ԱՄԷՆ ԲԱՆ ՅՍՏԱԿ Է
Մարդկութիւնը կը հաւատայ զօրեղ ուժի մը գոյութեան: Նոյնիսկ անհաւատներ բանի մը կը հաւատան: Քրիստոնեաները կը հաւատան Քրիստոսին: Հայ մարդը կը հաւատայ Աստուծոյ գոյութեան, Սուրբ Երրորդութեան:
Յիրաւի, մեզմէ իւրաքանչիւրը կը հաւատայ Աստուծոյ: Գիտէ, որ Աստուած կրնայ ընել ամէն բան, նոյնիսկ կրնայ շուռ տալ լեռներ: Սակայն մեզմէ քիչեր կը վստահին, կը ճանչնան, կը սիրեն, կը մօտենան, կը փորձեն իրենց վիշտն ու ցաւը վստահիլ Աստուծոյ: Այո՛, մենք ունինք հաւատք, սակայն մենք ոչ մէկ կերպով, լաւագոյն պարագային դժուարութեամբ կը մօտենանք Տիրոջ:
Ինչո՞ւ...
Պատճառը ակնբախ է՝ սատանան արթուն է, կը գործէ անդադար՝ օր ու գիշեր: Մարդ կը նողկայ սատանայէն: Ան փաստացի՝ կը ծառայէ չարին: Մենք մեղքը աւելի շատ կը սիրենք՝ քան բարիքը: Ամէն անգամ ինքնակամ կ՚ընտրենք զարտուղի ճամբաները: Ատելով չարին, գրեթէ միշտ կ՚ընտրենք վերջինիս մատուցած ծառայութիւնները:
Բառերով կը հաւաստիացնենք, թէ ունինք հաւատք: Սակայն մեր գործով ու վերաբերմունքով չենք վստահիր Ամենակարող Տիրոջ: Ուշադրութիւն դարձուցէք՝ մեր ժամանակը երբեք չի բաւեր Աստուծոյ համար: Դիւրութեամբ կը գայթակղինք: Հոգեւոր դաշտին մէջ տարրական անգրագէտ ըլլալու պատճառաւ, երբ կ՚ունենանք Տիրոջ կարիքը, կը յայտնուինք ծուղակի մը մէջ. աղանդաւորները ծպտեալ կը յայտուին մեր կողքին: Կը դառնանք աղանդաւոր: Հայաստանի բնակչութեան տասն տոկոսէն աւելին աղանդաւորական է:
Ամէն բան յստակ է:
Ամէն բան շատ դիւրին է: Պարզապէս անհրաժեշտ է մեծ ցանկութիւն. ցանկութիւն ճանչնալու, սիրելու Տէրը, ապրիլ Աստուծոյ կամքով ու պատուիրաններով: Սէրը մեզի շնորհած է բանականութիւն եւ ընտրութիւն՝ ազատ կամքի իրաւունքով: Այստեղ մենք տրուելով գայթակղութիւններու, վերջին ցանկ կը թողնենք Տէրը: Սատանան անդադար կը զբաղեցնէ մեզ ու մեր միտքը:
Ինծի յաճախ կը հարցնեն՝ ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր վերջը: Աւելի վատ: Վատագոյնը տակաւին յառաջիկային է: Քանզի մենք վերջին պատուհասներէն ոչինչ սերտեցինք: Պատերազմը, մերօրեայ ողբերգութիւններու շարանը մեզ փոխանակ Տիրոջ մօտեցնելու, աւելի հեռացուց: Մենք ինքնակամ աւելի չարացանք: Կը շարունակենք ազգովի վխտալ մեղքի մէջ: Կը տրտնջանք, սակայն ոչ մէկ քայլ կը ձեռնարկենք ստեղծուած իրավիճակը շտկելու համար: Իրականութեան մէջ ամէն բան շատ դիւրին է: Պէտք է ճանչնանք մեր երկնաւոր Տէրը, ամուր բռնենք Անոր ձեռքէն եւ այլեւս երբեք չձգենք:
Ինչպէ՞ս ընել:
Ամէն օր զրուցել Տիրոջ հետ: Աստուած մեզի հետ կը խօսի Սուրբ Գիրքի միջոցով: Աստուածաշունչը միակ գիրքն է, որու ընթերցանութեան ընթացքին մշտապէս ներկայ կը գտնուի հեղինակը: Ինչպէս նաեւ մենք պիտի խօսինք մեր Երկնաւոր Հօր հետ՝ աղօթելով: Ըսել է, թէ մշտապէս երկխօսութեան մէջ պիտի գտնուինք անոր հետ: Եւ պիտի տեսնենք, թէ ինչպէս չարը կը լքէ մեր մարմինը. ինչպէս մեր միտքերը, մեր ներաշխարհը կը մաքրուին եւ մեր միտքը կը սկսի կեդրոնանալ բարի գործերու վրայ: Այդժամ պիտի յաղթենք չարին: Այդժամ պիտի վերագտնենք մեր ներքին խաղաղութիւնը, երջանկութիւնը: Այդժամ պիտի վերագտնենք մեր կորուսեալ հայրենիքը: Այդժամ աշխարհը, Հայաստանն ու Արցախը պիտի բժշկուին:
Առանց Աստուծոյ գործօնի մենք պիտի չկարենանք հասնիլ խաղաղութեան: Նախապէս պիտի խաղաղի մեր հոգիները, այնուհետեւ աշխարհը: Պիտի սորվինք չսիրել մեղքը: Այնքան մեծ կամքի ուժ պիտի ունենանք, որ պիտի հրաժարինք մեղքէն, չարիքէն: Պիտի սորվինք անձնուրաց վստահիլ, հետեւիլ Տիրոջը:
Ե՞ս... Ես տակաւին չսորվեցայ: Բռնած եմ այդ ուղին: Այլեւս անվերապահօրէն կը վստահիմ Տիրոջը: Անոր կը ձգեմ իմ բոլոր մտահոգութիւններն ու անհանգստութիւնները: Ամէնուր կը փնտռեմ Աստուծոյ կամքը, ստուերելով իմ բոլոր ցանկութիւնները: Ես կատարեալ չեմ: Կատարելութենէ կը գտնուիմ բաւական հեռու: Սակայն կը փափաքիմ կատարելութեան: Կ՚ուզեմ նմանիլ իմ Երկնաւոր Հօրը: Դժուար ուղի մըն է այս մէկը: Չեմ գիտեր, որքանով պիտի յաջողիմ: Այլեւս կը գիտակցիմ՝ առանց Տիրոջ ողորմածութեան պիտի խորտակուիմ: Մասամբ յաջողեցայ շարադրելու իմ միտքերը: Որոշ պարզաբանումներ ու բացատրութիւններ այս ընթացքին մնացին լուսանցքէ դուրս:
Թող որ ըլլայ Տիրոջ կամքը հայոց աշխարհին մէջ:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւան