ՍԿԻՒՏԱՐԻ Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր ընդունեց Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Ռաֆֆի Գրիգորեանի։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան։
Այսպէս, թաղականները շնորհակալութիւն յայտնեցին ընդունելութեան համար։ Անոնք Պատրիարքարան փութացած էին՝ Նորին Ամենապատուութիւնը հրաւիրելու Պայծառակերպութեան տօնախմբութեան, որ, ըստ ընկալեալ սովորութեան, Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ տօնախմբութեան օրն է։ Այս առթիւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը կարծիքի փոխանակում ունեցաւ վարչայիններուն հետ։ Նորին Ամենապատուութիւնը խոստացաւ սիրով ընդառաջել հրաւէրին եւ տուաւ իր յորդորները։
Հուսկ, Նորին Ամենապատուութիւնը հայրական օրհնութիւնը տուաւ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչներուն եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց եկեղեցւոյ ի նպաստ գործունէութեանց համար։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024