ԹԵՔՊԸՉԱՔ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք երէկ երեկոյեան մեկնեցաւ Երեւան։ Ան, միեւնոյն ժամանակ, Համահայկական խաղերու Իսթանպուլի կարգադիր յանձնախումբի ատենապետն է։

Ալէն Թեքպըչաք Հայաստանի մէջ մասնակցութիւն կը բերէ Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի ժողովներուն։ Այսպէս, եռօրեայ աշխատանք մը նախատեսուած է՝ Համահայկական խաղերու սկիզբին ընդառաջ։ Յառաջիկայ օգոստոսի 5-ին պիտի սկսին հերթական Համահայկական խաղերը, որոնցմէ առաջ արդէն վերջին ժողովը կը գումարէ համաշխարհային կոմիտէն՝ գլխաւորութեամբ Իշխան Զաքարեանի, որ մօտաւոր անցեալին այցելած էր նաեւ Իսթանպուլ։

Երեքշաբթի, Յունիս 6, 2023