ԱԿՆԱՐԿ - 18 - ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ
2020 թուականը մեզմէ շատերուն համար խոր թմբիրէ մը արթննալու առիթ եղաւ: Թմբիր մը, որ տարիներ շարունակ քօղարկած էր մեզմէ շատերուն աչքերը՝ հայրենասիրութեան, ազգասիրութեան, հայրենիքի, Արցախի, հայութեան, հայապահպանութեան, պահանջատիրութեան եւ այլ լոզունգներով: Լոզունգ կ՚ըսեմ, որովհետեւ յիշատակուած բոլոր արժէքները տեսական ու վերացական եզրերէ անդին չանցան, այսինքն՝ իրականութիւն չդարձան:
2020 թուականին տեղի ունեցածը նաեւ շատերուն աչքերը բացաւ, հասկնալու համար թէ 2018 թուականին գարնան կատարուածը ո՛չ թէ ժողովրդավարական յեղափոխութիւն մըն էր, այլ՝ ընդհակառակը, ստոր խաղարկութիւն մը, ըստ որում իշխանափոխութիւն մը տեղի ունեցաւ եւ ո՛չ աւելին: Այս լոյսին տակ երբ ուշադրութեամբ կը քննենք անցնող տարիներուն կատարուածն ու մինչ օրս շարունակուածը, ապա յստակ կը դառնայ, որ այսօրուան իշխանութիւնը՝ որ փողոցէն եկած ըլլալով մինչ օրս չէ՛ յաջողած ձերբազատիլ փողոցային վարքագիծէն, ու այդ վարքագիծով երկիր «կը կառավարէ»:
Կոյր մարդուն համար ալ պարզ ու յստակ է, որ այսօրուան իշխանութիւնները ամէն կերպով կ՚աշխատին մեր ազգին ու ժողովուրդին ունեցած արժեհամակարգը՝ հոգեւոր, մտաւոր, մշակութեային, հայրենական կազմաքանդեն, ու ո՛չ միայն կազմաքանդեն, այլեւ՝ ոչնչացնեն, վերացնեն: Ազգային արժէքները, ազգային արժեհամակարգը, հոգեւոր-բարոյական ընկալումները այս իշխանութիւններուն համար ոչինչ կ՚արժեն, ընդհակառակը, ամէն ինչ որ ազգայինէն, ազգայնականէն, հայրենիքէն, Արցախէն, հոգեւորէն ու բարոյականէն հեռու է, այս իշխանութեան համար ընդունելի է:
Այս իշխանութիւններուն վարքագիծին մէկ այլ երեսը այն է, որ ջանք չեն խնայեր պատմական իրողութիւնները, դէպքերը, մեր պատմութեան հսկաներուն դերակատարութիւնը անշքացնել, փոփուխութեան ենթարկել: Վկա՛ Արցախը Ատրպէյճանի մաս ըլլալու անոնց՝ իրենց անողնաշար պարագլուխին գլախաւորութեամբ կատարած յայտարարութիւնները: Վկա՛ ուսումնական ծրագիրի այլասերումը…: Վկա՛ պետական մարմիններու անգործունէութիւնը: Վկա՛ առողջապահական նախարարութեան՝ յանձինս հիւանդանոցներուն իրենց քաղաքացիներուն հաշւոյն հարստանալու անյագ մղձաւանջը:
Այս ծիրէն ներս, վերջերս Երեւանի մէջ լոյս տեսաւ գիրք մը, ուր Վասակ Սիւնիին դաւաճանի կերպարը փոխելու միտում կայ: Գիրքը չեմ կարդացած տակաւին, այդ պատճառով աւելին չեմ գրեր: Ճի՛շդ է, որ Վարդանանցի մասին միշտ յայտնուած են թեր ու դէմ կարծիքներ, հակասական պնդումներ, եւ այլն: Այս իշխանութիւններուն հայատեաց ու ազգակործան վարքագիծը առիթ տուած է ժխտական կարծիքներուն համարձակութեամբ լոյս աշխարհ գալուն, իսկ այս անգամ Վասակ Սիւնին որպէս «դիւանագէտ» ու «ազգասէր» ներկայացնելով… Բնականաբար, ասկէ մեկնելով կրնանք եզրակացնել, թէ ինչո՛ւ այսօրուան ԴԱՒԱՃԱՆՆԵՐԸ արձակ համարձակ կը շրջին ու անգամ հայրենասիրութենէ ու ազգասիրութենէ կը խօսին…
