ԿԵԱՆՔԻՆ ՊԱՏԿԵՐԸ

Մտածումներս հոսանք կ՚առնէ, երբ ամբոխին մէջ տեսնեմ մանուկ մը, ուշիմ, վառվռուն ու աղուորիկ, հազիւ ինն տարեկան: Անոր ուրախ խաղերուն, դայլայլին ու խնդութեան մէջ տրտմութիւն ու թախիծ, որովհետեւ ինք թէեւ անգիտակ, մարդկային այլասերումը զինք կ՚առաջնորդէ դէպի գահավէժ, դէպի անդունդ՝ ուրկէ թաւալագլոր պիտի անհետանան խինդ ու ծիծաղ: Գահավէժ՝ ուր կը շիջանին խայտանքը կեանքին:

Անտեսանելի թանձրացած ամպի մը ներկայութիւնը կը զգամ այդտեղ. ամպ՝ որուն տակ իր վերջալոյսը կ՚ապրի մանկական անմեղութիւնը, ամպ՝ որուն ազդեցութեան տակ մարդուս սիրտը կը ճմլուի:

Կը տեսնէ՞ք դէմքին դրոշմուած անմեղ ժպիտը. երազ մըն է պարզապէս, կա՛րճ ու ժամանակաւոր, անցաւոր լուսաւորութիւն մը պարզապէս, որուն կամայ-ակամայ պիտի յաջորդէ աղջամուղջ մը, չարաշուք թափօրը կեանքին: Իր մանկական ծիծաղին մէջ կը լսեմ աղիողորմ աղաղակը ապագային: Այն ապագան, որ իրեն համար այնքա՜ն ցանկալի, սակայն նոյնքան անողորմ ու անսիրտ է:

Այդ մանուկին մէջ դո՛ւք ալ ինձ պէս կը տեսնէ՞ք այն ամէնը՝ որուն կարօտը կը զգաք. անոր նայուածքին մէջ կը նշմարէ՞ք յոյսն ու լաւատեսութիւնը, բերկրանքն ու ցնծութիւնը. մեզմէ որո՞ւ աչքերը այդպէս չէր, մեզմէ որո՞ւ հոգին լեցուած չէր այն յոյսերով՝ որ այսօր կ՚արտացոլայ այդ մանուկի աչքերուն մէջ. այդ աչքերուն տեղ սակայն այսօր հայելիին մէջ կը տեսնենք մեռած աչքեր, որոնք կեանքին հետ իրենց մտերմութիւնը խզած անէացման ուխտ մը կնքած ըլլան կարծես:

Այդ ի՞նչ դժոխային վատութիւն է, որ կեանքը կ՚ընէ մարդուն. այդ ի՞նչ քմծիծաղ. ո՞վ գիտէ հանելուկը այդ հրեշտակային դայլայլին հանդարտ ու մռայլ քայլերու փոփոխութեան, ո՞վ գիտէ գաղտնիքը այդ վառվռուն ու լուսաւոր մանուկներուն մթագնելու պատճառը:

Թէեւ կարճ, սակայն կա՛ր ժամանակ, որ հանդիսատեսներս ալ անդամ էինք այդ երազին, սակայն ինչպէ՞ս եղաւ, որ դայլայլներն ու անհոգ վազքերը փոխարինուեցան հանդարտ ու անխօս քայլերու. ինչպէ՞ս եղաւ, որ մեր հոգիի քրքիջները փոխարինուեցան հին կուռքերու լռութեամբ: Այդ ինչպէ՞ս եղաւ, որ մեր անտարբեր ու անփոյթ հոգիները՝ մանկական ժպիտներով լեցուն տարիներու բեռին տակ յայտնուեցան:

Այդ մանուկը որքա՛ն հասակ առնէ, այնքան գութը պիտի հեռանայ իր սիրտէն. այդ մէկը պիտի ըլլայ ակամայ, որովհետեւ կեանք կոչուած ողբերգական հանդէսը պիտի պարտադրէ այդ մէկը. անոր ծիծաղին տեղը պիտի գայ գրաւը խորհրդաւոր ժպիտի մը, որ պարզապէս պիտի փորձէ ներքին կրակը ծածկել ծառայեցնելու: Մոմի մը նման պիտի հալի անոր մանկութիւնը եւ անոնց անհոգ ընթացքը կամաց կամաց պիտի սկսի ունենալ վաղուան տարակոյսը:

