ՄՆԱՍ ԲԱՐԵԱՒ ՈՒՍՈՒՑՉՈՒԹԻՒՆ (Ա.)
Աստուծոյ ողորմածութեամբ ու բարի կամքի շնորհիւ, թրքերէնի ուսուցիչի թափուր աշխատատեղիին համար, քանի մը թեկնածուներու մէջէն ընտրեցին զիս: 2022-2023 թուականներու ուսումնական տարեշրջանէն սկսեալ, Երեւանի աւագ դպրոցներուն՝ լիսէներուն մէջ, որպէս հիմնական առարկայ սկսան ուսուցանել թրքերէն ու ատրպէյճաներէն լեզուները: Դպրոցի տնօրէնութիւնը կ՚ընտրէ լեզուներէն մին եւ տասներորդ դասարանէն սկսեալ, աշակերտութիւնը, որպէս հիմնական առարկայ, կը սորվի զայն:
Ինծի համար ուրախութիւն էր, որ այս անգամ նոյնպէս, նուաստիս օգնութեան հասաւ իմ այցեքարտը:
Իմ այցեքարտը արցախցի ըլլալն է:
Այն միշտ ինծի հետ է եւ ամէն անգամ ինձմէ առաջ կ՚աճապարէ ներկայանալ ու ճանապարհ հարթել: Այդպէս եղած է միշտ ու Տիրոջ կամօք՝ այդպէս ալ պիտի շարունակէ: Այդպէս եղաւ իմ ուսանողական տարիներուն, ինչպէս նաեւ Պոլսոյ մէջ ապրած իմ չորս տարիներու ընթացքին: Թուրքիոյ մէջ անգամ ան կը գործէր՝ իր փայլով կուրացնելով հայուն, պոլսահայուն՝ էութեամբ հայուն:
Էութեամբ հայը՝ որ հայրենիք կը շնչէ ու կ՚արտաշնչէ: Իսկ այսօր կ՚ըլլայ շնչահեղձ: Կը տապակուի հայրենիքի ցաւով: 2020 թուականի 44-օրեայ չարաբաստիկ պատերազմէն ի վեր ամէն օր կը մահանայ ու կը վերակենդանանայ:
Էութեամբ հայը անկարելի է չնկատէ իմ այցեքարտի փայլքը կամ անտարբեր անցնի անոր քովէն: Հայու մօտ իմ արմատները ակամայ կը յառաջացնեն ջերմութիւն ու ժպիտ, բարձրացնելով ուրախութեան ու հիացմունքի չափաբաժինը:
Կ՚ըսեն, թէ պատերազմը վերջացած է: Պատերազմը չէ աւարտած, այն կը շարունակուի: Առածի մը համաձայն՝ պատերազմը կը վերջանայ հայու յաղթանակի պարագային: Այսօր Արցախն ու Հայաստանը կ՚ըլլան արիւնաքամ, ծանր կը հեւան, երբեմն ալ կ՚ոռնան ուժգին ցաւէն: Իսկ մենք՝ կարծես շղթայուած անտեսանելի կապանքներով, անկարող ենք հասնիլ օգնութեան, կերպով մը ըլլալ օգտակար: Մեր ձեռքերը ծալած, տամուկ աչքերով, արիւնոտ սրտով քովէն կը դիտենք մեր սրբազան հողի տառապանքը, ոչնչացումը:
Ի՞նչ է այս, եթէ ոչ Աստուծոյ պատիժը: Պիտի հարցնէք, թէ մեր ո՞ր մեղքի համար Տէրը մեզ այսքան դաժան կը պատժէ: Մեր մեղքերը անհամար են: Շատ մեծամտացանք, հպարտացանք, յղփացանք, արբեցանք մեղքով եւ ազգովին կը շարունակենք մեր ծառայութիւնը չարին: Սակայն, վստահաբար, սթափութիւնը սարերու ետեւը չէ: Օրը պիտի բացուի, բարին ալ հետը: Չէ որ ամէն մայրամուտ ունի լուսաբաց: Հայաստանն ու Արցախն ալ, երկրի վրայ Տիրոջ կողմէ մեզի ի պահ տրուած հողը, օր մը ի վերջոյ՝ Տիրոջ ողորմածութեամբ, պիտի շնչէ ու արտաշնչէ հայերէն: Ազատ ու անկախ Արցախը նորէն պիտի ողջունէ համայն հայութիւնը իր խաղաղ ու ջինջ երկնքին տակ:
Երբ աշխատանքի առաջարկ ստացայ՝ շատ ուրախացայ: Վայրկեաններու ընթացքին իմ ուրախութեան տեղի տուաւ վախը, կասկածը: Կը մտորէի. «Իսկ եթէ անոնք հարեն դաւաճանական թեւէն... Ինչպէ՞ս պիտի կրնամ հասկնալ... Ինչպէ՞ս պիտի վարուիմ...»:
Հազիւ կրցայ ինքզինքս հեռու պահել յոռետես մտքերէն եւ լոյս սփռել իմ մտքերուն մէջ. «Արեւի՛կ, ինչո՞ւ սար ու ձոր կ՚իյնաս: Եթէ խօսակցութեան մէջ զգաս անոնց հակազգային ըլլալը՝ չես աշխատիր»: Առհասարակ այս տխուր ու անորոշ օրերուն, անծանօթներուն կը մօտենամ վերապահութեամբ: Ինծի համար խիստ կարեւոր է իմ դիմացինի դիրքորոշումը Հայաստանի ու Արցախի հարցին շուրջ: Եթէ հայկական մականունով մէկը իր մտքին մէջ անգամ պատրաստ է հակառակորդին զիջելու թէկուզ մէկ սանթիմեթր հայկական հող, կը սատարէ մերօրեայ ազգադաւ իշխանաւորներուն, իր պարագլուխով հանդերձ, ես այդպիսի «հայուն» հետ փոխանակելիք խօսք չունիմ:
Ուրախացայ, երբ անդրադարձայ, որ նոյն բանը թերեւս իր մտքին մէջ կը խորհէր այդ օրը ինծի հետ հարցազրոյց վարած իմ շատ սիրելի ընկեր Աւագեանը: Փոխ-տնօրէնը լաւ մասնագէտ փնտռելէ զատ, կը կարեւորէր ուսուցիչի մարդկային տեսակն ու հայրենիքի վերաբերեալ ունեցած գաղափարները: Թերեւս ես՝ նուաստս, ինչ-որ չափով կրցայ բաւարարել մեր յարգարժան փոխ-տնօրէնին սպասումները:
Իմ յիշատակներու մէջ լաւագոյնս պահպանուեցան Երեւանի համար երկու աւագ դպրոց իմ մուտք գործելը: Տիգրան Մեծ պողոտային վրայ գտնուող Բարսեղ Կանաչեանի անունը կրող բնութեան թանգարանի ետնամասին կը գտնուի նախկին վարժարանը: Լայնարձակ պարտէզով, պտղաշատ ծառերով, եռայարկ սպիտակ շէնք մըն է այս մէկը: Դպրոցի շքամուտքին զիս դիմաւորեց խնդումերես օրիորդ Շուշանիկը՝ ընկեր Պապլոյեանը:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
•շարունակելի…
Երեւան