ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԻ ԴԵՐԸ ՀՈԳԵՄՏԱՒՈՐ ԿԵԱՆՔԻ ՄԷՋ

Դժուար է միանշանակ գնահատել մեր պատմութեան ելեւէջները մեր եկեղեցական կեանքին մէջ եւ հոգեւորականներու դերը մեր ժողովուրդի հոգեւոր, մտաւոր, ազգային կեանքի կազմաւորման եւ զարգացման մէջ։

Իսկ այսօր, աւելի քան երբեւէ, արդի կեանքը շատ բարդ, խրթին եւ դժուարիմաց է, որուն կարելի է անդրադառնալ բոլորիս կողմէ։ Մեր հաւատքի, աւանդութիւններու եւ հոգեւոր-բարոյական ապրումներու հանդէպ նկատուող անտարբեր եւ սառ կեցուածքը, աշխարհականացած արդի, օտարամուտ եւ անհաշտ բարքերը եւ մտայնութիւնները հասարակութեան մէջ անյաղթահարելի խոչընդոտներ կը ստեղծեն շատ անգամ։

Բայց հոգեւոր գիտելիքներով զինուած հոգեւորականը պարտաւոր է դիմագրաւել այդ խոչընդոտները, Աստուծոյ շնորհիւ եւ Անոր շնորհի օրհնութեամբ աշխատիլ Տիրոջ կամքը կատարել երկրի վրայ՝ վճռականութեամբ հաստատելու համար Աստուծոյ Թագաւորութիւնը։

Հոգեւորականներ՝ նախ ըլլալով Աստուծոյ սպասաւորներ, պէտք է միշտ կապուած զգան իրենք զիրենք՝ իրենց ներշնչող աղբիւրին՝ Արարչին, տեւաբար հաղորդակցութեան մէջ ըլլան՝ Անոր հետ, աղօթքի միջոցով եւ այդ ճամբով առաջնորդեն իրենց յանձնուած եւ վստահուած հօտը դէպի հոգեւոր եւ բարոյական աշխարհի ոլորտները։

Արդարեւ, աղօթքը անհատի հոգիին միաձուլման ձգտումն է Աստուծոյ հետ։ Ան մեր ընկալումն է աւետարանական պատուիրաններու եւ մեր խղճի ձայնի արձագանգը։ Ուստի, հոգեւորականներ պէ՛տք է ունենան մշտապէս նորոգուելու եւ նորոգելու իրենց հոգիի պահանջները։ Պաշտօնական պաշտամունքները եւ ծէսերը՝ որոնք համայնական բնոյթ ունին, պէտք է վերածել եւ հասցնել անհատական խոստովանութեան մակարդակի՝ հոգեւորականներու միջոցով առ Աստուած։ Եւ ուրեմն, հովիւ եւ ծուխ պէ՛տք է նոյնանան եւ ձգտին մօտենալ քրիստոսաւանդ կեանքի գործելակերպին, որպէսզի, իբրեւ եկեղեցական կարգապահութիւն, այն դառնայ առօրէական պահանջ իրենց հովուական առաքելութեանը զուգընթաց շարունակական բիւրեղացման եւ տեւական վերանորոգման ճամբով դառնայ սուրբգրական քրիստոսաւանդ կենցաղավարութիւն, որուն թելադրանքը կը ստանանք Աստուծոյ հետ յարատեւ հաղորդակցութեան միջոցով հաւատացեալներու հոգիին եւ սրտին մէջ լուսաւորելով աստուածապարգեւ եւ աստուածատուր պարտաւորութիւնները եւ պարտքերը։

Յաճախ պէտք է գտնել խոկումի եւ ինքնամփոփման միջոցով ինքնակատարելագործման եւ հսկումի պահեր, կատարել հոգեւորականի յատուկ հոգեւոր պարտականութիւնը խթանող ընթերցումներ՝ ներքնապէս զօրանալու, մշտանորոգ վճռականութեամբ ձեռք բերելու համար Սուրբ Հոգիի շնորհիւ իրենց կամքի եւ մտքի ներքին ուժը, որը կը շարունակուի հաստատակամութեամբ, եւ կը շարունակէ վերակերտել իրենց հոգեւոր գործունէութիւնը իրենց կեանքին մէջ։

Հոգեւորականի ընթերցումները պէտք է մաս կազմեն նաեւ մեր Եկեղեցւոյ հայրերու՝ Սուրբ Նարեկացիի, Սուրբ Շնորհալիի, Օրմանեան Սրբազանի եւ ներանձնական բնոյթի բազմաթիւ ուրիշ գիրքեր՝ լեցուելու համար լոյսով, առաւել ուժեղ եւ ամուր, անսասան հաւատքով։

Սուրբ Գիրքի ընթերցումը հոգեւորականի տուներու եւ եկեղեցիներու առաջին աղբիւրը, հոգեւոր կեանքի անբաժանելի ուղեկիցը պէտք է հանդիսանայ իրենց անձնական կեանքին մէջ։ Իրենց կեանքը պէտք է առաջնորդէ կրօնազգաց ապրումներու՝ ինքնաբիւրեղացման եւ պայծառատեսութեան զգացումներով…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յուլիս 3, 2023, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Յուլիս 4, 2023