ՌՈՒՀԱՆԻ ԱՅՍ ՏԱՐԻ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Ե­րե­ւա­նի մօտ Ի­րա­նի դես­պան Մու­համ­մէտ Րէիս «Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թեան թղթակ­ցին տուած հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ յայ­տա­րա­րեց, որ կը նա­խա­պատ­րաս­տուի Նա­խա­գահ Հա­սան Ռու­հա­նիի այ­ցե­լու­թիւ­նը Հա­յաս­տան։

Սոյն հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ դես­պա­նը մեկ­նա­բա­նած է Ի­րա­նի մի­ջու­կա­յին ծրագ­րին շուրջ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան հետ Վիեն­նա­յի մէջ գո­յա­ցած պատ­մա­կան հա­մա­ձայ­նու­թեամբ պայ­մա­նա­ւո­րուած մթնո­լոր­տին մէջ՝ Ե­րե­ւան-Թեհ­րան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հե­ռան­կար­նե­րը։ Այս շրջագ­ծով ան խօ­սած է այն մեծ նա­խագ­ծե­րուն շուրջ, ո­րոնց ձեռ­նա­մուխ ե­ղած են եր­կու եր­կիր­նե­րը։ Անդ­րա­դառ­նա­լով Հա­յաս­տա­նի եւ Ի­րա­նի մի­ջեւ կա­ռու­ցու­մը նա­խա­տե­սուած եր­կա­թու­ղիին՝ դես­պան Մու­համ­մէտ Րէիս ը­սած է հե­տե­ւեա­լը. «Նա­խա­գի­ծը տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին կա­րե­ւո­րու­թիւն ու­նի եւ ա­նոր կեան­քի կո­չուե­լու պա­րա­գա­յին Հա­յաս­տան պի­տի վե­րա­ծուի տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին տա­րան­ցիկ մի­ջանց­քի մը։ Այլ խօս­քով՝ Հա­յաս­տան պի­տի դառ­նայ կա­պող օ­ղակ մը Սեւ ծո­վու եւ Պար­սից ծո­ցի մի­ջեւ։ Ա­րե­ւե­լեան Ա­սիա­յէն եւ Ի­րա­նի հա­րա­ւա­յին հա­րե­ւան­նե­րէն Հա­յաս­տա­նի մի­ջո­ցաւ փո­խադ­րում­ներ պի­տի կա­տա­րուին դէ­պի հիւ­սի­սա­յին եր­կիր­ներ։ Սա պի­տի դառ­նայ հիւ­սիս-հա­րաւ մի­ջանց­քը։ Հնդկաս­տա­նէն, Փա­քիս­տա­նէն ապ­րանք­նե­րը պի­տի տա­րան­ցուին Հա­յաս­տա­նի մի­ջո­ցաւ, նե­րա­ռեալ դէ­պի Եւ­րո­պա։ Այս նա­խա­գի­ծը խո­շոր ներդ­րում­նե­րու կը կա­րօ­տի։ Ե­թէ գտնուի ըն­կե­րու­թիւն մը, որ փա­փա­քի ի­րա­կա­նաց­նել այս նա­խա­գի­ծը՝ շատ լաւ պի­տի ըլ­լայ։ Նա­խագ­ծի՝ Մեղ­րիէն մին­չեւ Սե­ւան հա­տուա­ծին հա­մար կը պա­հան­ջուի 3 մի­լիառ 2 հա­րիւր մի­լիոն տո­լար։ Մենք բազ­միցս յայ­տա­րա­րած ենք, որ ե­թէ գտնուի ներդ­րող մը, որ նա­խագ­ծի հայ­կա­կան հա­տուա­ծին հա­մար գու­մար պի­տի յատ­կաց­նէ, մենք պատ­րաստ ենք մեր հա­տուա­ծին մէջ՝ այդ 60 քի­լօ­մեթ­րը կա­ռու­ցել։ Ես ալ հա­մա­ձայն եմ Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի հետ, թէ այս նա­խա­գի­ծը շատ կա­րե­ւոր է»։

­Մու­համ­մէտ Րէիս ընդգ­ծած է նաեւ, թէ ի­րենք հե­տա­մուտ են Ի­րա­նի Նա­խա­գահ Հա­սան Ռու­հա­նիի Հա­յաս­տան այ­ցե­լու­թեան այս տա­րի ի­րա­կա­նաց­ման։ Ան թէեւ յստակ ժամ­կէտ մը չէ նշած, սա­կայն ընդգ­ծած է, թէ աշ­խա­տանք­ներ կը կա­տա­րուին այս ուղ­ղու­թեամբ։ «Մօ­տա­ւոր ա­պա­գա­յին կը սպա­սուի Ի­րա­նի ա­ռա­ջին փոխ-նա­խա­գա­հի Հա­յաս­տան այ­ցե­լու­թեան եւ ա­ւե­լի վերջ հե­տա­մուտ պի­տի ըլ­լանք Պա­րոն Ռու­հա­նիի այ­ցե­լու­թեան», ը­սաւ ան։

Երեքշաբթի, Յուլիս 21, 2015