ՎՍԵՄԱԳՈՅՆ ԿԵՐՊԱՐՆԵՐ

Կեդրոնական վարժարանին կողմէ կազմակերպուած «Հայ կինը» ձեռնարկին առթիւ հրատարակուած է նաեւ գրքոյկ մը։ «Հայ կինը մշակութային եւ հասարակական կեանքի մէջ» խորագրեալ այս նախաձեռնութեան կարգախօսն է «100 կին, 100 կեանք»։ Յամենայնդէպս, մշակութային ձեռնարկի մը առթիւ կամ անոր առընթեր պատրաստուած գրքոյկէ մը շատ աւելին է այս մէկը։ Թէեւ ան ձեռնարկի յայտագրի բովանդակութիւնը ներկայացնելու համար պատրաստուած է, սակայն, իսկական գիրք մըն է, առանց չափազանցութեան, եթէ ոչ հատոր մը։ Կեդրոնական վարժարանի ձեռնարկի, նաեւ այս գիրքի հիմնական առանձնայատկութիւններէն մին այն է, որ պատրաստուած է համապարփակ մօտեցումով, առանց սահմանափակուելու միայն թրքահայ իրականութեան հետ։ Արդարեւ, Հայաստանի եւ սփիւռքի իգական սեռէ հիմնական կերպարներն ալ ընդգրկուած են «100 կին, 100 կեանք»ի շարքին։ Այս մօտեցումը գործի կատարեալութեան տեսակէտէ մեծ նշանակութիւն ունի, որովհետեւ աշխարհի զանազան անկիւններու հայկական հաւաքականութիւնները իրենց մէջ պարփակուած, կղզիացուած ընկալելու պարագային անկարելի է ամբողջական պատկերի մը հասնիլ թէ՛ տուեալ նիւթին եւ թէ ժամանակահատուածին տեսակէտէ։

Ինչպէս գիրքի յառաջաբանին մէջ նշուած է Ազգային Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեանին կողմէ, դպրոցական հանդիսութենէ մը անդին, համայնքի ընդհանուրին ուղղեալ Կեդրոնականի աւանդականացած մշակութային ձեռնարկներու այս տարուան նիւթը եղած է հայ կինը։ Ըստ տնօրէնուհիին, անուրանալի իրողութիւն մըն է, թէ այսօր եւս համայն աշխարհի վրայ կինը կը պարտաւորուի պայքար մղելու՝ հաւասար իրաւունք ունենալու համար այր մարդու հետ աշխատանքային, հասարակական կեանքէ ներս։ Հապա հա՞յ կինը… Արդեօք այսօր ի՞նչ է անոր դիրքը զանազան մարզերէ ներս, բացի ընտանեկան կեանքէ, մայր ըլլալէ… Որպէսզի լաւ ըմբռնենք ներկան եւ աւելի պայծառ ապագայի մը սեւեռենք մեր հայեացքը՝ հարկ է ակնարկ մը նետել նաեւ մեր անցեալին։

«Սկսեալ մայր դիցուհի Անահիտէն եւ այլ թագուհիներէն, ուսումնասիրեցինք մշակութային եւ հասարակական կեանքէ ներս հանգուցեալ համբաւաւոր կիները եւ ներկայացուցինք անոնցմէ 100-ը միայն՝ ամփոփ կենսագրականներով, որքան որ կարողացանք տեղեկութիւն քաղել իրենց մասին… Մեծամասնութիւնը ընտրեցինք Թուրքիոյ տարածքէն, նախապատիւ համարելով մօտաւոր անցեալի, 19-րդ եւ 20-րդ դարերու դէմքերը… Հոգեւոր, կրթական, ակադեմական, գիտական, գրական, գեղարուեստական, քաղաքական, հասարակական մարզերէ ներս համբաւաւոր կիներու փոքր մէկ հատուածը միայն… Քանի խորացանք մեր աշխատանքին մէջ, ա՛լ աւելի անդրադարձանք, թէ որքա՜ն անծանօթ էինք մանաւանդ մեր կանանց պատմութեան։

«Երբեք յաւակնութիւնը չունինք անթերի գործ մը կատարած ըլլալու… Այս աշխատանքը թող ընդունուի ակնարկ մը, բացուած էջ մը միայն մեզի անծանօթ քանի քանի հայ կիներու, որոնք դեռ եւս կը կարօտին ընդարձակ ուսումնասիրութիւններու», նշուած է Սիլվա Գույումճեանի յառաջաբանին մէջ եւ շեշտուած է անցեալի օրինակներով ներկայ աշակերտը խրախուսելու նշանակութիւնը։

