ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԳՀԽ-Ի ՆՍՏԱՇՐՋԱՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին պիտի սկսի Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը, որուն պիտի մասնակցի նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Կը տեղեկանանք, որ ԳՀԽ-ի նստաշրջանի բացումը նախատեսուած է յունիսի 5-ին, ուստի, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս շաբաթավերջին պիտի ուղեւորուի դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։

ԳՀԽ-ի այս նստաշրջանը տեղի պիտի ունենայ ծաւալուն օրակարգով մը։ Առաջին հերթին ժողովները պիտի գումարուին բաւական բարդ իրադրութեան մը պայմաններուն ներքեւ։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը վերջերս Հայաստանի եւ Արցախի մատնուած առկայ կացութեան հետեւանքով հնչեցուցած էր հերթական ահազանգը, որու հետեւանքով Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն միջեւ դարձեալ ծագած է լարուածութիւն։

Բաց աստի, ԳՀԽ կ՚անդրադառնայ նաեւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան դիմագրաւած առկայ տագնապին եւ «Կովերու պարտէզ» ազգապատկան կալուածի պարագային կնքուած վարձակալութեան գործարքին հետեւանքով ստեղծուած ծանր կացութեան։

ԳՀԽ-ի նստաշրջանը կը նախորդէ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի՝ հիմնանորոգութենէ յետոյ վերաօծման ու պաշտամունքի վերաբացման համար նախատեսուած արարողութիւններուն եւ միւռոնօրհնութեան, որոնք կը ծրագրուին յառաջիկայ աշնան։

Ի լրումն այս բոլորին, ԳՀԽ կ՚արժեւորէ նաեւ Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի վախճանման 850-րդ տարելիցին առթիւ ծրագրուած միջեկեղեցական ձեռնարկներու օրացոյցը՝ մանաւանդ Վատիկանի հետ նախատեսուած համատեղ նախաձեռնութիւնը։ Ծանօթ է, որ այս տարելիցը ընդգրկուած է նաեւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ցուցակին վրայ։

Երեքշաբթի, Մայիս 30, 2023