ՇԱՀԱՊԻՎԱՆԻ ԺՈՂՈՎԸ՝ 447-ԻՆ
Շահապիվանի ժողովը հայոց ամենափառաւոր ժողովներէն մէկն է։ Շահապիվանը կը գտնուի Բագրեւանդ գաւառը՝ Մասիսի ստորոտները, այժմեայ Հին Պայազիտի շրջանը, ուր ամէն Նաւասարդին կը ժողվուէին նախարարներ, իշխաններ, հոգեւորականներ, բազմաթիւ ժողովուրդ եւ մեծ փառքով կը տօնէին տարեմուտը։ (Կանոնագիրք Հայոց)։
Ահա այսպիսի տեղ մը՝ հաւանաբար տօնի ժամանակ գումարուած է բառին բուն նշանակութեամբ «Ազգային-Եկեղեցական» ժողովը։ Այնտեղ կը գտնուէր Կաթողիկոսը, քսան եպիսկոպոս, բազմաթիւ երէցներ, սարկաւագներ եւ եկեղեցւոյ համօրէն ուխտը, իշխաններ, գաւառապետներ, գաւառակալներ, պետեր, բռնաւորներ, զօրագլուխներ, հարիւրապետներ, ազատներ, կուսակալներ, բոլոր նախարարները, Վասակ մարզպանը, Վահան հազարապետը, Վարդան Մամիկոնեանը…։ Բոլորը միաձայն կը դիմեն Ժողովի ղեկավարին, Սուրբ Գրիգորի, Ներսէսի, Սահակի եւ Մաշտոցի սահմանած կանոնները, կարգերը հաստատելու, յանձն առնելով՝ Առաքելական եւ Նիկիական կանոնները հաստատուն պահել եւ ի՛նչ որ այս կանոնները իրենց լրումին հասցնելու անհրաժեշտ է՝ միասին սահմանելու համար։ Այս իմաստով ընդարձակ ժողով մը եղած է այս մէկը։
Ամբողջ Տիեզերական Քրիստոնեայ Ժողովներու մէջ այսպիսի փառաւոր ժողով մը չէ՛ եղած, ուր մասնակցէին հոգեւորականները իրենց դասերով եւ իշխանները աշխարհական զանազան դասակարգերով։
ԺԹ. դարու ռուս կանոնագէտ՝ ռուս ուսուցչապետ Բաւլով ամէն միջոց ի գործ դրած է ապացուցանելու՝ որ եկեղեցին լոկ հոգեւորականներուն չի պատկանիր, այլեւ աշխարհականներուն։ Դժբախտաբար, քրիստոնեայ աշխարհի եկեղեցական պատմութեան մէջ բացի մի քանի աննշան դէպքերէ ծանրակշիռ փաստեր կարելի չէ գտնել. սա եթէ ծանօթ ըլլար Հայ եկեղեցական ժողովներու հետ, կարելի պիտի ըլլար «փառաւոր փաստեր»ով ապացուցանել իր հարցը, քանի որ այսպիսի Հայ ժողովները գոյութիւն ունեցած են նախկին դարերուն, երբ տակաւին «դաւանաբանական պառակտում» եղած չէր…
Վերոյիշեալ այս «կանոնադիր երկրորդ ժողով»ը վաւերացուց փաստական կերպով Առաջին Ժողովի ընդունած սկզբունքները ժողովի հրաւիրելու եւ ժողովի կառավարութեան արտաքին ձեւերը ուսումնասիրելու վերաբերմամբ։
ա.- Այս ժողովը հրաւիրեց եւ ժողովին նախագահեց Կաթողիկոսը՝ որը, ըստ Փարպեցիի, քահանայական աստիճան ունէր։ 447-ին՝ Տ. Ս. Յովսէփ Ա. Հողոցմեցի. 440-452։
բ.- Այս ժողովին եւ ինչպէս նաեւ նախընթացին կը մասնակցէին հոգեւորական եւ աշխարհական տարրը իրենց ամէն տեսակ դասակարգերով։
գ.- Այս ժողովը հաստատեց իրենցմէ առաջ եղած բոլոր ժողովները եւ հայրապետական կանոնները՝ որոնք մինչեւ այդ օրը ազգին կողմէ թէեւ ընդունուած էին, բայց ժողովական հաստատութեամբ չէին վաւերացուած։
Այսպէս, ուրեմն, հաստատուեցան Նիկիայի, Պոլսոյ, Եփեսոսի ժողովները եւ Լուսաւորչի, Ներսէսի, Սահակի եւ Մեսրոպ Մաշտոցի եւ ապա Առաքելական կանոնները։
Այս ժողովը իր այս օրէնսդրական եւ նախկին ժողովներու կանոններու ընդունելութեամբ եւ հաստատութեամբ փառաւոր սկզբունք կը սահմանէ, որը, դժբախտաբար յետագայ դարերուն բոլորովին մոռացութեան մատնուած է։
դ.- Այս ժողովին կ՚երեւի բուն ժողովրդական կեանքը, արտաքին կանոնները կ՚ընդունուին եւ բոլորովին «ազգային գոյն»ի տակ կ՚առնուին. այսպէս կ՚ըսուի՝ կը յայտնեն, եկեղեցական կանոնները կը ստանան «քաղաքական» քաղաքացիական օրէնքի պարտաւորական ուժ՝ պատիժի եւ տուգանքի տակ ձգելով օրինազանցները։
ե.- Այստեղ սահմանուած են մարմնական պատիժներ ամենախիստ աստիճանի, մինչեւ իսկ, որ բոլորովին համապատասխան չէ՛ Աւետարանի ոգիին, եւ որոնք չեն երեւիր նոյն ժամանակուայ օտարներու կանոններուն մէջ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 24, 2023, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024