ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ
«Սէրը այնպիսի ակնոցներ կը կրէ, որոնց միջոցով պղինձն ալ ոսկի կ՚երեւի». MIGUEL DE CERVANTES (1547-1616)
Մտահոգութիւնը (=inquiétude) մարդուս բնական եւ մարդկային կեանքին անբաժան հոգեվիճակն է։ Բայց հոն՝ ո՛ւր սէր կայ, այնտեղ մտահոգութիւնը կը կորսնցնէ իր ազդեցութիւնը։ Ուրիշ խօսքով՝ սէրը մտահոգութեան դեղթա՛փն է։ Ուրեմն, սիրոյ եւ մտահոգութեան միջեւ խորհրդաւոր յարաբերութիւն մը կը գտնուի։ Այս ուղղութեամբ կարելի է հարցնել, թէ՝ երբ սէրը կը չէզոքացնէ եւ կը հակակշռէ մտահոգութիւնը, այլապէս մտահոգութիւնն ալ կրնա՞յ անզօրութեան մատնել սէրը։
Արդարեւ, Յովհաննէս առաքեալ կ՚ըսէ. «Սիրելինե՜ր, սիրե՛նք իրար, որովհետեւ սէրը Աստուծոյ պարգեւն է. ուստի ով որ կը սիրէ՝ Աստուծմէ ծնած է եւ զԱստուած կը ճանչնայ…». (Ա ՅՈՎՀ. Դ 7)։ Եւ այն՝ որ զԱստուած կը ճանչնայ՝ կը հաւատայ, այսինքն՝ կը վստահի, եւ ուրեմն որեւէ բանէ չի վախնար եւ մտահոգութեան գերի չի՛ դառնար։ Ահաւասիկ, այս պատճառով է որ այն՝ որ կը հաւատայ՝ կը սիրէ եւ չի վախնար, չի մտահոգուիր։
«Աստուած Սէր է». (Ա ՅՈՎՀ. Դ 8 եւ 16), եւ Սէրը առաջին պարգեւն է, որ կը բովանդակէ միւս բոլոր պարգեւները։
Այս Սէրը «Աստուած սփռեց մեր հոգիներուն մէջ՝ Հոգիով, որ տրուեցաւ մեզի». (ՀՌՈՄ. Ե 5)։
Մարդ, ընդհանրապէս վիրաւորուած է մտահոգութիւններու մէջ. Սիրոյ պարգեւին առաջին արդիւնքն է մեր մտահոգութիւններուն ջնջումը՝ վերցնելը։ Սէրը. (Ա ԿՈՐՆ. ԺԳ) նախասկիզբն է Քրիստոսով այն նոր կեանքին՝ որ այլեւս հնարաւոր դարձած է, քանի որ մենք «ընդունած ենք ուժ մը, որ Սուրբ Հոգին է». (ԳՈՐԾ. Ա 8)։
Այն՝ որ ունի իր մէջ Սուրբ Հոգիին ուժը, այլապէս կարելի՞ է որ մտահոգութեան անձնատուր ըլլայ։ Ուստի, Սուրբ Հոգիին այս զօրութեամբ է որ Աստուծոյ որդիները պիտի կարենան պտղաբերել։ Ան որ մեզ պատուաստեց ճշմարիտ Որթին վրայ, մեզ կարող պիտի դարձնէ բերելու «Հոգիին պտուղը, որ է սէ՛ր, ուրախութիւն, համբերութիւն, ծառայասիրութիւն, բարութիւն, վստահութիւն ուրիշներուն վրայ, հեզութիւն, ժուժկալութիւն». (ԳԱՂ. Ե 22-25)։
«Հոգին մեր կեանքն է». որքան աւելի մեր անձէն հրաժարինք, այնքան աւելի Հոգիով կ՚ընթանանք. (ՄԱՏԹ. ԺԶ 24-26)։
Բոլոր այս ճշմարտութիւնները ցոյց կու տան, թէ՝ ան որ կը հաւատայ, ան որ կը վստահի Աստուծոյ, երբեք չի մտահոգուիր։ Արդարեւ, մտահոգութիւնը անվստահութեան արդիւնք չէ՞։ Ան՝ որ ապաւէն մը չունի, ապաստան, պատսպարան չունի, անշուշտ մտահոգութիւն կը զգայ եւ մտահոգութեամբ կը չարչարուի։
Եւ ահաւասիկ պատասխանը այն հարցումին, թէ՝ մտահոգութիւնը կրնա՞յ ջնջել սէրը։
Ո՛չ եւ երբեք, մտահոգութիւնը չի՛ կրնար ջնջել սէրը, քանի որ ան մեզի կը ներշնչէ վստահութիւն, որովհետեւ «Աստուած Սէ՛ր է», եւ այն որ կը ճանչնայ զԱստուած, կը հաւատայ Անոր եւ կը վստահի։
Ուրեմն, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, հաւատանք ե՛ւ վստահինք, եւ պիտի փրկուինք մտահոգութեան տանջանք պատճառող տիրապետութենէն եւ վատառողջ, հիւանդոտ ազդեցութենէն։
Վստահի՛նք եւ պիտի չմտահոգուի՛նք…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 17 2023, Իսթանպուլ