ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի եկեղեցւոյ մէջ մէկտեղուեցաւ համայնքային վարժարաններու 8-րդ դասարաններու աշակերտներուն հետ, որոնք եւս այս կիրակի պիտի մասնակցին լիսէներու մտից քննութեան (LGS)։ Աշակերտներու խումբերը կը գլխաւորէին վարժարաններու տնօրէններն ու ուսուցիչները։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան, Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան եւ քահանայ հայրեր։ Նախ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ճաշու ժամերգութիւն։
Նորին Ամենապատուութիւնը ողջունեց ներկայ աշակերտները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց մասնակցութեան համար։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը աշակերտներուն յիշեցուց, թէ յաջողութիւն ձեռք ձգելու նախապայմանն է աշխատանքը եւ անոնց թելադրեց, որ ըլլան ընթերցասէր։ Ան նաեւ յայտնեց, թէ քննութեանց յաջողութիւնը կարեւոր է, սակայն ո՛չ կենսական։ Իւրաքանչիւր աշակերտ իր կարելին պէտք է ընէ, աշխատի, մնացեալը պէտք է թողու Աստուծոյ։
Աշակերտներուն խումբին բաժնուեցան աղօթքի փոքրիկ քարտեր, որոնց վրայ կային Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի ժողովրդականացած երկու աղօթքները. «Հաւատով խոստովանիմ» մեծ աղօթքէն՝ «Իմաստութիւն Հօր Յիսուս» եւ «Պահապան ամենայնի»։
Հուսկ, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։