ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՅԱՂԹԵԼ ԱՍՏՈՒԾՄՈՎ
Այսօրուան ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.
Իմաստութիւն Սողոմոնի գիրքէն 4.7-15:
Միքիայի մարագարէութենէն 7.7-10:
Գործք Առաքելոց 20.22-32:
Յովհաննէսի Աւետարանէն 10.11-16:
Միքիայի մարգարէութեան մէջ կը կարդանք.
«Բայց ես Տիրոջ պիտի սպասեմ,
Իմ փրկութեանս Աստուծոյն պիտի յուսամ,
Իմ Աստուածս ինծի պիտի լսէ:
Ո՛վ իմ թշնամիս, վրաս մի՛ խնդրար,
Թէեւ իյնամ՝ պիտի ելլեմ,
Թէեւ խաւարի մէջ նստիմ՝ Տէրը ինծի լոյս պիտի ըլլայ:
Տիրոջ բարկութիւնը պիտի կրեմ
Քանի Անոր դէմ մեղք գործեցի
Մինչեւ Անիկա իմ դատս պաշտպանէ ու ինծի իրաւունք ընէ,
Զիս լոյսը հանէ ու Իրեն արդարութիւնը տեսնեմ:
Այն ատեն իմ թշնամիս պիտի տեսնէ.
Ամօթը պիտի ծածկէ զանիկա,
Որ ինծի կ՚ըսէր, թէ՝
«Ո՞ւր է քու Տէր Աստուածդ»:
Իմ աչքերս զանիկա պիտի տեսնեն.
Հիմա անիկա փողոցներուն ցեխին պէս ոտքի կոխան պիտի ըլլայ» (Մք 7.7-10):
Ի՜նչ գօտեպնդող, քաջալերող, միաժամանակ՝ զգաստացնող խօսքեր են վերոգրեալները: Յատկապէս, մեր օրերուն, երբ նիւթը իր տիրապետութիւնը ամէն կերպով տարածած է ամէնուրեք եւ գրեթէ բոլորին վրայ: Այսօրուան մարդը աւելի սկսած է նիւթով ղեկավարուիլ, քան տրամաբանութեամբ ու բանականութեամբ, քան հոգիով ու սիրտով: Այսօրուան մարդը նիւթին դիմաց վերածուած է թոյլ եւ անկած արարածի մը, որուն ո՛ր կողմ որ ճօճես՝ կը ճօճուի, առանց որեւէ մէկ դժուարութեան, աւելին՝ առանց պայքարի ու դիմադրութեան:
Միւս կողմէ, այն ստուար զանգուածը, որ հակառակ նիւթի ու չարի տիրապետութեան, կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ Երկնայինին, կը շարունակէ Անոր պատուիրաններով ու թելադրութիւններով առաջնորդուիլ, ամէն տեսակի անարգանքի, դժուարութեան ու հալածանքի կ՚ենթարկուի, նոյն ատեն նաեւ՝ ծաղր ու ծանակի: Ահա այստեղ է, որ Մարգարէին վերոյիշեալ տողերը կու գան գօտեպնդելու այդպիսիները եւ ուժ տալու՝ Մարգարէին հետ կրկնելու, թէ՝ ես Տիրոջ պիտի սպասեմ, իմ փրկութեանս Աստուծոյ պիտի յուսամ, իմ Աստուածս ինծի պիտի լսէ: Աշխարհով ու նիւթով նիւթականացած մարդուն համար բնականաբար այս տողերը ո՛չինչ կ՚ըսեն, ընդհակառակը, անոր մօտ քրքիջ կը յառաջացնեն, որովհետեւ աշխարհիկ, ժամանակաւոր ունեցուածքն ու հնարաւորութիւնները իր աչքերը շլացուցած են ճշմարտութիւնը տեսնելէ, եւ կը կարծէ, թէ ինք կայ միայն այս անցաւոր կեանքին համար, մինչ բոլորս գիտենք, որ մարդ արարածը չէ՛ ստեղծուած այս անցաւոր ու սահմանափակ կեանքին համար, այլ՝ յաւիտենականին, անմահ կեանքին համար:
Քրիստոնեայ հաւատացեալը ուշադիր պէտք է ըլլայ սակայն, եւ այս գօտեպնդող խօսքերը զինք թուլութեան չտանին, միւս կողմէ այն կարծիքը չկազմէ, թէ ինք կոչուած է հանգիստ կեանք մը ապրելու՝ որովհետեւ իր փրկութիւնը Աստուած է: Այո՛, իւրաքանչիւր Աստուծոյ յուսացողին փրկութիւնը՝ Աստուած Ի՛նք է, բայց այդ չի՛ նշանակեր հանգիստ ու անտարբեր կեանք ունենալ: Ճի՛շդ է, որ մարդ երբ զԱստուած ունի իր մէջ՝ հանգիստ է, սակայն այդ հոգեւորապէս, որովհետեւ մարմնապէս՝ քանի որ տակաւին այս աշխարհի վրայ կ՚ապրի, չարը իր մարմինը կ'օգտագործէ պայքարելու համար անոր դէմ՝ հոգեւոր գետնի վրայ, զրկելու համար զինք յաւիտենական յարկերէն ու կեանքէն:
Արդարեւ, իւրաքանչիւր մարդ իր կեանքին մէջ դժուարութիւններ անպայմանօրէն որ պիտի ունենայ. սակայն, այդ դժուարութիւններուն մէջ մարդ պէտք է գիտակցի ճիշդ որոշում կայացնելու եւ ճիշդ ընթացք բռնելու, այսինքն՝ Աստուծոյ ապաւինելով ու յուսալով, յաղթահարէ իր դէմ ցցուցած ամէն տեսակի փորձութիւն ու նեղութիւն:
Յիշենք մեր Տիրոջ խօսքերը՝ Իր աշակերտներուն ուղղուած, նախաքան Իր մատնութիւնը. «Ահա ժամանակը կու գայ եւ արդէն իսկ եկած է, երբ պիտի ցրուիք, իւրաքանչիւրը իր տունը, եւ զիս մինակ պիտի ձգէք: բայց Ես մինակ չեմ, որովհետեւ Հայրս Ինծի հետ է: Ասոնք խօսեցայ ձեզի, որպէսզի Ինձմով խաղաղութիւն ունենաք: Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ Ես յաղթեցի աշխարհին» (Յհ 16.32-33): Մեզմէ իւրաքանչիւրը ենթակայ է նեղութեան, հալածանքի, դժուարութեան ու փորձութեան ենթարկուելու, յատկապէս՝ քրիստոնեայ ճշմարիտ հաւատացեալը, սակայն նոյն այդ հաւատացեալին բնաւ արտօնելի չէ մոռնալու կամ անտեսելու Տէր Յիսուսի սա քաջալերական խօսքերը, թէ՝ քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ Ես յաղթեցի աշխարհին: Տկարացա՞նք, նեղութեա՞ն մտանուեցանք, փորձութեան մէ՞ջ ինկանք, հալածանքի՞ կ՚ենթարկուինք, գէթ երկվայրկեանի մը համար յիշենք Տիրոջ այս խօսքերը, եւ ապա խաղաղութիւնն ու անդորրութիւնը պիտի տիրեն մեր ներսիդին, որով սթափ ու զգաստ դատողութեամբ եւ Տիրոջ առաջնորդութեամբ պիտի յաջողինք յաղթահարել մեր դէմ ցցուած դժուարութիւնը: Միաժամանակ մտաբերենք Միքիա մարգարէին խօսքերը, թէ՝ ո՛վ իմ թշնամիս, վրաս մի՛ խնդար. թէեւ իյնամ՝ պիտի ելլեմ, թէեւ խաւարի մէջ նստիմ՝ Տէրը ինծի լոյս պիտի ըլլայ: Աշխարհով ու աշխարհայինով ապրող մարդուն համար այս խօսքերը անարժէք են, որովհետեւ խօսքին արժէք տուողը այդ խօսքին նկտամամբ ցուցաբերուած հաւատքն ու վստահութիւնն է, մինչ՝ իրաւ հաւատացեալին համար անսահման զօրութեան աղբիւր են այս խօսքերը, որոնց միջոցով կրնայ յաղթահարել չարին հազարաւոր՝ նոյնիսկ բիւրաւոր արբանեակները:
Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետը այսպէս կը բացատրէ Տիրոջ այս խօսքը, թէ՝ աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ Ես յաղթեցի աշխարհին.