Չերկարելու համար այստեղ մեր ընթերցողներուն պիտի ներկայացնեմ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երջանկայիշատակ միաբաններէն՝ հոգելոյս Զարեհ Արք. Ազնաւորեանի Վարդանանց շարժումին նուիրուած իր մէկ գրութենէն հատուած մը, ուր լուսահոգի սրբազանը կը ներկայացնէ այդ օրերուն քաղաքական վիճակը եւ մեր նախնիներուն վճռակամութիւնը:
• Գիտենք, որ Վարդանանց ժամանակներուն կար քաղաքականութիւն մը Պարսից արքունիքին կողմէ, որ ամէն ձեւով մեր ժողովուրդին բնաջնջումը կամ ձուլումը կը կամենար ու կը պատրաստէր: Եւ Պարսից արքունիքին այդ քաղաքականութիւնը բազմաթիւ կերպով ինքզինքը արտայայտեց՝ ե՛ւ քաղաքական ճակատի վրայ, ե՛ւ զինուորական ե՛ւ տնտեսական ե՛ւ կրօնական:
1- Քաղաքական գետնի վրայ Պարսից արքունիքը փորձեց վերցնել ափ մը Հայ ժողովուրդին պատկանող այն պետականութիւնը, որ կարծէք իր շահերուն կ՚ընդդիմանար տեւականօրէն, հակառակ իրեն ենթարկուած եւ հպատակ ըլլալուն: Բայց անոր գոյութիւնն իսկ, անոր կիսանկախութիւնն իսկ անցանկալի խոչընդոտ մըն էր իրեն համար, որ կ՚արգելակէր իր առաւել ազատ տարածումը, իր կայսերապաշտական մեծ ծրագիրները, եւ ատոր համար ալ՝ ամէն գնով պէտք էր զայն ձուլել իր մէջ: Եւ կարծեց թէ ատիկա կրնար յաջողիլ՝ եթէ երբեք վերցնէր մեր պետականութիւնը: Կորսուեցաւ մեր պետութիւնը, կորսնցուցինք մեր թագաւորութիւնը եւ ղեկավարուեցանք պարսիկ մարզպաններով, որոնք փորձեցին մեր երկրին մէջ ամէն տեսակի խաղեր սարքել, մեր ժողովուրդը իրենց կամեցած ճակատագրին ենթարկելու համար: Բայց ի զուր:
2- Զինուորական ուժ էր Հայաստանը, հակառակ իր փոքրութեան. եւ Պարսից արքունիքը փորձեց այդ զինուորական ուժը արմատախիլ ընել՝ նախ անոր հիմնական տարրը՝ այրուձին կանչելով եւ բանտարկուած պահելով Պարսկաստանի խորերը, ինչպէս շրջակայ ժողովուրդներուն հետ վարուեցան նոյնպէս: Յետոյ, կամաց-կամաց փորձեց մեր հայրենիքին ուժը եւ ամրութիւնը կազմող նախարարները մէկ առ մէկ տապալել բազմաթիւ կերպերով.- երեսանց սիրաշահելով զանոնք եւ ապա փորձելով իրարու դէմ հանել, տկարացնելու համար Հայաստան աշխարհը այն ներքին պառակտումով, որ, ինչպէս լաւ գիտենք, միշտ ալ արտաքին թշնամիէն աւելի շատ եւ աւելի մեծ աւեր կը գործէ որեւէ երկրի մէջ: Եւ յաջողեցան մասամբ, բայց ո՛չ ամբողջապէս:
3- Յետոյ դիմեցին տնտեսական ճնշումներուն: Հայաստան աշխարհը ենթարկեցին այնպիսի ծանր հարկերու, տեսակ-տեսակ տուրքերու, որոնց լուծին տակ այս ժողովուրդը պիտի կքէր հարկաւ, պիտի չկարենար դիմանալ, եւ պարզապէս ազատելու համար այդ անբերելի ծանրութենէն՝ պիտի ենթարկուէր իրենց կամքին: Բայց Հայ ժողովուրդը ցոյց տուաւ, որ որեւէ լուծ եւ որեւէ ճնշում չի՛ կրնար երբեք իր հոգին ենթարկել: Մարմինները կարելի է ենթարկել, եւ սակայն ոչ՝ մարդուն միտքը, մարդուն հոգին, որոնք կը մնան անկաշկանդ եւ անկապտելի, եթէ երբեք այդ միտքն ու հոգին իրենք զիրենք սնուցած են այն բարձրագոյն եւ գերագոյն ճշմարտութիւններով, որոնք մարդուս գիտակցութեան թեւ ու թռիչք կու տան եւ այդ թռիչքը կը դարձնեն անկապտելի:
4- Ի վերջոյ, դիմեցին կրօնական ճնշումներու: Բարոյական եւ կրօնական ամէն տեսակի հալածանքներ յարուցին, եւ, ինչպէս գիտէք, նոյնիսկ արքունական հրաման եկաւ՝ պաշտօնապէս հրաժարելու քրիստոնէական հաւատքէն եւ ընդունելու մոգական կրօնը, որ Պարսից արքունիքին համար փոքրիկ ժողովուրդները ձուլելու լաւագոյն մէկ կերպն էր:
Եւ այնտեղ՝ յորդեցա՛ւ բաժակը: Այն ժողովուրդը, որ մեծագոյն համբերութեամբ տարեր էր բոլոր տեսակի մարմնաւոր հալածանքները, չտարաւ եւ չհանդուրժե՛ց իր խղճի ազատութիւնը կապտող, իր հաւատքին դպչող, իր գոյութեան միջնաբերդի՛ն սպառնացող այդ վտանգին: Ընդվզեցաւ, եւ ինքզինք նետեց պատերազմի դաշտ, հաւատալով՝ ո՛չ թէ քաղաքական կամ զինուորական յաղթանակի մը, որ պիտի տարուէր պատերազմի դաշտին վրայ, այլ՝ պարզապէս ցոյց տալու համար բռնաւոր թշնամիին, թէ կարելի չէ՛ հոգին ընկճել եւ ենթարկել, եւ ուստի հոգիին սպառնացող այդ վտանգին՝ իրենց հոգիի եւ մարմինի զէնքերով դիմադրեցին զօրեղապէս:
Որովհետեւ՝
Ո՛չ միայն հայրենիքն էր խնդրոյ առարկան, այն հայրենիքը՝ որուն իրենց արիւնը տուեր էին իրենց եւ մեր հայրերը եւ որմէ կարելի չէր հրաժարիլ:
Ո՛չ միայն ազատութիւնն էր խնդրոյ առարկան, որ միայն մասնակիօրէն գոյ կամ ներկայ էր իրենց կեանքերուն մէջ:
Այլ նաեւ՝ մարդկային պատիւը կամ արժանապատուութիւնը, ո՛չ միայն ընտանեկան պատիւը, այլ այն մարդկային հիմնական արժէքները, առանց որոնց հաւատալիքին՝ ժողովուրդ մը չի՛ կրնար երբեք ուրիշ ժողովուրդներու կարգին կենալ եւ իր գոյութեան իրաւունքին մասին խօսիլ:
Եւ ի վերջոյ՝ հաւատքը, որ այդ բոլորը պայմանաւորող, որ այդ բոլորը լուսաւորող, որ այդ բոլորը դաստիարակող եւ յառաջ բերող մղիչ ուժն է՝ այդ բոլորին ետին կեցող:
Այդ բոլո՛րն էին խնդրոյ առարկան, եւ այդ բոլորին պաշտպանութիւնը զօրեղապէս կատարեցին Վարդանանք՝ իրենց մարմինները ձգելով պատերազմի դաշտին վրայ, բայց իրենց հոգիները յանձնելով ազատութեան, տալով միայն Արարիչին, որ այդ կեանքերուն եւ հոգիներուն տուիչն էր եղած իրենց:
Այդպէ՛ս շարժեցան, այդպէ՛ս ապրեցան Վարդանանք եւ ա՛յդ կտակեցին նաեւ մեզի: Եւ այսօր, երբ Աւետարանական այդ ճշմարտութեանց լոյսին տակ նկատի կ՚առնենք Վարդանանց սերունդի այդ օրինակը, այսօրուան մեր կեանքի հորիզոնին վրայ կը փորձենք զայն տեսնել, գիտենք եւ կը տեսնենք, սիրելինե՛ր, թէ ի՛նչպէս այսօր եւս նոյն եւ բոլոր տեսակի ճնշումները մեր ժողովուրդին ու մեր հայրենիքին վրայ կը ծանրանան:
Դարձեալ կան մեր շուրջը այն թշնամիները, բազմաթիւ, մէկէ աւելի, տեսանելի եւ անտեսանելի, որոնք ո՛չ միայն քաղաքականօրէն, ո՛չ միայն զինուորականօրէն, ո՛չ միայն տնտեսականօրէն, այլ նաեւ հաւատքի՛ գետնին վրայ կը փորձեն սպառնալ մեր երկրին: Քաղաքական գետնի վրայ գիտենք, թէ ի՜նչպիսի ճնշումներու ենթակայ է այսօր մեր հարազատ երկիրը՝ Հայաստան, եւ այն փոքրիկ աշխարհը՝ Արցախ, որ փոքրիկ Հայաստանն է կրկին, անոր զուգակից: Քաղաքական եւ զինուորական ճնշումներ, որոնց դիմաց մեր ժողովուրդը երկընտրանքը ունի՝ պահելու իր գոյութիւնը կամ ոչ, ենթարկուելու կամ ոչ՝ դուրսէն եկող այդ ճնշումներուն եւ այդ ճնշումներուն տուն տուող նպատակին, իսկակա՛ն նպատակին:
Տեղի տա՞լ թէ ոչ:
