ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՆԴԷՍԸ

Կեդրոնականի ընտանիքը երէկ հանդիսաւոր հաւաքոյթով մը հրաժեշտ տուաւ վարժարանի 2022-2023 կրթական շրջանի հունձքին, որ կը բաղկանայ 55 աշակերտէ։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, Կեդրոնական վարժարանի շրջանաւարտութեան հանդէսը երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Գումգաբուի մէջ, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս։ Երեկոյթի պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու կողքին էին Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Շրջանաւարտութեան հանդէսի առաջին փուլին կեդրոնականցիները այցելութիւն մը տուին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։ Ներկայ էին նաեւ Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեան եւ իր գործակից ընկերները, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Յարութիւն Էպէօղլու, տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան եւ կրթական մշակներ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ուղեկցութեամբ բոլորը աւելի վերջ համախմբուեցան Կեդրոնական վարժարանի բարեյիշատակ հիմնադրին՝ երանաշնորհ պատրիարք Տ. Ներսէս Արք. Վարժապետեանի շիրմին շուրջ, որ կը գտնուի Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս։ Այստեղ բոլորը աղօթեցին լուսահոգի պատրիարքի յաւիտենական հանգիստի խաղաղութեան համար եւ իրենց երախտաշատ խոնարհումը բերին անոր յիշատակին առջեւ։

Աւելի վերջ ծրագիրը շարունակուեցաւ Ս. Որդւոց Որոտման տաճարին մէջ։ Այս փուլին կեդրոնականցիներու կողմէ մօտաւոր անցեալին կեանքի կոչուած «Հայ կին» ծրագրէն տեսանիւթեր ներկայացուեցան հանդիսատեսներուն։ Աւարտական դասարանի սաները հանդէս եկան նաեւ երաժշտական կատարումներով։ Այս տարուան դափնեկիր շրջանաւարտներուն յանձնուեցան իրենց պարգեւները։ Խնամակալութիւնը յուշանուէրներ պատրաստած էր նաեւ արժէքաւոր կրթական մշակներ՝ Արփինէ Քէօրօղլուի, Տենչա Չընարի եւ Լենա Ենիեորկանի համար, որոնք Կեդրոնական վարժարանին մէջ իրենց ուսուցչութեան 20-ամեակը բոլորած են։ Հուսկ, շրջանաւարտները ծափահարութիւններու ներքեւ ստացան իրենց վկայականները։

Կեդրոնականի շրջանաւարտութեան հանդէսին մասնակից շուրջ 500 հոգին աւելի վերջ անցաւ «Պէզճեան» սրահը, ուր դպրոցի ծնողաց միութեան կողմէ պատրաստուած էր ընդունելութիւն մը։ Շրջանաւարտները տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեանին հետ այս փուլին ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ հատեցին նաեւ իրենց համար պատրաստուած կարկանդակը։ Այս փուլին սրտի խօսքերով հանդէս եկան նաեւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ բոլոր շրջանաւարտներուն տուաւ իր օրհնութիւնը եւ յղեց յաջողութեան մաղթանքներ, որպէսզի անոնք իրենց ամբարած գիտելիքներով վերելք արձանագրեն կեանքի մէջ, թէ՛ անհատապէս բարձրանան եւ թէ օգտակար ըլլան իրենց պատկանած հաւաքականութեան։

Շաբաթ, Յունիս 24, 2023