Գրքոյկը՝ այս ծրագրին մէջ ընդգրկուած 100 կիները շատ կատարեալ համայնապատկերի մը վրայ կը ներկայացնէ։ Արդարեւ, միայն ժամանակագրութիւնը լաւ չէ մատուցուած, այլեւ զանազան ժամանակներուն միջեւ յաջող զուգահեռականները աւելի խորք տուած են ընտրուած կերպարներուն։ «Հայ կինը» պատմութեան մէջ ուղեւորութեան մը առընթեր, աշխարհագրական լայն պատուհան մըն ալ կը բանայ ընթերցողին առջեւ։ Մէկ կողմէ հայ իրականութենէն ներս իգական սեռին կրթութիւն ջամբելու ուղղեալ աշխատանքը կը բիւրեղանայ, իսկ միւս կողմէ այդ բոլորը պատմական հայաբնակ գաւառներու կտրուածքով կէտ առ կէտ կը ներկայացուի։ Ի լրումն այս բոլորին, ըստ բնագաւառներու դասաւորումներ ալ կատարուած են, ինչ որ հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ ընթերցողին, հետաքրքիրներուն՝ խորաթափանց ընկալել «Հայ կինը»։

Ակնյայտօրէն, Կեդրոնական վարժարանէն ներս վիթխարի աշխատանք մը կազմակերպուած է՝ այս ծրագիրը գլուխ հանելու եւ այս գիրքը հրատարակութեան պատրաստելու համար։ Սիլվա Գույումճեան, որ տարիներէ ի վեր արդէն ապացուցանած է իր կարողութիւնները, այս փուլին ալ, ըստ երեւոյթին, ամէն ինչ համակարգած է բծախնդրութեամբ, իսկ արդիւնքը եղած է իսկապէս ողջունելի ու ծափահարելի։ Որքան որ ալ անհատ-կերպարներու միջոցաւ մատուցուած է նիւթը, ապա «Հայ կինը» կարելի է դիտարկել նաեւ ուրոյն պատուհանէ մը՝ տուեալ նիւթի վերաբերեալ հաւաքական մտայնութիւն մը նկատելու եւ անոր մասին մտածելու համար։ Այդ պատուհանը վարպետօրէն բացուած է, որովհետեւ անցեալի վերաբերեալ հետաքրքրութեան գրգռման համահունչ՝ ապագայի վերաբերեալ մտահոգութիւններն ալ արծարծուած կը պահէ, հաւաքական պատասխանատուութեան գիտակցութիւնով հանդերձ։ Բնագաւառները եւ կերպարները անկրկնելի բանալիներ կը մատուցեն հայ իրականութեան երբեմնի խայտաբղէտ պատկերը աչքի առջեւ բերելու տեսակէտէ։ Յամենայնդէպս, այդ պատկերը չէ նախատեսուած՝ որպէս միայն անցեալ, այլեւ «100 կին, 100 կեանք»ը կը վերածուի ապագայատեսիլ տողանցքի մը՝ յաջորդական էջերու մէջ ընթերցողին աչքին զարկած պատկառելի հերոսներով։

«Հայ կինը» ընդգրկած է միայն այն վառ անհատականութիւնները, որոնք այսօր անդենական ուղեւորուած են։ Յամենայնդէպս, նախագիծը ինքնաբերաբար յարգանքի եւ երախտագիտութեան հրամայականը օրակարգի վրայ կը բերէ՝ իգական սեռէ մերօրեայ գործիչներուն նկատմամբ։ Կեդրոնական վարժարանը մի առ մի պատուանդանի վրայ բարձրացուցած է վսեմ կանայք, որոնք իրենց ժամանակաշրջանի գործունէութեան արժեւորումով այսօր ներշնչանքի աղբիւր կրնան ծառայել իրենց հարազատ ժողովուրդին համար, որ աշխարհի չորս ծագերուն իր ինքնութեան պահպանութեան եւ ազգային պետականութեան յարատեւութեան համար պայքար կը մղէ՝ աննկարագրելիօրէն ծանր իրավիճակին մէջ։

