ԴՐԱՄ ՇԱՀԵԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ ՓՈԽԱՆՑՈՂՆԵՐԸ

Անցեալին, քաղաքական ու գրական թերթերու կողքին կը հրատարակուէր նաեւ վաճառականութեան, արհեստի եւ առեւտրական ասպարէզներու շուրջ թերթեր, որովհետեւ մարդոց համար յաջողակ ըլլալու բանալիներէն մէկը վաճառական դառնալն էր:

Գրեթէ ամէն ժամանակաշրջան ստեղծած եւ ունեցած է իր նիւթաբեր աղբիւրը, որուն վրայ կեդրոնացած, տարածած ու կարեւորութեամբ շեշտ դրած է: Վաճառականութենէն առաջ մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէր հողագործութիւնը, անասնապահութիւնը. եկաւ այլ սերունդ մը, որ շեշտեց վաճառականութիւնն ու առեւտուրը. այդ սերունդին յաջորդեց արհեստներու կարեւորութիւնը շեշտողները: Սակայն ներկայ սերունդը եկաւ ամբողջութեամբ փոխելու եւ նորը որդեգրելու. այնպէս ինչպէս գրեթէ ամէն ժամանակաշրջան, այսօր եւս մեր կեանքն ու մերօրեայ մամուլը՝ համացանցը լեցուն է այդ «կարեւոր» նիւթով:

Կարճ ժամանակ համացանցի վրայ աչք մը նետելով պիտի տեսնէք, թէ ինչպէս մարդիկ դրամ շահելու «արուեստ»ը կը փորձեն սորվեցնել ու փոխանցել, ինչ որ մեծաւ մասամբ լոկ ստախօսութիւն է:

Ցաւ ի սիրտ մեր երիտասարդութիւնը եւս այսօր գիտութենէն եւ ուսումէն աւելի կը հետաքրքրուին նման նիւթերով. ցաւ ի սիրտ կ՚ըսենք, որովհետեւ մերօրեայ դրամ շահելու արուեստը «սորվեցնող»ները գրեթէ դպրոցի եւ ուսումի հակառակորդներ են. կեանքի դժբախտութիւններէն մին այն է, որ աշխարհի մեծահարուստները այսօր մեծաւ մասամբ դպրոցական կամ համալսարանական կրթութիւն չստացող մարդիկ են եւ այս երեւոյթը կամաց կամաց պատճառ կը դառնայ այն համոզումին, որ յաջողելու համար կրթութիւն եւ ուսումը անհրաժեշտ չէ: Դժբախտաբար, անոնցմէ շատեր բացայայտօրէն կը քննադատեն կրթութիւն ստանալու երեւոյթը, որովհետեւ իրենց սեփական աչքերով կը տեսնեն, թէ ինչպէս համալսարանաւարտ մը նիւթապէս տկար, սակայն անուս մը նիւթապէս փառաւոր կեանք մը կ՚ապրի:

Նմաններ յաճախ որպէս օրինակ ցոյց կու տան համալսարանի ուսուցիչները. օրինակի համար, տնտեսագիտութիւն ուսուցանող ուսուցիչը ցոյց կու տան, ըսելով թէ ինչպէ՞ս տնտեսութեան մասին կրնայ խօսիլ անձ մը՝ որ հազիւ ամսական աշխատավարձով իր գոյութիւնը կ՚ապահովէ:

Այս բոլորին լոյսին տակ մերօրեայ երիտասարդութիւնը իր «յաջող»ելու գաղտնիքը կը փորձէ գտնել դպրոցէն եւ կրթութենէն դուրս՝ մարդոց մօտ, որոնք իրենց հարուստ ըլլալը փաստելու համար ամէ՛ն տեսակի ցուցադրութեան միջամուխ կ՚ըլլան:

Տարօրինակ ձեւով մերօրեայ հարուստները «դրամը երջանկութիւն չի բերեր» կ՚ըսեն, սակայն ամէն ջանք ի գործ կը դնեն աւելին ունենալու. տեսա՞ծ էք մարդկութիւն մը, որ զինք «դժբախտացնող» բան մը ձեռք բերելու համար սիրտ ու հոգի կու տայ:

