ չոր պատերով մեր սենեակը տարբեր գոյն պիտի ստանար, իսկ սիրտս ալ՝ հպարտութիւն ներշնչող բան մը:
Արագօրէն սկսայ աշխատանքիս: Նախ «կարաժ»էն, տուփ առ տուփ շալկելով գիրքերս սենեակ բերի: Կինս ալ, իր կարգին, մէկ առ մէկ, անոնց փոշիները առնելով զբաղուեցաւ:
Հիմա իմ պարտականութիւնս էր, զանոնք շարել եւ կարգով դասաւորել:
-Նայէ՛, կանոնաւո՛ր դիր, պատմականները քով-քովի, միւսները՝ այդպէս, չխառնե՛ս, անկանոն չշարե՛ս, սխալ չտեղաւորե՛ս.- տեղատարափ անձրեւի նման, կնոջս ցուցմունքները երկվայրկեանի մը մէջ կը թրջէին ուղեղս: Ինծի համար այս «խրատականները» եւ մանաւանդ թելադրանքները նորութիւններ չէին: Վերջին հաշուով, ամէն բանէ առաջ, ինծի ընթերցումն էր էականը եւ ուրիշ ոչ մէկ բան:
«Կիները այդպէս են», քմծիծաղով մը միտքէս ինքնիրենս կ՚ըսէի, «կը կարծեն, որ իրենցմէ զատ ուրիշ ոչ ոք կոկիկ ու կանոնաւոր կրնայ ըլլալ: Ատոր համար առատօրէն խելք կու տան, ցուցմունք ու խրատականներ կը կատարեն ու էրիկ մարդու նկարագիրի թելերէդ մէկը նշանակէտ դարձնելով, կը փորձեն զայն անխնայ հարուածել»: Բայց եւ այնպէս, առանց պատասխանելու, հնազանդ աշակերտի մը նման կամ աւելի ճիշդ, իր մօրը խօսքը մտիկ ընող տղու մը պէս, անցայ գործիս, այդ «սրբազան» աշխատանքիս ու մէկիկ-մէկիկ փոշիներէն ձերբազատուած գիրքերն ու ամսագրերը սկսայ շարել:
Ի՜նչ մեղքս պահեմ՝ «մուխս մարեցաւ» եւ «արիւն քրտինք» մտայ, բայց եւ այնպէս, առանց ձայնի ու աղմուկի, գործս ամբողջացուցի: Չեմ գիտեր, այս բոլորը ինձմէ որքան ժամանակ խլած էր: Միայն այն գիտեմ, որ կինս, բաւական ատեն ետք, յանկարծ «շնորհաւոր ըլլայ» մը ըսելով, գաւաթ մը սուրճ հրամցուց:
Նստայ բազկաթոռիս վրայ ու աչքիս ծայրովը սկսայ դիտելու կարգի շարուած ու կեցած «Վարուժան»ն ու «Չարենց»ը, «Րաֆֆի»ն ու «Մալխաս»ը, «Համաստեղ»ն ու «Ահարոնեան»ը: Դասագիրքերուս կողքին զգուշաւոր տեղաւորած էի «Դար մը գրականութիւն»ը, իսկ քիչ մը անդին՝ «Հայրենիք» ամսագիրներու եւ «Ամէնուն տարեգիրք»երուն շարանը: Բոլորը անխտիր, նորագրեալ զինուորի մը հնազանդութեամբ, զիս կը դիտէին ու անզգալաբար դէմքիս տարբեր փայլ մը կու տային, ծանօթ ու անծանօթ փայլ մը, որ միաժամանակ կը յուզէր զիս: Իւրաքանչիւր գիրքի տեղադրման՝ բացած էի անոնց առաջին էջը եւ արագ մը աչք նետած: Էջեր, որոնք իրենց հապճեպ այս տողանցումին մէջ, ինծի կը հրամցնէին անուշ յուշեր եւ սիրտիս ալ՝ անօրինակ զարկեր: Այս էր գանձս: Հալէպէն, մէկ առ մէկ, խնայած