ՃԱՏՐԱԿԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔ

Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնութիւնը վերջին օրերուն կազմակերպեց ճատրակի մրցաշարք մը, որ երէկ հասաւ իր աւարտին։ Միջվարժարանային եռօրեայ այս մրցաշարքը արդէն 16-րդ անգամ տեղի ունեցաւ։ Մրցանակաբաշխման արարողութիւնը երէկ յետմիջօրէին կատարուեցաւ «Շիրինօղլու» սրահին մէջ։

Ներկայ էին Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր եւ իր գործակիցները, ծնողներ եւ բազմաթիւ հիւրեր։

Ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ հիւրընկալ վարժարանի տնօրէնուհի Սեսիլ Քարահիսարիտիս։ Յետոյ դափնեկիրները բեմ բարձրանալով ստացան իրենց բաժակները, մետայլներն ու վկայականները։

Փոքրերու դասաւորման մէջ առաջնութիւնը նուաճեցին Արամեան-Ունճեան վարժարանի սաները։ Անհատական գետնի վրայ, ըստ սեղաններու կարգի, առաջին հանդիսացան Ռալֆ Պուրակ Թիրեաքի, Տանիէլ Պետրոս Ճամկէօզ, Լէօ Արեւ Ճէպէճի եւ Արի Իւշենմէզ։

Աստղերու դասաւորման մէջ ախոյեան հանդիսացաւ Մէրամէթճեան վարժարանի խումբը, որուն յաջորդեցին Տատեան եւ Եշիլգիւղ։ Ըստ սեղաններու կարգի, անհատական գետնի վրայ առաջին հորիզոնականը գրաւեցին Առէն Կէյիմլի, Արաս Մինաս, Արտէն Չիմէն եւ Աղասի Միսիսեան։ 

Հանդիսութեան աւարտին դպրոցի ծնողաց միութիւնը ընդունելութիւն մը սարքեց պարտէզին մէջ, ուր բոլորը շնորհաւորեցին դափնեկիրները, մասնակիցներն ու կազմակերպիչները։

Հինգշաբթի, Մայիս 25, 2023