ՄՆԱՍ ԲԱՐԵԱՒ ՈՒՍՈՒՑՉՈՒԹԻՒՆ (Բ.)
Աւելի քան 450 աշակերտ ունեցող եռայարկ դպրոցի պատուհանները կը նային դէպի պարտէզ: Մեծաւ մասամբ այս նոյն պարտէզին մէջ տեղի կ՚ունենան մարմնամարզութեան դասերը, որոնց աշակերտութիւնը կը սպասէ սրտատրոփ: Իւրաքանչիւր դասարան շաբաթը երկու անգամ ունի մարմնամարզութեան դաս: Վստահաբար այդ մէկը միակ առարկան է, որ ընտրովի ըլլալու պարագային պատանիները կ՚ուզեն անցնիլ ամէն օր:
Ուսումնական հաստատութեան շէնքի մուտքի հարեւանութեամբ, ընդամէնը տասն մեթր անդին փոքրիկ ծառաստան մըն է. քանի մը եղրեւանի, որոնք իրենց բոյրով ու գեղեցկութեամբ ամբողջ գարուն հմայեցին բոլորը: Նռնենի մը եւ չորս-հինգ բալենի:
Ա՜խ այդ բալենիները, կախարդական, կարմրաթուշ նրբահատիկներով: Այդ փոքրակազմ ծառերը, ծանրութեան տակ կքելով կը շողան բերքի առատութենէն:
Իւրաքանչիւր ծառի վրայ այնքան բերք կար, որ կարծես պիտի հերիքէ յաւերժութիւն մը:
Միջօրէին կարմիր, քաղցրահամ հատիկները կը զարդարէին ուսուցիչներու ճաշասեղանները: Աշակերտներն ալ ընդմիջումներու ընթացքին անմիջապէս ծառէն կը ճաշակէին արեւահամ պտուղները:
Հեռուէն դպրոցի մուտքին նշմարեցի, կարմրահեր, ձիւնաճերմակ արտաքինով, գեղեցկադէմ ու փոքրամարմին երիտասարդուհի մը, որ դուրս եկած էր զիս դիմաւորելու: Երեւանի երկու աւագ դպրոցին մէջ ինծի առաջինը բաւական ջերմ ու անկեղծ ժպիտով, բարեհամբոյր դիմաւորեց պատմութեան ուսուցչուհին՝ օրիորդ Շուշանիկը: Անշուշտ, իմ յուզումն ու լարուածութիւնը շատ էր: Սակայն ընկեր Պապլոյեանը իր անմիջականութեամբ ու անկեղծութեամբ ի չիք դարձուց իմ մէջ կուտակուած բոլոր բացասական լիցքերը: Մեր ծանօթութեան առաջին իսկ վայրկեանէն մենք մտերմացանք՝ յետագային դառնալով լաւ ընկերներ: Շուշանը կը շողայ պայծառ արեւի պէս: Դպրոցի մէջ ան դարձաւ իմ պահապան հրեշտակը: Ամէնուր կը հետապնդէր զիս: Տակաւին իմ ոտքը քարին չդպած՝ կը բռնէր ձեռքէս: Անխնայ ինծի հետ կը բաժնէր իր տասներկուամեայ մանկավարժական փորձառութիւնը: Վհատութեան պահերուն կ՚ըլլար նեցուկ, կը խրախուսէր իմ աշխատանքը: Իսկ երբ որոշեցի ձգել ուսուցչութիւնը, ամենէն շատ յուզուեցաւ Շուշանը: Ամէն կերպով փորձեց զիս համոզել ետ կանգնիլ իմ որոշումէն:
Ես իմ որոշումը այլեւս կայացուցի:
Կը յուզուիմ, որ պիտի զատուիմ այսքան ջերմ ու բարեացակամ ընկերական շրջապատէն: Տարիի մը հոլովոյթին սիրեցի շատեր: Ուսուցիչներէն շատերը ինծի օգնեցին, համբերատար սատարեցին՝ փորձելով ըլլալ օգտակար:
Փորձառու եւ բազմավաստակ ընկեր Աւագեանը շատ համբերատար ու բարեհամբոյր է բոլոր ուսուցիչներու նկատմամբ, միաժամանակ խստապահանջ: Պիտի չմոռնամ մեր յարգարժան փոխ-տնօրէնէն իմ սերտած դասերը. դասեր, որոնք կը վերաբերին մանկավարժութեան: Ընկեր Աւագեան զիս սիրով կ՚ուղղորդէր դէպի լաւ մանկավարժի աստիճանը. «Երեք-հինգ տարի վերջ քեզմէ լաւ մանկավարժ պիտի ստանանք»:
