ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆԻ ԽԵՆԹԵՐՈՒՆ
Ուսումի համար Ժընեւ մեկնած երիտասարդ մը աւելի քան դար մը առաջ նամակ մը կը գրէ իր ծնողքին եւ նամակին հետ կը ղրկէ նաեւ ստացած վիճակացոյցէն օրինակ մը՝ զանոնք ուրախացնելու նպատակով: Սակայն հակառակ սպասումին, ծնողները վիճակացոյցէն այնքան ալ գոհ չեն ըլլար, որովհետեւ իրենց կարծիքով երիտասարդ Միհրանիկը «ամենէն կարեւոր» նիւթերու փոխարէն ուժը տուած էր անկարեւոր եւ «վերացական» դասանիւթերու, որոնք երիտասարդին ապագային մէջ ո՛չ մէկ արժէք կրնան ունենալ:
Ի պատասխան զաւակին նամակին հայրը կը գրէ.
«Նամակդ ստացայ, ինչպէս նաեւ ներփակեալ վիճակացոյցը: Շատ գոհ եմ, որ դասերուդ մէջ յաջող ես, բայց կ՚ուզեմ այս մասին դիտողութիւն մը ընել: Ստացած թիւերէդ տեսայ, որ աւելի վերացական բաներու ուժ տուած ես քան բո՛ւն դրական ուսումներու:
Ես կը փափաքէի, որ առաջին հանդիսանայիր թուաբանութեան եւ տոմարակալութեան մէջ, որոնք աշխարհիս երկու առանցքներն են, դուն ընդհակառակը առաջին հանդիսացեր ես գրականութեան եւ պատմութեան մէջ: Քանի՞ փարա կ՚ընեն անոնք: Մասալներով մարդուս փորը կը կշտանա՞յ»:
Վերոյիշեալ նամակը առիթ կու տայ մտածելու շա՜տ մը բաներու մասին, որոնք ո՛չ միայն անցեալին, այլ այսօր եւս մտահոգութիւն կը յառաջացնեն: Ու այս նամակին մասին սկսայ աւելիով մտածել, երբ երէկ մեր լիբանանահայ երիտասարդուհիներէն մին Հայաստանի մէջ ստացաւ հայագիտական ուսման վկայականը:
Անցեալին չեմ գիտեր, սակայն այսօր քանի՞ փարա կ՚ընէ գիրն ու գրականութիւնը. նամակագիրին համաձայն՝ մասալներով կարելի՞ է կշտանալ: Տակաւին մի քանի օրեր առաջ շրջանաւարտ մեր երիտասարդները աշխարհի ո՞ր անկիւնը, ո՞ր ապերախտ պաշտօնին մէջ պիտի քաշքշեն իրենց գոյութիւնը։ Իրենց գրած ո՞ր բանաստեղծութիւնը, ո՞ր յօդուածն ու ուսումնասիրութիւնը պիտի բաւարարէ մերօրեայ կեանքի պէտքերը. միթէ նման աշխարհի մը մէջ հայագիտական ուսման հետեւիլը ինքնին անձնազոհութիւն մը չէ՞ այնքան ատեն՝ որ կը շարունակէ ի զօրու ըլլալ Միհրանիկի հօր բառերն ու համոզումները:
Հայրը յորդորական ոճով կը շարունակէ գրել իր զաւակին.
