ԱՅԴ Ի՞ՆՉ «ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ» Է
Մեր քաղաքական ամբողջ շաբաթը դարձեալ անցաւ հակասական լուրերով ու կարծիքներով, խաբէութեամբ ու կամայ-ակամայ դէպի անկում մի քանի քայլ աւելի մօտենալով. ժողովուրդը արդէն իսկ սկսաւ խորշիլ ու խրտչիլ այնքա՜ն սիրուած «խաղաղութիւն» բառէն, որովհետեւ մերօրեայ ղեկավարութիւնը այդ «խաղաղութեան» սիրոյն է, որ երկիրը անխաղաղ ու անապահով իրավիճակի կ՚առաջնորդէ:
Տակաւին մի քանի տարիներ առաջ «խաղաղութեան» սիրոյն Արցախը թշնամիին յանձնողը այսօր (չես գիտեր ի՞նչ ինքնավստահութեամբ) կը խօսի Արցախի եւ Հայաստանի անապահովութեան ու անխաղաղութեան շուրջ. Փաշինեանի իսկ բառերով՝ «իրադրութիւնը մեր տարածաշրջանում շարունակում է մնալ լարուած» եւ զարմանալիօրէն ո՛չ ոք հարց կու տայ երկու տարի առաջ «հաստատուած» խաղաղութեան մասին՝ որուն սիրոյն հազարաւոր մատղաշ կեանքեր զոհուեցան:
Տակաւին մի քանի տարիներ առաջ բեմերուն վրայէն բարձրաձայն «Արցախը Հայաստան է եւ վե՛րջ» աղաղակողները, այսօր Արցախէն իրենց ձեռքերը լուալ կը փորձեն, ըսելով՝ «Պաքուի եւ Ստեփանակերտի միջեւ պէտք է երկխօսութիւն տեղի ունենայ». իրենք իրենց գլխուն ճարը թող նային ըսելու աւելի լաւ տարբերակ գիտէ՞ք:
«Արցախը Հայաստան է եւ վե՛րջ» պոռացողները, ինչպէս երկու տարի առաջ, այսօր եւս կը խօսին համաձայնագիրի մը մասին, որուն ինչ ըլլալը դարձեալ յստակ չէ՝ ինչպէս նախորդինը եւ մինչեւ օրս կը յիշեմ բեմերէն աղաղակուող թափանցիկութեան խոստումները. անոնք կը խոստանային իրենց գործունէութեան մէջ ըլլալ թափանցիկ ժողովուրդին դիմաց, սակայն շարունակեցին ու կը շարունակեն գործել անթափանց՝ առանց նուազագոյն ամօթը ունենալու տրուած խոստումներու չիրագործման համար:
Մեր ներկայ ղեկավարութիւնը կ՚ուզէ հասնիլ այն համաձայնութեան, որ Ատրպէյճան ճանչնայ Հայաստանի 29.800 քմ. տարածութիւնը, իսկ Հայաստան ճանչնայ Ատրպէյճանի 86.000 քմ. տարածութիւնը՝ որուն մաս կը կազմէ նաեւ Արցախի չյանձնուած բեկորները եւս: Իսկ նման պարագայի ի՞նչ պիտի ըլլայ արցախահայութիւնը. թող երկխօսութիւն ընեն, մեզի ի՞նչ...:
Այսօր, ցաւ ի սիրտ, կ՚ապրինք մեր օրերու 1921 թուականը, նո՛յն անապահովութեամբ ու մտահոգութիւններով:
Դժբախտաբար, մերօրեայ ղեկավարութիւնը այս բոլորը կ՚ընէ «այն է, ինչ ուզում եւ ակնկալում է մեր ժողովուրդը» ըսելով. ու ակամայ մարդ կ՚ուզէ հարց տալ, թէ այդ ո՞ր հայն է, որ համաձայն է այդ բոլորին. այդ ո՞ր հայն է, որ կը յօժարի արցախահայութիւնը ձգել ճակատագրի բախտին: Պահ մը իրապէս կ՚ուզեմ տեսնել այդ «ուզող» եւ «ակնկալող» ժողովուրդը, որովհետեւ խելագարներ միայն կրնան նման որոշումներու դիմաց համակերպիլ եւ վստահ եղէք, թէ մեր մէջ շա՜տ են յիմարներն ու խելագարները, որոնք առանց բան մը հասկնալու եւ շատ անգամ նոյնիսկ առանց լսելու համաձայն կը գտնուին իրենց չհասկցածներուն, որուն արդիւնքը պարզ ու յստակ է:
Փաշինեան խօսելով նախկին համաձայնութեան մասին կ՚ըսէ, թէ խաղաղութեան պայմանագիրը չի՛ գործեր այնպէս՝ ինչպէս ձեւակերպուած էր պարտադիր ուժ ունեցող համաձայնագիրին մէջ. իսկ ի՞նչ ապահովագրութիւն, ինչո՞վ երաշխաւորուած է նոր համաձայնագիրի «խաղաղութեան» իրագործումը. այսօր Հայաստան կ՚ուզէ Ստեփանակերտը եւս Ատրպէյճանի տարածք ճանչնալ, արցախահայութիւնը ձգելով բանակցութիւններու յոյսին, սակայն ի՞նչ երաշխիք, որ այս նոր համաձայնութեամբ խաղաղութիւնը պիտի հաստատուի. ի՞նչ երաշխիք, որ խաղաղութեան սիրոյն երրորդ կամ չորրորդ համաձայնագիր մը եւս ծնունդ պիտի չառնէ: Այդ ակնկալող եւ ուզող ժողովուրդը՝ որ համաձայն է նոր համաձայնագիրին եւս, ունի՞ այդ երաշխիքը եւ աւելին, պատրա՞ստ է պատասխան տալ հակառակ պարագային չգործադրուելու դիմաց:
Նոր համաձայնագիր մը չստորագրուած, ինչո՞ւ համար հաշիւ չպահանջուեցաւ առաջինը ստորագրողներէն, որոնք գոյութիւն չունեցող «խաղաղութեան» մը սիրոյն ըրին այդ մէկը. ժողովուրդը, ինչու չէ նաեւ արդարադատութիւնը (որ Հայաստանի մէջ գոյութիւն չունի), ինչո՞ւ համար հաշիւ չպահանջեց առաջին պայմանագիրին ձախողութեան համար:
Երբ խաղաղութեան սիրոյն բազմահազար մարդիկ մնացին անտուն եւ հակառակ այդ դժբախտութեան սպասուած խաղաղութիւնն ալ չեկաւ, ինչո՞ւ համար չդատուեցան բազմահազարներ անտուն ու անօթեւան վիճակին հասցնողները. իսկ առաջին պայմանագիրին մէջ ձախողածները ինչպէ՞ս դարձեալ վստահութիւն կը սպասեն ժողովուրդէն երկրորդի մը համար:
Մի քանի օրեր առաջ որպէս թէ Փաշինեանի որդին՝ Աշոտ Փաշինեան իր առեւանգման գծով իր հօր ըսած է. «ամբողջ նպատակը այն չէ՞ որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ հարցերը լուծուին իրաւական ձեւերով». Եթէ խնդիրը իրաւական հարցերով լուծելն է, վստահ կրնանք ըլլալ, որ մերօրեայ ղեկավարութիւնը այնքա՜ն շատ պատճառ ունի իրաւական ատեան ներկայանալու եւ պատասխան տալու...
Փաշինեան մինչեւ օրս կը յայտարարէ, որ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ խաղաղութեան պայմանագիրը ստորագրելու համար... բայց կ՚ուզեմ ամբողջ հայութեան փոխարէն (յիմարները ներառեալ) հարց տալ, թէ եթէ հիմակուանն է խաղաղութեան պայմանագիրը, ապա առաջինը ի՞նչ էր...:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -249-
Մի քանի տարի հայկական կազմակերպութիւններու մէջ աշխատելով յստակ գաղափար մը կրցայ կազմել «ընտրութիւն» ըսուած ստախօսութեան մասին, որովհետեւ ո՛չ մէկ տեղ արդար ընտրութիւն գոյութիւն ունի եւ նոյնն է պարագան նաեւ պետական պաշտօններու կապակցութեամբ, որովհետեւ կը տեսնենք, թէ ինչպէս անձ մը կ՚ատուի ժողովուրդին կողմէ, սակայն ինչպէ՞ս չես գիտեր, դարձեալ կ՚ընտրուի:
Արցախի հողերու յանձնման շրջանին ղեկավարութեան մասին մի քանի կարծիք արտայայտեցի, որուն դիմաց բարեկամներէս մին, ինչպէս նաեւ դրացի մը որոշեց կապ չունենալ իմ եւ ընտանիքիս անդամներուն հետ, որովհետեւ իրենց կարծիքով՝ ղեկավարութիւնը մեղք չունէր. անոնք ամէն գնով պաշտպանեցին Փաշինեանն ու անոր կառավարութիւնը, սակայն այսօր երկու տարի ետք, չես գիտեր ինչպէս, նոյն մարդիկ բացայայտօրէն Փաշինեանը կը մեղադրեն՝ դարձի եկողի մը նման ամչնալով նայիլ մեր աչքերուն:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան