ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ԼԻՍԷԻ ԱՅՍ ՏԱՐՈՒԱՆ ՀՈՒՆՁՔԸ ՀՐԱԺԵՇՏ ԱՌԱՒ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՆԴԷՍՈՎ ՄԸ

Մխիթարեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ լիսէի ընթացաւարտներու հրաժեշտի հանդէսը։ Երեկոյթի պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան, որու կողքին էին Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հայր Յակովբոս Ծայրագոյն Վարդապետ Չօփուրեան, ինչպէս նաեւ Հայր Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան եւ Հայր Աբրահամ Ծայրագոյն Վարդապետ Ֆրատեան։ Ներկայ էին նաեւ հայ կաթողիկէ հասարակութենէն եւ Մխիթարեանի ընտանիքէն վարիչներ։

Յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Ժանին Ըրմաքի եւ Տարէն Պահատըրօղլուի։ Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Հայր Յակովբոս Ծայրագոյն Վարդապետ Չօփուրեան, մատակարար մարմնի ատենապետ Ռաֆֆի Ալիք, լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Եւա Օրագեան, Մխիթարեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Արսէն Գովան եւ դպրոցի միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Էլտա Գարակէօզեան։

Ծափահարութիւններու մթնոլորտին մէջ ընթացաւարտները ստացան իրենց վկայականները։ Անոնց անունով արտայայտուեցաւ Հայկ Մաթաթեան։

Հուսկ, Զեքիեան Գերապայծառ շնորհաւորեց տղաքը, որոնց մաղթեց ապագայ յաջողութիւններ։

Յայտագրի գործադրութենէն վերջ, տղաքը հաճելի ժամանց ունեցան երաժշտական կատարումներով։

Հինգշաբթի, Յունիս 22, 2023