- Տէր Յիսուսի ըսելը, թէ աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, այսինքն՝ այնքան ատեն որ աշխարհի մէջ էք՝ նեղութիւններ պիտի կրէք, ո՛չ միայն այն ինչ որ հիմա կը կրէք, այլ՝ յետագային եւս պիտի կրէք:
- Կ՚արտօնէ մեզի եւս յաղթել, նայելով մեր Հաւատքի Հրամանատարին, ու քալելով այն նոյն ճանապարհէն՝ որ Ան մեզի համար քալեց…: Մահացած չենք մահուան դէմ մեր ունեցած պայքարին համար, այլ՝ անմահ ենք՝ մեր յաղթութեան պատճառով…: Մահը կը փճացնէ՞ մեր մարմինները. ի՞նչ է ասիկա. մեր մարմինները ապականութեան մէջ պիտի չմնան, այլ՝ աւելի լաւ վիճակի մը մէջ պիտի յայտնուին…:
Հետեւաբար, յաղթե՛նք աշխարհին, վազե՛նք դէպի յաւիտենականութիւն, հետեւի՛նք Թագաւորին, կառուցե՛նք յաղթանակի յուշարձանը, անտեսենք աշխարհիկ հաճոյքները. յոգնելու պէտք չունինք այս բոլորը ընելու: Մեր հոգիները դէպի երկինք ուղղենք, որով ամբողջ աշխարհը կը պարտուի: Երբ աշխարհը չե՛ս ցանկար՝ կը յաղթես անոր: Եթէ ծաղրես աշխարհը, ապա ան կը պարտուի:
Մենք օտարականներ ու ճամբորդներ ենք, ու երանի՜ չտխրինք այն տխրեցնող բաներէն, որոնք այս աշխարհին հետ առընչութիւն ունին:
Իսկ Սուրբ Օգոստինոս Երանելին այսպէս կը բացատրէ նոյն համարը.
- Կը վստահին Անոր՝ Ով կ՚ըսէ. «Ուրախացէ՛ք [քաջալերուեցէ՛ք], Ես յաղթեցի աշխարհին». որովհետեւ մեր թշնամիին՝ ստանային վրայ յաղթանակ կը տանինք՝ Անոր օգնութեամբ ու պահպանութեամբ:
- Ինչո՞ւ մեզի կ՚ըսէ. «Ուրախացէ՛ք [քաջալերուեցէ՛ք]», որովհետեւ մեզի համա՞ր յաղթեց, կամ մեզի համա՞ր պատերազմեցաւ:
Ո՞ւր պատերազմեցաւ Ան:
Պատերազմեցաւ՝ մեր բնութիւնը առնելով…:
Մեզի համար յաղթեց, մենք՝ որոնց ցոյց տուաւ Իր յարութիւնը…:
Ո՜վ մարդ, Աստուծոյ կառչի՛ր, Անոր՝ որ քեզ մարդ ստեղծեց: Լաւապէս կառչի՛ր Անոր, վստահութիւնդ Անոր վրայ դիր:
Հրաւիրէ՛ զԻնք, որպէսզի զօրութիւնդ ըլլայ: Ըսէ՛ Անոր. «Տէ՜ր, Քու մէ՛ջդ է զօրութիւնս»:
Այդ ատեն մարդիկ երբ սպառնան քեզի, դուն կ՚երգես. իսկ թէ ինչ կ՚երգես, ապա Տէրը Ի՛նք կ՚իմացնէ քեզի. «Աստուծոյ կը յուսամ, պիտի չվախնամ. մարդը ինծի ի՞նչ կրնայ ընել» (Սղ 56.11):
- Անոր [Տէր Յիսուսի] փառաւորումէն ետք իրենց դիմագրաւած փորձութեան ընթացքին Սուրբ Հոգին ստացան եւ Տէր Յիսուսին չլքեցին:
Եթէ քաղաքէ քաղաք փախան, ապա Անկէ՝ [Տէր Յիսուսէն] չփախան:
Մինչ փորձութիւնը կը հետապնդէր զիրենք աշխարհին մէջ, անոնք Տէր Յիսուսի մէջ խաղաղութիւն կը գտնէին: Իրմէ հեռանալու, շեղուելու փոխարէն, Անոր մէջ ապաստան կը գտնէին: Անոնց մէջ Սուրբ Հոգիին ներգործութեամբ՝ իրենց մէջ կ՚իրականանայ այս խօսքը, թէ՝ քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ Ես յաղթեցի աշխարհին:
Քաջալերուած ու յաղթանակած էին, սակայն որո՞ւ մէջ: Իր՝ Տէր Յիսուսի մէջ: Ան աշխարհին վրայ չի՛ հաշուուիր, այլ՝ որպէսզի Իր անդամները յաղթեն աշխարհին: Այդ պատճառով Առաքեալը կ՚ըսէ. «Շնորհակալութիւն Աստուծոյ, որ մեզի յաղթանակ կը պարգեւէ», անմիջապէս աւելցնելով՝ «մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսով» (Ա. Կր 15.57):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
18 յունիս 2023, Վաղարշապատ