«Զաւակս, կը խնդրեմ, որ ուժ տաս այս անհրաժեշտ ճիւղերուն եւ ջանաս յառաջիկային անոնց մէջ առաջին հանդիսանալ ու մխիթարել հայրդ, որ իր ապագային ամբողջ յոյսը քու վրադ դրած է»:
Տարօրինակ է սակայն, որ մենք ալ մեր ազգայինը պահպանելու հարցին մէջ մեր յոյսը դրած ենք Միհրանիկին եւ Միհրանիկներուն, որոնց անկարեւոր ուսումը այնքա՜ն կարեւոր է էութեան մէջ մեր ազգին համար. անցեալին Միհրանիկները կ՚ուզէին սորվիլ, սակայն անոնց հայրերը արգելք կը հանդիսանային. ետքը եկաւ ժամանակ, որ Միհրանիկները չուզեցին սորվիլ, եւ անոնց հայրերը զիրենք սորվելու առաջնորդեցին. ապա հասաւ ամենէն ահաւորը՝ մերօրեայ անտարբերութիւնը։ Այսօր ո՛չ Միհ-րանիկը եւ ոչ ալ Միհրանիկներու հայրերը կ՚ուզեն սորվիլ:
Յաճախ լսած եմ, որ մարդիկ հարց կու տան, թէ ինչո՞ւ համար մէկ առ մէկ փակուեցան սփիւռքի մէջ գործող հայագիտական ամպիոնները. այսօր սակայն անոնց փակուիլը զարմանք չի պատճառեր, որովհետեւ կը զգանք, թէ մօտ օրէն անոնք Հայրենիքի մէջ եւս պիտի փակեն իրենց դռները, ալ ո՜ւր մնաց սփիւռքի մէջ:
Եկեղեցիներէն կը փորձեն դուրս հանել գրաբար լեզուն՝ որպէսզի մոռացութեան տրուի, իսկ մեր մայրենի լեզուն կ՚աղաւաղեն ամէ՛ն ձեւով եւ հայերէն բառերու տեղը կու գայ գրաւելու օտարները. կա՞յ արդեօք ազգութիւն մը ոչնչացնելու աւելի ազդու միջոց, քան իր լեզուի վերացումը:
Ներկայի Միհրանիկներու հայրերը իրենց ուժը կու տան համակարգչային գիտութեանց, անգլերէն լեզուի իմացութեան, որովհետեւ անոնք են մերօրեայ պարարտ հողերը. Միհրանիկի հայրը կը հարցնէր. «պախալն ու խասապը գրականութիւն կ՚առնե՞ն»:
Այսօր սփիւռքը մեծապէս կարիքը ունի Հայագիտական ուսանող Միհրանիկներու, որովհետեւ ընդունինք թէ ոչ, սփիւռքի հայութիւնը կամայ թէ ակամայ պիտի ձուլուին, օր առ օր պիտի կորսնցնեն իրենց լեզուն, ինքնութիւնը, մշակոյթը, մտածելակերպն ու նկարագիրը. իւրաքանչիւր նոր օր նոր նահանջ պիտի ըլլայ, ու այդ նահանջէն շատ աւելի ցաւալին այն է, որ այդ բոլորը տեղի կ՚ունենայ ու պիտի ունենայ լռութեամբ:
Հակառակ մերօրեայ մոլութիւններուն ու դժուարութիւններուն, կրնանք վստահ ըլլալ, թէ տակաւին կա՛ն, մանաւանդ Լիբանանի ու Սուրիոյ մէջ իրենց կեանքը հայագիտութեան, հայերէն լեզուին ու գրականութեան նուիրել ուզող երիտասարդներ, որոնք հակառակ կամեցողութեան չունին նիւթական հնարաւորութիւնները իրագործելու համար այդ երազները: Անոնք աղօտ ճրագ մըն են մեր մութ ապագային, որոնց վրայ կ՚ուզենք դնել մեր յոյսը՝ մեր ազգութեան անհետանալը սեփական աչքերով չտեսնելու համար:
Կեցցե՛ն նման անձնուէր Միհրանիկները:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -248-
Այսօր շատ բառեր գոյութիւն ունին, որոնք հայերէնին մէջ չունինք իրենց տարբերակը, այդ իսկ պատճառով պարտաւորուած կը գործածենք օտարինը՝ շատ անգամ հայացնելով նոյնիսկ: Սակայն զարմանալի է, երբ հայերէնը գոյութիւն ունենայ եւ մեր ազգը օտարինը նախընտրէ:
Նման խնդիրի մը հանդիպեցայ, երբ առաջին անգամ Հայաստան հաստատուեցայ. սփիւռքահայ ըլլալով մի՛շտ ալ գործածած ենք «կամուրջ» բառը, սակայն Հայաստանի մէջ «կամուրջ» գոյութիւն չունի՛. ամէն տեղ «մոսթ» է: Սկզբնական շրջանին ճամբայ հարցուցած ժամանակ «կամուրջ պիտի բարձրանա՞մ» կ՚ըսէի եւ զարմացած կը նայէին. իրենց քով մոսթ է որ կը բարձրանան: Աւելին, շատեր մոսթ բառը հայերէն կը կարծէին, որովհետեւ այդ մէկը մի՛շտ ալ մոսթ եղած է իրենց համար եւ ո՛չ կամուրջ:
Ժամանակ մը ետք սակայն յաղթական դուրս կու գայ աղաւաղումը. միտքդ յստակեցնելու համար ժամանակի ընթացքին կը նկատես, թէ դուն եւս սկսած ես մոսթ ըսել՝ որպէսզի հասկնան:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան