ՀՈԳԵԳԱԼՍՏԵԱՆ ՏՕՆԸ ԵՐԷԿ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՇՈՒՔՈՎ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ Հոգեգալստեան տօնին առթիւ փայլուն տօնակատարութիւններ տեղի ունեցան՝ նախագահութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, Հոգեգալստեան օրը կը կատարուի նաեւ մեր այս եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը։ Հոգեգալուստը արդէն եկեղեցական օրացոյցին վրայ ամենակարեւոր տօներէն մին է, իսկ այս տարի Պէյօղլուի պարագային կար բացառութիւն մը։ Արդարեւ, Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը առաջին անգամ տեղի ունեցաւ՝ ատենապետ Աքսել Թոփալեանի գլխաւորած նորընտիր թաղային խորհուրդի պաշտօնավարութեան շրջանին։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մատոյց օրուան Ս. Պատարագը՝ առընթերակայութեամբ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեանի եւ Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեանի։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Յակոբ Սրկ. Պուլամաճեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յակոբ Մամիկոնեանի։
Նորին Ամենապատուութիւնը օրուան պատգամին մէջ անդրադարձաւ Հոգեգալստեան տօնի նշանակութեան։ Ան միեւնոյն ժամանակ ուրախութիւն յայտնեց՝ նոր թաղային խորհուրդի մը ընտրութիւնով Պէյօղլուի ընտանիքէն ներս ստեղծուած նոր կացութեան մասին։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մի առ մի թուարկեց այն կառոյցները, որոնք կը գործեն Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի հովանաւորութեան ներքեւ։ Ան շեշտեց, որ մօտաւոր անցեալի վերիվայրումներէն վերջ Պէյօղլուի պարագային վերահաստատուած է խաղաղ մթնոլորտ եւ խաղաղութիւնը ամէն յաջողութեան նախապայմանն է։
Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ տեղի ունեցաւ մատաղի օրհնութիւն։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ եկեղեցւոյ յարակից «Նարեկեան» սրահին մէջ թաղային խորհուրդը մտերմիկ սիրոյ սեղանի մը շուրջ համախմբեց՝ հոգեւոր հայրերը, համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչները, երգչախումբի անդամները եւ սահմանափակ թիւով հիւրեր։ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը օրհնեց սեղանը, որու շուրջ ստեղծուեցաւ անմիջական մթնոլորտ։ Այս հաւաքոյթը ընդհանրապէս ընդունուած բնոյթով սիրոյ սեղան մը եւ աշխարհիկ հանդիսութիւն մը չէր՝ քանի խնդրոյ առարկայ էին ընտրութեան օրուան բնորոշ սահմանափակումները։
Արձակման փուլին Նորին Ամենապատուութիւնը հերթական անգամ օրհնեց Պէյօղլուի ընտանիքը՝ թաղային խորհուրդին մաղթելով բեղուն գործունէութեան շրջան մը։ «Անշուշտ, մենք պէտք է տեսնենք մեծ պատկերը։ Մեր երկրին մէջ պէտք է տիրեն խաղաղութիւնը, կայունութիւնն ու բարգաւաճումը։ Մեր երկիրը լաւ պէտք է ըլլայ, որպէսզի մենք ալ կարողանանք լաւ ըլլալ», եզրափակեց ան։