Համացանցը ողողուած է «Ինչպէ՞ս դրամ շահիլ» նիւթով. բոլորն ալ իրենց կարծիքը ունին հարստանալու շուրջ. տարօրինակօրէն շատեր նոյնիսկ կը փորձեն այդ գիտելիքը որպէս «դասընթացք» ծախել ու մարդկայնօրէն ակամայ կը մտածես հարուստ մը ինչո՞ւ իր գիտութիւնը ծախու կը հանէ՝ երբ կը պնդէ, թէ բազմամիլիոններու տէր մարդ մըն է:

Այսօր դրամէն շատ աւելի առաջնահերթ «մարդ ըլլալու արուեստ»ին մասին սորվելու կարիքը ունինք, որովհետեւ դրամէն աւելի անոր պակասն է, որ կը զգանք: Մեր կարծիքով, համացանցի վրայ «դրամ շահելու արուեստ»ը սորվեցնողները պարզապէս խաբեբաներ են, որովհետեւ մերօրեայ կեանքին մէջ ճշմարտութիւն է, թէ ա՛ն որ դրամ շահելու իսկական ձեւերը գիտէ՝ չի յայտներ ուրիշին: Կ՚ապրինք այնպիսի ժամանակաշրջան մը, որ անապատին մէջ ովասիս մը գտնողը միւս ծարաւները հրաւիրելու փոխարէն, անոնց ճամբան շեղել կը փորձեն, որովհետեւ բոլորին մէջ ալ գոյութիւն ունի ԵՍ մը՝ որ ընչաքաղցութեան հետ միասին աւելի սաստկանալով մարդը մարդուն թշնամի կը դարձնէ:

Դրամ շահելու արուեստը սորվեցնողներ կ՚ուզեն իրենց փորձառութիւնը ծախու հանել, որովհետեւ ճշմարտութիւն է, որ դրամ շահելու մեծագոյն ուսուցիչը նոյնինքն փորձառութիւնն է, սակայն ո՛չ թէ ուրիշին, այլ սեփական փորձառութիւնը, ուր մարդ իր մորթին վրայ զգալով սխալներն ու ճիշդերը կը յաջողի սորվիլ:

Մերօրեայ մարդուն մօտ խանգարուած է նպատակի եւ միջոցի հասկացողութիւնը, որովհետեւ կեանքին նպատակը դրամ շահիլը կը կարծեն, հակառակ որ այդ մէկը պարզապէս միջոց մըն է աւելի բարելաւ կեանք մը վարելու եւ, ի հարկին, մարդասէր եւ եղբայրասէր կեանք մը վարելու:

Կը հաւատանք, որ դրամը շահելէն աւելի դրամը ինչպէս ծախսելու արուեստը պէտք է որ սորվինք, որովհետեւ մերօրեայ մարդը իր առաջնահերթութիւնները սկսած է չճանչնալ. հաւատացէ՛ք որ մայր մը այսօր իր արտաքինին աւելի կարեւորութիւն կու տայ եւ անաչառ կը մսխէ՝ քան իր զաւակին կրթութեան, ուսումին վրայ:

Զուգադիպութի՞ւն է՝ թէ դիտմամբ է չեմ գիտեր, սակայն դրամը հակառակ կողմէ որպէս մարդ կը կարդացուի. մենք ուղղակի դրամը շրջելով մարդ ըլլալու արուեստին պէտք ունինք:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -263-

Սուրիայէն Հայաստան հաստատուած ընտանիք մը կը ճանչնանք. ազգութեամբ արաբ են, սակայն արդէն իսկ երեք տարիէ աւելի է Հայաստանի մէջ կ՚աշխատին եւ իրենց գոյութիւնը կ՚ապահովեն: Սկզբնական շրջանին կ՚աշխատէին անձի մը մօտ, որ Հայաստանի պայմաններով շատ մեծ գումար կը վճարէր իրենց կատարած գործին համար, անվճար տուն կը տրամադրէր եւ ամէն տեսակի ծախսերը կը հոգար: Սակայն աշխատողները դժգոհ էին. կը նեղանային, որ իրենց աշխատանքով գումար կը շահի նաեւ գործատէրը:

Ժամանակ մը ետք գործէն դուրս գալ ուզեցին եւ այլ մարդու մը մօտ աշխատանքի ընդունուեցան՝ դարձեալ բարձր աշխատավարձով: Որոշ ժամանակ ետք հակառակութեան պատճառով հեռացան նաեւ նոր աշխատատեղիէն:

Հիմա անգործ, առանց տուն-տեղի կը փորձեն իրենց ջանքերով օրուան օրապահիկը ապահովել:

Ահաւասիկ ընչաքաղցութեան արդիւնքը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յունիս 8, 2023