ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՆՈՒԷՐԸ

Paulo Coelho (1947) աշխարհահռչակ վիպագիրը սապէս կ՚ըսէ. «Մէկու մը ընծայուած ամենաթանկագին նուէրը ժամանակն է. այն որ կարելի չէ վերագտնել կամ վերստանալ»։ Արդարեւ, կ՚ըսուի, թէ ժամանակը թանկագին է. քանի որ անիկա վատնել մեծ վնաս կը պատճառէ մարդուս։

Կեանքի մէջ շատ բան կարելի է վերագտնել, երբ մարդ զայն կորսնցնէ։ Բայց «ժամանակ»ը երբ վատնուի, զայն վերստանալ անկարելի՛ է։ Գետին մէջ հոսած ջուրը երբեք երկրորդ անգամ չի՛ հոսիր։ Ուստի «անցեալ»ը վերադարձնել անկարելի է, զայն կարելի է սրբագրել, բայց անոր հետքերը՝ ազդեցութիւնը եւ հետեւանքը սրբել անկարելի է, որովհետեւ անցած բանի մը թողած նշանը միշտ կը մնա՛յ։

Ուրեմն, «ժամանակ»ը պէ՛տք է բծախնդրութեամբ եւ ուշադրութեամբ գործածուի. անցեալը անցած է, ապագան՝ անորոշ, մարդ միայն «ներկայ»ին տէրն է, ներկան մարդուն գանձն է եւ ան ալ միայն պահ մըն է, եւ ներկան դատապարտուած է անցեալ ըլլալու եւ անորոշութեան մէջ կորսուելո՛ւ։ Եւ երբ ներկան ժամանակին միայն մէկ մասը, մէկ հատուածն է, արժէք մը կը ներկայացնէ, եւ այս արժէքը ուրիշի մը նուիրել, ուրիշի մը յատկացնել՝ զոհողութիւն է, անձնուիրո՛ւմ է։ Շատեր՝ ինքնասէրներ կը խուսափին անձնուիրումէ։ Եւ անոնք որ զոհողութիւն ընել չեն ուզեր, կ՚ուրանան իրենց մարդ ըլլալու կոչումը, քանի որ մարդուն առաջնակարգ կոչումը իրերօգնութի՛ւն է։

Ժամանակը մարդուս համար միայն ներկան է՝ միայն պա՛հ մը, բայց ժամանակին բոլոր պահերը Աստուծոյ համար ներկայ են իրենց այժմէութեան մէջ։ Ան «նախասահմանութեան» իր յաւիտենական ծրագիրը կը գծէ՝ անոր մէջ ներառելով իւրաքանչիւր մարդու ազատ պատասխանը՝ Իր շնորհքին։

Ինչպէս որ Աստուած «եօթներորդ օրը հանգչեցաւ Իր կատարած ամէն գործէն ետք». (ԾՆՆԴ. Բ 2), մարդուն կեանքն ալ, որ ընդհանուր ժամանակ մըն է, կշռոյթուած եւ հաւասարակշռուած է աշխատանքով եւ հանգիստով։ Արդարեւ, «Տիրոջ Օրուան» հաստատումը կը նպաստէ մարդոց՝ որ կարենան հանգիստի եւ ժամանցի բաւարար ժամանակ վայելել, ի՛նչ որ թոյլ կու տայ անոնց իրենց ընտանեկան, մշակութային, ընկերային եւ կրօնական կեանքը մշակել։ Ուստի, ժամանակը օգտակար գործածել՝ զայն չվատնել մարդուս պարտքը եւ պարտաւորութիւնն է։ Վատնուած ամէն ժամանակ, գանձէն դուրս նետուած թանկագին, մեծարժէք մաս մըն է։ Արդարեւ, Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս կ՚ըսէ. «Ճշմարտութեան սէրը կ՚որոնէ սուրբ ժամանցը, իսկ սիրոյ անհրաժեշտութիւնը կ՚ընդունի արդար աշխատանքը»։ Քրիստոնեաները՝ որոնք իրենց տրամադրութեան տակ ժամանցի եւ օգտագործութեան ժամանակ ունին, պէտք է յիշեն իրենց եղբայրակիցները, որոնք իրենք եւս նոյն կարիքները եւ նոյն իրաւունքները ունին, որոնք սակայն կարելիութիւնը չունին՝ կարող չեն հանգիստ վայելել՝ ապրիլ՝ աղքատութեան եւ թշուառութեան պատճառով։ Քրիստոնեայ բարեպաշտութիւնը աւանդականօրէն կիրակի օրը նուիրուած է բարի գործերուն եւ հիւանդներուն, տկարներուն, անոք, անպաշտպան, անտէր, անօգնական, լքուած չքաւոր տնանկներուն, ծերերուն խոնարհ ծառայութեան։ Արդարեւ, կիրակին՝ ժամանա՛կն է խորհրդածութեան, լռութեան, մշակոյթի եւ մտածականի՝ որոնք կը նպաստեն ներհուն եւ քրիստոնեայ կեանքին աճումին։ Արդարեւ, սրբացեալ կիրակի եւ տօնի օրերը հաւաքական ջանք եւ աշխատանք կը պահանջէ։

Չկա՛յ բան մը, որ իր գոյութիւնը չպարտի Արարիչ Աստուծոյ։ Արդարեւ, աշխարհը եւ ժամանակը սկսաւ, երբ Աստուծոյ խօսքով ոչինչէն գոյացաւ. գոյութիւն ունեցող բոլոր էակները, ամբողջ բնութիւնը, մարդկային ամբողջ պատմութիւնը, միջոցը եւ ժամանակը կ՚արմատանան այս սկզբնական դէպքին մէջ. այս ծնունդով է որ աշխարհը գոյացած է եւ ժամանակն ալ սկիզբ առած է. (Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս)։ Տիեզերքին գեղեցկութիւնը, ստեղծուած աշխարհին կարգը եւ ներդաշնակութիւնը առաջ կու գան արարածներուն այլազանութենէն եւ անոնց միջեւ գոյութիւն ունեցող առընչութենէն՝ ժամանակի մէջ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մայիս 24 2023, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Մայիս 25, 2023