ՏԻԳՐԱՆ ԿԻՒԼՄԷԶԿԻԼԻՆ ՅՈՒՇԱՆՈՒԷՐ

«Բարեկամ» խումբը, որ վերջերս պաշտօնական միութիւն մը կազմեց, ներկայիս կը նշէ իր ձեռնարկած կրթական ծրագրին երկրորդ տարեդարձը։ Այս առթիւ «Բարեկամ»ի ներկայացուցիչները այցելութիւն մը տուին համայնքային յայտնի բարերար եւ Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլին, որու յանձնեցին յուշանուէր մը։ Նկատի ունենալով, որ Տիգրան Կիւլմէզկիլ «Բարեկամ»ի երիտասարդներու ապագային ուղղեալ ծրագրի գլխաւոր հովանաւորն է՝ խումբի ներկայացուցիչները փափաքած էին զինքը առարկայ դարձնել իրենց երախտագիտական զգացումներուն։ Անոնք հերթական անգամ Տիգրան Կիւլմէզկիլի անձին մէջ ողջունեցին այն բարերարը, որ կրթութեան կարեւորութիւնը կը գիտակցի եւ միջոցներ ի գործ կը դնէ, որպէսզի մեր երիտասարդներուն յաւակնոտ կրթութիւն մը ջամբուի։

Անմիջական մթնոլորտի մը մէջ «Բարեկամ»ի ներկայացուցիչները հիւրընկալուեցան Տիգրան Կիւլմէզկիլի կողմէ։ Հաւաքոյթը հաճելի էր նաեւ այն առումով, որ ներկայ էին «Բարեկամ»ի ծրագրին մասնակից պատանիներ, որոնք եւս արժանացան Տիգրան Կիւլմէզկիլի ջերմ վերաբերմունքին։

Երկուշաբթի, Մայիս 29, 2023