Ազատ ժամերուն՝ ուսուցչանոցի մէջ կը սիրէի ունկնդրել ընկեր Աւագեանի կատակախառն խօսքը: Զրոյցներու ընթացքին ան գրեթէ միշտ կը յիշէ Սիւնիքը, Գորիսի իր տունը, Սիւնեաց լեռներու մէջ ապրած իր տարիները: Խորհեցէք արցախցիի մը համար որքա՜ն հաճելի է ունկնդրել սիւնեաց բարբառի շեշտադրումներով, իր խօսքը գրագէտ հայերէնով արտայայտող, իմաստութիւն բուրող մանկավարժ մը: Ընկեր Աւագեանի ձայնը երբեք չի բարձրանար, միայն կը փոխուին կէտադրութիւնն ու եղանակները:
Դպրոցի խստապահանջութեան ու յաջողութիւններու, ուսուցիչներու որակի ու համերաշխութեան պատասխանատուն տնօրէնուհին է: Այս ուսումնական հաստատութեան երդիքին տակ բոլորը ակնածանքով կը վերաբերին իրենց վերադասին՝ տիկին Սարեանին ու կը սիրեն զինք: Թէպէտ տնօրէնուհին բաւական խիստ է, բայց օր մը գանգատ մը չիմացայ անոր հասցէին: Ուսուցիչները տնօրէնուհիի բոլոր նկատողութիւնները կ՚ընդունին որպէս անփութութեան, անուշադրութեան շտկում մը:
Ինչպէ՞ս կարելի է սիրել այդքան խիստ տնօրէն մը՝ պիտի հարցնէք: Գաղտնիքը ընկեր Սարեանի մեծութեան, հայրենասիրութեան, անաչառութեան, արհեստավարժ մանկավարժ ու մասնագէտ ըլլալուն մէջ է: Ընկեր Սարեան կը հոգայ, որպէսզի դպրոցի երդիքին տակ չպակսի հայրենասիրութիւնը, որպէսզի նոր սերունդը կրթուի հայրենասիրական ոգիով:
«Քանի մը թեկնածուներու մէջէն քեզ ընտրեցի արցախցի ըլլալուդ համար», բազմիցս իմացած եմ այս նախադասութիւնը ընկեր Սարեանէն: Այս մէկը մեծ պատիւ մըն է ինծի համար:
Մեր բոլոր նախաձեռնութիւններու, ժողովներու ընթացքին ընկեր Սարեան իր խօսքին մէջ կ՚անդրադառնայ մերօրեայ ցաւին՝ վիրաւոր Արցախին ու Հայաստանին: Անոր միտքը այնքան սրտաբուխ կ՚ըլլայ, որ դահլիճի մէջ ներկաներու աչքերը կը տամկանան:
Դպրոցի պատերէն ներս կ՚ապրի հայրենասիրութեան, արցախպաշտութեան ոգին: Ուսուցիչներէն շատեր վարակուած են այս հաճելի, խիստ անհրաժեշտ հիւանդութեամբ: Կան նաեւ հայրենիքով արբեցածներ՝ ընկեր Օսիպեանն ու ընկեր Մնացականեանը՝ հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցչուհին: Քանի անգամ միասին յուզուեցանք, ուրախացանք, փորձեցինք ձեւով մը սփոփել մեր ցաւը:
«Իմ արցախցին, իմ արեւ աղջիկը», այսպէս զիս կը կոչէ ընկեր Մնացականեանը: «Արեւ աղջիկ, ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր վերջը, դուն ի՞նչ կը խորհիս…», յուսահատութեան պահերուն օրիորդ Լիլիթ Մնացականեանի ողջոյնի խօսքը կը սկսի այս բառերով, թախծոտ աչքերը յառած հեռուն:
Ընկեր Մնացականեանն ու Օսիպեանը իմ ընկերուհիներն են: Կարծես մենք մէկ մարմին, մէկ միտք ըլլանք: Ազատ ժամերուն, զբօսանքներուն միշտ կ՚ըլլանք միասին: Ընկեր Օսիպեան նոյնպէս արցախցի է, ժառանգած արցախցիի յամառութիւնն ու խստութիւնը. «Արեւիկ, բարբառով խօսէ, կարօտցայ», կ՚ըսէ ան: Կը սիրենք երեքով զրուցել, ճաշել, անոնք սուրճ կ՚ըմպեն, իսկ ես կը վայելեմ իմ թէյը: Անոնց հետ ես տունը կը զգամ:
Այլեւս ես գտայ իմ տունը, իմ երկրորդ տունը: Երեւանի համար երկու աւագ դպրոցը իմ երկրորդ տունն է: Այնտեղ ես տանն եմ, շրջապատուած սիրելիներով: Աւա՜ղ, այլեւս պիտի լքեմ Հայաստանի մէջ գտած իմ տաքուկ անկիւնը:
Բարին ընդ ձեզ՝ սիրելի դպրոց եւ ուսուցիչներ:
Թող Աստուած օրհնէ բոլորդ:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
•վերջ
Երեւան