Հինգշաբթի 28, Նոյեմբեր 2024
ՀԻՆԴԼԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔ
Երբեմնի Հինդլեան վարժարանի սաները շաբաթավերջին համախմբուեցան Գարակէօզեան Տան համալիրէն ներս։ Խանդավառ հաւաք մըն էր այս մէկը, որ կազմակերպուած էր Հերա Միմարօղլուի եւ Եասմին Ռոստոմեանի ջանքերով։ Հաւաքոյթի մասնակիցներու շարքին էր մեր երախտաշատ բարերարներէն Արէտ Երկանեան, որ եղած էր երբեմնի այս դպրոցի շրջանաւարտներէն։
Բարենպատակ ձեռնարկի մը ձեւաչափով կազմակերպուած շրջանաւարտից հաւաքին հասոյթը պիտի տրամադրուի Գալֆաեան Տան եւ Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանին։ Շրջանաւարտներուն կողմէ կատարուած հանգանակութիւնները պիտի օգտագործուին նաեւ մեծանուն կրթական մշակ Յովհաննէս Հինդլեանի շիրմի խնամքին համար։
Երեքշաբթի, Յունիս 6, 2023
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024