Հիմնական այն հարցումն է, որուն պատասխան պիտի տայ մեր ժողովուրդը տեւականօրէն: Եւ այսօրուան կեանքին մէջ քաղաքական եւ զինուորական այդ ճնշումները մասնաւոր կերպով կ՚արտայայտուին այն երրորդ ձեւով, որ ա՜յնքան զգալի եւ երեւելի ձեւով կը պատկերանայ բոլորիս.- տնտեսական ճնշումը՝ կատարեալ շրջափակումով, որ միայն մեր երկրի փակ սահմաններ ունենալուն հետեւանքը չէ՛, այլ՝ արդիւնքն է յստակ քաղաքականութեան մը՝ մեր ժողովուրդը ծունկի բերելու եւ օտար աշխարհակալութեանց եւ տիրապետութեանց կամքին ենթարկելու:
Եւ այդ նետուած ձեռնոցին կամ ասպարէզին դիմաց մեր ժողովուրդը այսօ՛ր եւս իր պատասխանն է որ կու տայ, եւ պիտի տա՛յ նաեւ վաղը:
Այսօ՛ր եւս մեր ժողովուրդը Վարդանանց սերունդին պէս կը պատասխանէ այդ բոլորին՝ իր հոգիի ամբողջ զօրութեամբ մաքառելով, պայքարելով բոլոր տեսակի այդ ճնշումներուն դէմ, որոնք կը սպառնան մեր բուռ մը հայրենիքին: Եւ պահելու համար մեր հայրերու արիւնով օծուած եւ նուիրագործուած այդ սուրբ հողը, մեր երկիրը, այսօրուան մեր սերունդը նոյնպէս կանգ պէտք չէ առնէ որեւէ բանի առջեւ, որ մեզմէ կը պահանջէ ամէն տեսակի զոհողութիւն, զոհողութիւններ՝ որոնք ոսկիէն, արծաթէն անդին կ՚անցնին եւ որոնք յաճախ, եւ ամենէն աւելի, մեր կեանքերո՛ւն պէտք կ՚ունենան, մեր կեանքե՛րը կը պահանջեն մեզմէ: Եւ եթէ երբեք այսօրուան մեր սերունդը եւ մեր ժողովուրդը չգիտակցի, ինչպէս Վարդանանք գիտակցեցան, թէ ով որ կը փորձէ իր կեանքը պահել, ով որ կը փորձէ իր կեանքը «գտնել»՝ անմիջական ներկային, այս պահո՛ւն համար միայն, անիկա կը կորսնցնէ զայն յաւերժօրէն, յաւիտենականօրէն: Իսկ այն ժողովուրդը որ կ՚ուզէ յաւերժօրէն ապրիլ, որ կ՚ուզէ իր գոյութիւնը տեւականացնել, պէտք է այդ տեւականացումին համար յանձն առնէ ժամանակաւոր մահը, ներկային մէջ՝ այժմին մէջ այն մահը, որ կրնայ մեր մարմինները առնել մեզմէ, բայց ո՛չ երբեք՝ մեր հոգին, որ սահմանուած է յաւիտենականութեան, սահմանուած է յաւերժութեան:
Վարդանանք, հաւատքով դաստիարակուած, զօրաւոր հաւատքի այդ մարդի՛կը եղան, որոնք գիտակցեցան՝ թէ հաւատքը երկնատուր եւ երկնահաստատ այն ամրութիւնն է, որ երկրաւոր կեանքին եւ երկրաւոր հայրենիքին համար մա՛րդ կը պատրաստէ, զօրեղ, ամուր զինուորներ կը պատրաստէ: Եւ Վարդանանք այդ արի, քաջարի զինուորութիւնն էր որ կատարեցին, առա՛նց երբեք յանձնուելու թշնամիին: Եւ ազատութեան սրբազան կտակը սերունդէ սերունդ փոխանցելով աւանդեցին մեզի, որ այսօր պիտի փորձենք նոյն այդ ազատութեան մարտիկները ըլլալ՝ մեր հայրենիքին սիրոյն. նոյն այդ մարդկային պատիւին եւ արժանապատուութեան համար պայքարող մարտիկները ըլլալ, բա՛րձր պահելու համար մեր ժողովուրդին գլուխները ո՛չ միայն այսօր, այսօրուան գայլացեալ մարդոց դիմաց, այլ նաեւ՝ բոլո՛ր ժամանակներուն, քրիստոսակա՛ն նկարագիրով, անմեղութեամբ, բայց նաեւ՝ իմաստութեամբ եւ զգուշաւորութեամբ եւ զօրութեամբ, այդ ձեւով մնայուն պայքարի դրօշի վերածելու համար Վարդանանց սերունդին պատգամը, եւ անո՛վ ապահովելու համար մեր յաղթանակը ե՛ւ այժմ, ե՛ւ յաւիտեանս յաւիտենից:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
26 մայիս 2023, Վաղարշապատ