Ահաւասի՛կ, կեանքի աշունը՝ իր տրտմութիւններով: Այսպէս է մարդկային կեանքը. ուրախութեան ժամերը կարճ են. այնտեղ կարճ է գարունը, իսկ աշունը՝ երկար. տարեցներու ճակտին եղող խորշոմները պարզապէս վկաներն են մաքառումներուն, զորս մղուած է կեանք կոչուած առեղծուածին դէմ:

Իննամեայ այդ մանուկը իր ուրախութեան մէջ յաճախ կը տրտմի, սակայն ժամանակ մը ետք պիտի զգայ, որ սկսած է իր տրտմութեան մէջ յաճախ ուրախանալ, որովհետեւ տակաւին յստակ չէ, թէ անձրեւին պայծառ օ՞դը կը յաջորդէ՝ թէ պայծառ օդին՝ անձրեւը:

Մարդկութեան մօտ այսօր տիրած կ՚երեւի վերջալոյսի թախծութիւնը. մեր շուրջ աւելիով կը տեսնենք աւերակ հոգիներ՝ քան հակառակը. երազներու հոգեվարքն է որ կը տեսնենք:

Քու ալ սիրտդ չի՞ ճմլուիր տեսնելով մանուկ կոչուած այդ զոհերը, որոնք օր մը պիտի ճաշակեն դառնութիւնը այս կեանքին. ի՞նչ մեղք գործեցին անոնք. կամ ի՞նչ մեղք գործեցինք մենք՝ որ յայտնուեցանք անոր վայրագ ժանիքներուն մէջ: Չէ՞ որ մենք ալ գլխիկոր ու զինաթափ անձնատուր եղանք անոր խաղերուն ու այժմ անիրաւուած կեանքի բողոքը մեր սրտերուն մէջ կը սպասենք աւարտը թաւալումին, ինչ որ աղօտ սփոփանք մը կու տայ:

Մտաբերեցէ՛ք ձեր մանկութիւնը եւ նայեցէք ձեր ներկային. փշրուած կեանք մը պիտի տեսնէք այդտեղ, գեղեցիկ երազներու տերեւաթափութիւն մը պարզապէս:

Յուսահատական գրութիւն մը չէ այս մէկը, այլ երեւոյթ մը, որ կամայ թէ ակամայ կ՚ապրինք բոլորս, որովհետեւ կեանքը բոլորիս ալ անխտիր կու տայ այդ դառնութիւնը. սակայն չեմ գիտեր որքանով ճիշդ է մեղադրել կեանքը, որովհետեւ այդ բոլորը ծնունդն են մարդուն եւ մարդը մարդուն աւելի աւելի ցաւ կը պատճառէ՝ քան կեանքը մարդուն:

***

Զուգադիպութի՞ւն. չեմ գիտեր, սակայն այս գրութիւնը կը գրեմ յայտնի «քուն եղիր բալաս» երաժշտութեան տակ, զգալով, որ իրապէս ալ քունի մէջ է այսօր մեր այն երջանկութիւնը՝ որ ունէինք անցեալին՝ երբ մանուկ էինք:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -262-

Եկեղեցական եղած ժամանակ, նկատեցի, որ մայրեր յաճախ իրենց մանուկները շնորհքի կոչելու եւ վախցնելու համար մեզ՝ եկեղեցականներս կը «գործածեն». կը լսեմ, թէ մայր մը զաւակին «Հիմա Հայր Սուրբը պիտի պատժէ» կ՚ըսէ, ուրիշ մը «Այս սեւ հագուող ամմոն քեզ պիտի տանի» եւ անտեղի վախ մը կը ստեղծեն մանուկին մէջ:

Օր մը բարեկամի մը տունը գտնուած ժամանակ մայրը կ՚ըսէ «Հայր Սուրբը պիտի ջղայնանայ». եւ իրապէս կը ջղայնանամ, սակայն ո՛չ զաւակին՝ այլ մօրը վրայ. այդ վայրկեանին իրենց զաւակը հանդարտեցնելու համար մեծ սխալ մը կ՚ընեն մայրերը, իրենց զաւակներուն մէջ վախի ազդեցութիւնը սերմանելով ոչ միայն վարդապետներուն, այլ բոլոր երեւոյթներու պարագային:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Յունիս 7, 2023