ԱՆՀԱՐԿԻ ՊԱՏԵՐԱԶՄՆԵՐՈՒ ԱՆՄԵՂ ԶՈՀԵՐԸ
Մարդը մէկ մասն է աշխարհին, ուր կ՚ապրի եւ կապուած է անոր՝ բոլոր առումներով: Աշխարհի վրայ տեղի ունեցող իւրաքանչիւր իրադարձութիւն բնականաբար կ՚ազդէ անոր վրայ։ Որպէս ընկերային էակ՝ մարդը զանազան ձեւերով արտացոլած է իր հաւաքական եւ անհատական տառապանքները, ցաւերն ու ուրախութիւնները։ Օրինակ՝ նկարիչը կ՚արտացոլէ հասարակութիւնը իր ստեղծագործութեան մէջ՝ ըստ իր հայեացքի։ Նկարիչներու ստեղծագործութիւններու մէջ կը տեսնենք մարդու ճանապարհորդութիւնը այս երկրի վրայ, ուր տեղի ունեցող ընկերային իրադարձութիւններէն ամենավտանգաւորը եւ ամենէն աղէտաբերը պատերազմներն են:
Նոյնիսկ վաղ ժամանակաշրջաններուն մարդ արարածը կարիքը զգացած է պայքարելու նախ այլ կենդանի էակներու, իսկ յետոյ՝ ցեղակիցներու դէմ, իրենց տեսակի շարունակութեան, այսինքն գոյութեան համար։ Մարդկութեան պատմութեան սկիզբին պատերազմի, պայքարի այս անհրաժեշտութիւնը կարելի է ըմբռնել որպէս մարդու ապրելու բնազդը։ Բայց պատերազմները միշտ չեն յառաջացած գոյատեւելու բնազդէն: Անձնական վրէժխնդրութիւնները զանգուածային աղէտներու պատճառ եղած են (եւ տակաւին կը շարունակեն), պետութիւնները պատերազմներ մղած են իրենց համար աւելի յարմար կեանք ստեղծելու գաղափարով: Գահակալական կռիւները, տոհմերու հակամարտութիւնները յառաջացուցին մեծ պատերազմներ, կեանքերը դադրեցուեցան՝ իբր թէ անվտանգութիւն ձեռք բերելու նպատակով։ Բռնութիւնը կառավարութիւններու համար եղած է իրենց առած քայլերու օրինականացման գործիք: Անկասկած, պատերազմէն ամենատուժածները անմեղ, խաղաղ ժողովուրդն է, որ տեղեակ չէ պատերազմի իսկական պատճառներուն։
Պատերազմները կը խլեն մեր սիրելիները, մեր յիշողութիւնները, կ՚աւերեն անցած փողոցները, կը դատապարտեն մեզ սովի։ Պատերազմներէն յետոյ ծուխի ու արեան հոտի մէջ մարդիկ կ՚ողբան այս բոլոր կորուստներու համար, ինչ որ անհնար է մոռնալ։
Պատերազմը համաշխարհային երեւոյթ մըն է, որ ո՛չ միայն կ՚ազդէ ազգերու եւ տնտեսութիւններու վրայ, այլեւ ունի հեռահար հետեւանքներ, ներառեալ ընտանեկան նուրբ կառուցուածքը: Պատերազմի սարսափները մեծ ազդեցութիւն կը թողուն բոլոր ներգրաւուածներու վրայ՝ մանաւանդ երեխաները անոր ամենախոցելի զոհերը կը դառնան։
Այժմ միլիոնաւոր երեխաներ ուղղակի կամ անուղղակիօրէն կը դառնան պատերազմի կամ ահաբեկչութեան զոհ: Լուռ հաւաքականութիւնները, որոնց իրաւունքներն ու կարիքները մղուած են պատերազմներու ետին, կանգնած են անբացատրելի կործանարարութեան հետեւանքով յառաջացած ոչնչացման վախի առջեւ: Քաղաքական կամ ներքին հակամարտութիւնները եւ պետութիւններու միջեւ ահաբեկչութիւնը երեխաներու մահուան, վիրաւորման կամ հաշմանդամութեան պատճառ կը դառնան: Այս իրավիճակներու մէջ բազում երեխաներ կը կորսնցնեն իրենց ծնողները, հարազատները, ընկերները, կ՚ենթարկուին ֆիզիքական, հոգեբանական կամ սեռական բռնութեան, նաեւ կը զրկուին իրենց կրթութեան իրաւունքէն եւ ընկերային աջակցութեան այլ կառոյցներէն:
Իւրաքանչիւր արիւնալի յարձակման ժամանակ հեռատեսիլի, ընկերային ցանցերու վրայ կը տեսնենք անոնց անհանգստացած, զարհուրհած աչքերը։ Երեխաները պատերազմի ամենաանմեղներն են... Անոնք կը վճարեն ամենաբարձր գինը։ Անտեղեակ են, թէ ի՛նչ կը կատարուի իրենց շուրջը… Անոնք կը կրեն պատերազմի ցաւերը, որոնք կը թափանցեն մինչեւ անոնց ոսկորները իրենց կեանքի ամբողջ տեւողութեան, իրենց վէրքերու մէջ, որոնք ոչ մէկուն ցոյց կու տան...
Պատերազմները խիստ ողբերգական իրավիճակներ են, որոնցմէ ո՛չ միայն երեխաներն ու նորածինները, այլեւ մեծահասակները, ի հարկէ, կը սարսափին եւ կը վնասուի անոնց առողջութիւնը: Երեխաները կը հասկնան թէժ ընթացքը իրենց ծնողներու անհանգիստ դէմքի արտայայտութիւններէն, խուճապային պահուածքէն, լացէն ու բղաւելէն եւ այդ պահուն կը սկսին անհանգստանալ։ Այնուամենայնիւ, յանկարծակի եւ անսպասելի ռմբակոծութիւններու, ազդանշաններու, մահէն, վնասուածքէն ու վախէն փախչող այլ մարդոց ականատես ըլլալէ յետոյ, այս պահերը կը դրոշմուին անոնց յիշողութեան վրայ եւ զանոնք սրբագրել հնարաւոր չ՚ըլլար երբեք։
Ես երբեք չեմ հասկցած, թէ ինչպէ՞ս կրնայ մէկը վնասել բոլորովին անմեղ մարդիկ։ Երեխաները կը մեծնան պատերազմի աւերածութիւններու հետ՝ կորսնցնելով իրենց ծնողները, հարազատները, նաեւ առողջութիւնը՝ զանազան տեսակի զէնքերու հետեւանքով։
Պատերազմի ազդեցութիւնը երեխաներու վրայ չի սահմանափակուիր անոնց ֆիզիքական կամ հոգեկան առողջութեամբ: Տեղահանումը, կրթութեան իրաւունքի կորուստը եւ սահմանափակ հնարաւորութիւնները կ՚ազդեն անոնց, նաեւ ամբողջ մարդկութեան ապագային: Անկայուն միջավայրի մը մէջ, այս երեխաներէն կը խլուի իրենց մանկութիւնը եւ, ամենայն հաւանականութեամբ, ապագայի նկատմամբ անոնց յոյսերը։
Հրամայական է, որ բոլոր ջանքերը գործադրուին երեխաները պատերազմի արհաւիրքներէն պաշտպանելու համար: Հաստատութիւնները պէտք է աշխատին ստեղծելու համար այնպիսի աշխարհ մը, ուր կ՚ունենան բարեկեցիկ, խաղաղ կեանք ու կը պաշտպանուին իրենց իրաւունքները: Միայն նման ջանքերով կրնանք ստեղծել ապագայ, ուր երեխաները զերծ կ՚ըլլան պատերազմի դաժան արհաւիրքներէն:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