ՀՈՎԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ ԱՆԹԱԼԻԱ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի տնօրինութեամբ, Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան շաբաթավերջին մեկնեցաւ Անթալիա՝ կիրակնօրեայ պաշտամունքի եւ տեղւոյն հայ համայնքի անդամներուն հետ համախմբուելու նպատակով։ Հայր սուրբին ընկերացան Արտէն Միւճերրեթօղլու եւ Յովհաննէս Մուրատեան։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախաձեռնութեամբ ապահովուած էր Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքի հրամանը ու Փիսիտիայի Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդ Յոբ Մետրապոլիտի արտօնութիւնը: Ուստի կիրակի առաւօտ, Անթալիոյ Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հայածէս Ս. Պատարագ։ Նախքան Տէրունական աղօթքը, հայր սուրբը փոխանցեց օրուան պատգամը եւ կատարեց երկու հայ մանուկներու մկրտութեան խորհուրդը: Հայր սուրբը այս առթիւ շեշտեց Անթալիոյ հայ համայնքի վերածնունդի կարեւորութիւնը: Ան յիշեցուց, թէ Յովհաննէսի Աւետարանէն Նիկոդէմոսի ու Յիսուսի միջեւ անցած խօսքը մեզ կը քաջալերէ մեր կեանքի շարունակութեան նպատակով։

Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան առիթն ունեցաւ համախմբուելու եւ զրուցելու տեղւոյն հաւատացեալներուն հետ։ Իսկ ներկաներ շնորհակալութիւն յայտնեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր, հայր սուրբին այցին կապակցութեամբ:

Երեքշաբթի, Յունիս 6, 2023