«Հայ կինը» գնահատելի է նաեւ՝ այս նախաձեռնութեան կամ հեղինակներու համարձակութեամբ։ Արդարեւ, իսկապէս դժուար է անծայրածիր նման նիւթ մը սահմանել եւ կազմել այդ 100 կանանց ընտրանին։ Այդ սահմանումը, յամենայնդէպս, միշտ կրնայ ենթակայական բնոյթ ունենալ, բայց, այդպիսի քայլ մը առնելը ինքնին կ՚ենթադրէ պատասխանատուութիւն եւ համարձակութիւն։ Կեդրոնականցիները, ուրեմն, ուսումնասիրութիւնները այնքան լրջութեամբ կատարած եւ տուեալ-ները այնքան մանրակրկիտ զննած են, որ ի վերջոյ իրենց վրայ քաջութիւն զգացած են այդպիսի սահմանում մը կատարելու համար։ Ի դէպ, արդիւնքը իսկապէս գնահատելի է եւ իսկապէս օրինակելի՝ ապագայ նման աշխատանքներու տեսակէտէ։ Միթէ չկա՞ն առաջին հայեացքով աչքի ինկած «մեծ բացականեր»։ Այո՛, անշուշտ, կան ու կրնան ըլլալ։ Այս 100 հերոսներուն առընթեր կան այլ բազում անմոռանալի կերպարներ եւս. օրինակ՝ Նէվրիկ Սեպուհեան, Քնար Սվաճեան, Հայկուհի Աճէմօղլու եւ այլք, սակայն, ինչպէս ըսինք, այդ մեծ բացակաները ստուեր չեն ածեր այս գիրքի արժէքին վրայ, այլ, ընդհակառակն, դուռ կը բանան նաեւ անոնց վերյիշման։

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքին տեսակէտէ թէ՛ զգացական եւ թէ վաւերագրական իմաստով մեծ նշանակութիւն ունի, որ այս գիրքի 100 կերպարներու շարքին տեղ գտած է նաեւ թերթիս անմոռանալի խմբագրապետուհի Լիլի Գօչ, որ երկար տասնամեակներ հայ գիրին ծառայած է, նաեւ թրքահայ իրականութեան իր նպաստն ու ներդրումը բերած՝ որպէս հասարակական գործիչ։

Հուսկ, այս ծրագրի իրականացման ճանապարհին պատասխանատուութիւն ստանձնած բոլոր կրթական մշակներն ու անոնց առընթեր աշխատողները գնահատելու զուգահեռ՝ անկարելի է անտեսել անուն մը, որու մարմնաւորած մտաւորականի կերպարը եւ պաշարը վստահաբար բանալի դեր մը խաղացած ըլլան այս գործի յաջողութեան մէջ։ Այդ մէկն է Արտաշէս Մարկոսեան, որ այս նախագիծի խորհրդատուն հանդիսացած է։

«Հայ կինը» ունի նաեւ իսկապէս ճաշակաւոր պատրաստուած կողք մը։ Ընդհանրապէս, հրապոյրը պայմանաւորուած կ՚ըլլայ առջեւի երեսով։ Յամենայնդէպս, այս պարագային կողքի ետեւի երեսակի ծառն ալ կարեւոր խորհուրդ մը կը պարփակէ նախագիծի ընդհանուր պատգամին տեսակէտէ։ Գիրքի թղթատման աւարտին, կողքի ետեւի երեսակի ծառը տեսնելով ակամայ կը մտածես, թէ իգական սեռէ հայ գործիչներու անդաստանին ծառը պէտք է ըլլայ մշտադալար, պէտք է ունենայ նոր ճիւղեր եւ սա զուտ սեռային խնդիր մը չէ, այլ խօսքը կը վերաբերի հայ ժողովուրդի գոյատեւման, յարատեւման գաղտնիքներէն մէկուն՝ ուրոյն դիմագիծով եւ սեփական արժեհամակարգով։ Կեդրոնականի այս ծրագիրը մեծ արժէք կը ներկայացնէ, որովհետեւ միջակութիւն մը չէ, ուստի, առանց անցեալը իմաստազրկելու կամ այլանդակելու, նոյնիսկ աղաւաղելու, ապագայի ուղղեալ բանալիներ փնտռելու հետամուտ է։ Քանի այսօրուան պայմաններով միւս օրինակները ողողած են թրքահայ իրականութիւնը, այս նախաձեռնութիւնը ինքնաբերաբար կը փայլի: 

Չորեքշաբթի, Յունիս 7, 2023