դրամներովս գնած, կամ վկայականներուս առթիւ ազգականներէս նուէր ստացած, երբեմն ալ թերթօն առ թերթօն հաւաքած եւ ապա ամբողջութեան մը վերածած այս հարստութիւնս, թափառական կեանքիս ընկերակիցը դարձուցած էի: Այսպէս, ծննդավայրէս մինչեւ Պէյրութ եւ անկէ ետք, Ամերիկա-Տիթրոյիթ, Միշիկըն եւ վերջապէս հոս՝ Կլենտէյլ, Գալիֆորնիա: Խեղճ գիրքեր, կարծես չէր բաւեր իրենց էջերուն անկիւնները ծածկող անխնայ մատներուս հետքերը, տարիներով հետեւած էին կեանքիս բոլոր քայլերուն ու ամէն անգամ կամաւոր եւ արագօրէն իմ կարիքներուս օգնութեան հասած:
Կը դիտեմ զանոնք: Իրենք ալ՝ զիս: Վանդակէն դուրս փախչող թռչուններու նման, հիմա անոնք իրենց բանտուած տուփերէն դուրս գալով պիտի վայելէին ազատութիւնն ու հիւրերուս գնահատական խօսքերը: Սուրճի անգիտակից բարձրաձայն ումպերուս հետ, երիտասարդ սիրահարի մը հիացմունքով, դարձեալ անկուշտօրէն զիրենք կը փորձեմ դիտել, եւ ուղեղիս մէջ հազար բաներ կը սկսին պտտելու: «Ահա քեզի գրադարան», կ՚ըսէր դարձեալ յոգնած միտքս, «գնա՛, վայելէ՛ ու յարգը գիտցի՛ր: Գրադարան: Արդեօք ո՞վ էր զայն մեր տուն հրաւիրողը: Կէս դար առաջ էր, երբ բազմամարդ եւ մեծ բակի մը ամենէն մեծ սենեակներէն մէկուն մէջ, ծնողքիս հետ, երեք եղբայրներով կը մեծնայինք: Այդ օրերուն, մեր մանուկ միտքերուն մէջ գրադարան բառը իր իսկական իմաստն ու կերպարը տակաւին չէր հագած: Ու չէինք բողոքած: Մէկ սենեակի մէջ կ՚ապրէինք: Աւելորդ տեղ չունէինք: Անոր համար մայրս մեր տան բոլոր գիրքերը, հօրեղբայրներէս եւ քահանայ մեծ հօրմէս մեզի ժառանգ մնացած ամսագիրներն ու թերթերը, աղօթագիրքերն ու «Նարեկ»ը, տեղաւորած էր տախտակէ մեծ սնտուկի մը մէջ ու զայն պահած մահճակալին տակը: Այս էր մեր «գրադարանը»: Փակուած: Անխօս եւ անտեսանելի: Հայրս «Արեւելք»ի բաժանորդ էր եւ մանաւանդ՝ գիրքի «խենդ»: Նոյնիսկ անոր հաւաքած թերթօնները կ՚արժանանային գիրքերուն ճակատագիրին եւ տարուէ տարի աւելնալով անխօս ու լուռ կը շատցնէին սնտուկէ գրադարանին պարունակութիւնը:
Գրադարան: Նախակրթարանի հայերէն լեզուի ուսուցիչս էր, որ առաջին անգամ զիս անուղղակիօրէն դէպի գրադարան առաջնորդած էր: «Մէկ շաբաթէն անպայման պէտք է կարդացած ըլլաս Աւետիս Ահարոնեանի «Ազատութեան ճանապարհին»ը, յանձնարարած էր ուսուցիչս՝ պարոն Փիլիպպոս Դերձակեանը: Ո՞վ կրնար չհնազանդիլ: Ու նոյն երեկոյեան, առաջին իսկ հերթին, հօրս արտօնութեամբ, դիմած էի մեր տան «գրադարան»ին ու զայն պեղած՝ այն յոյսով, որ թերեւս այդ գիրքը հոն պիտի գտնէի: Չկար: Չունէինք: Ստիպուած, կիրակի առաւօտ մը, եկեղեցիէն ետք, մեծ եղբօրս ընկերանալով, կ՚ուղղուէի մեր քաղաքի ակումբը, որ հարիւրաւոր գիրքերով հարուստ գրադարան մը ունէր: Լայն ու մեծ այդ բակին ձախ կողմը, քարաշէն երեք հսկայ պատուհաններով սենեակին ճակատին, փոքր տախտակի մը վրայ գրուած էր «Քրիստափոր» գրադարան: Ի՜նչ անմեղ էր կեանքը այդ օրերուն: Այդպէս ալ մեծցանք: Մեզ այդպէս դաստիարակեցին մեր ծնողքն ու դպրոցը, ու մանաւանդ, մեր ակումբը: Կը պատահէր, որ յաճախ «Քրիստափոր» գրադարանը չ՚ունենար մեր նախընտրած գիրքը, մեզ կը ղրկէին Նոր Գիւղ, տեղւոյն «Վարանդեան» գրադարանը:
Տուն եւ դպրոց միասնաբար, գրեթէ ամէն ամառ կամ ամէն արձակուրդի օր, զիս մղեցին դէպի անհատնում ընթերցման գիրկը: Կարդալ ու միայն կարդալ: Կարդալ մեր սենեակին մէջ, երբ հիւր չունէինք, իսկ հակառակ պարագային՝ տանիքը եւ կամ ալ հանրային պարտէզը: Կարդալ ու մեր ազատ ժամերը կարդալով հալեցնել:
Յանկարծ անդրադարձայ, որ երկար ատենէ ի վեր շշմած, նստած տեղս, աչքերս յառած եւ գամած էի գրադարանիս վրայ: Մատներուս մէջ, ամրօրէն բանտարկուած մնացած էր սուրճիս գաւաթը: Իսկ հեղուկը՝ շատոնց պաղած: Նորածին մը ունենալու չափ, առաջին զաւակի մը աշխարհ գալու զգացումով խանդավառուած նայուածք մըն էր կարծես. խորունկ ու երկար: Դիտած էի բոլորը: Ու չեմ գիտեր ինչպէ՞ս, միտքիս խորէն ծնած վախ մը, զիս տարբեր մթնոլորտի մը մէջ նետած էր: Մտահոգութիւն մը, որ հետզհետէ սարսափազդու դառնալու սկսած էր: Կը կրծէր միտքս ու հոգիս: Պարզ խօսքով՝ սարսափի նմանող բան մըն էր այս մէկը, որ կամաց-կամաց կը քանդէր բոլոր տրամադրութիւններս:
Սարսափ եւ մտատանջութիւն… Ո՞վ պիտի մղէ մեր երիտասարդներուն հայերէն գիրք կարդալու եւ աւելին՝ ո՞վ պիտի առաջնորդէ զիրենք դէպի հայկական գրադարան:
Եւ աւելին՝ գրադարանիս գիրքերը վերջին հաշուով որո՞ւ համար էին: Գիրքերս, որոնցմէ շատերը քանի մը անգամներ կարդացած ըլլալու հպարտանքը միշտ ունեցած եմ, այսուհետեւ մեր տան մէջ ո՞վ պիտի կարդար: Պատասխան չունէի: Թերեւս ալ, երբե՛ք պատասխան չունենամ: Ուրեմն, ինչո՞ւ այս գրադարանը: Արդեօք սենեակիս պատը ծածկող պարզ զա՞րդ մը պիտի մնայ: Արդեօք, իսկապէս ինծի մակերեսային գոհացում տուող լոկ առարկա՞յ մը պիտի դառնայ: Ահա՝ նոր, կրծող, չարչրկող ցաւով միասին մտմտուքս:
Ու հիմա, իսկապէս յուսահատ էի:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