Ս. ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԸ ԳՆԱԼԸԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ ՆՇԱՆԱՒՈՐՈՒԵՑԱՒ ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁՈՎ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, վերջերս տեղի ունեցան արարողութիւններ, Ս. Թարգմանիչ վարդապետներ՝ Սահակ եւ Մեսրոպի տօնին առթիւ։ Արարողութեան մասնակցեցան Տ. Զաքէոս Ծայրագոյն Վարդապետ Օհանեան, Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան եւ Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան ուխտաւոր սարկաւագաց եւ դպրաց կողմէ՝ առաջնորդութեամբ Գէորգ Սրկ. Ներկիզի։
Նախքան Տէրունական աղօթքը, քարոզեց Տ. Զաքէոս Ծայրագոյն Վարդապետ Օհանեան «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ իմանալ զբանս հանճարոյ» բնաբանով։ Այս առթիւ ան յայտնեց, որ սոյն տօնակատարութիւնը կը զուգադիպի Պատրիարք Սրբազան Հօր քահանայական ձեռնադրութեան եւ անուանակոչութեան տարեդարձներուն։ Այս առթիւ ան բարեմաղթութիւններ յղեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։ Ս. Պատարագի աւարտին պաշտօն կատարուեցաւ ի հանգիստ հոգւոցն Պատրիարքական Աթոռի երանաշնորհ գահակալներ՝ Մեսրոպ Արք. Նարոյեանի, Գարեգին Արք. Խաչատուրեանի եւ Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի։ Յիշատակուեցան նաեւ վախճանեալ վարդապետներ, կրթական մշակներ, տեսուչներ, հայ գրչի եւ մամլոյ սպասաւորներ։
Արարողութեան աւարտին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ, եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Լեւոն Շատեանի գլխաւորած Կղզեաց թաղային խորհուրդի անդամները ողջունեցին հիւրերն ու հաւատացեալները։
Այս առթիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան արտասանեց սրտի խօսք մը եւ անդրադարձաւ օրուան խորհուրդին։ Ան յանուն ներկաներուն շնորհաւորեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր անուան տօնախմբութիւնը՝ մաղթելով արեւշատութիւն։
Յաջորդիւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ու փոքրիկն Մինաս Մեսրոպ Թապաշեան միասնաբար հատեցին կարկանդակ մը եւ ներկաներ անուանակոչութեան տօնի առթիւ իրենց բարեմաղթանքները փոխանցեցին։
Հուսկ բանքը արտասանեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ ուրախութիւն յայտնեց տօնական արարողութեան կապակցութեամբ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Գնալըի ընտանիքին ու ներկաներուն։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024