ԱԿՆԱՐԿ - 22 - «ՇԱՆ ԿԵՂՏՈՎ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԱԾ ԿԱՐԿԱՆԴԱԿ»

Մեր այսօրուան ընկերութիւնը որու մէջ կ՚ապրինք, գրեթէ բոլոր առումներով այլափոխուած է, չըսելու համար այլասերուած է:

Արդարեւ, իրողութիւնները սկսած են հակառակ կերպով ներկայացուիլ ու ընկալուիլ. այսպէս՝ ճերմակը՝ սեւ, գեղեցիկը՝ տգեղ, զօրաւորը՝ տկար, առաքինին՝ անբարոյ, խելացին՝ տգէտ, աշխատասէրը՝ ծոյլ…, եւ այսպէս շարքը կարելի է երկարացնել:

Այսօրուան ընկերութեան մեծագոյն թշնամիները կարելի է նկատել՝ Աստուածսիրութիւնը, մարդասիրութիւնը, ճշմարտախօսութիւնն ու բարոյականութիւնը: Այս չորս հիմնական իրողութիւնները, որոնք առողջ մարդու մը ողնաշարը կը կազմեն, այսօր ամենէն սաստիկ ու թշնամական յարձակումներուն կ՚ենթարկուին, քանի որ այսօրուան մարդուն համար իր տէրն ու տիրականը դարձած է իր եսը, իր հանգիստը, իր հաճոյքը, եւ ատոնցմէ դուրս ամէն բան մարդ կ՚ընկալէ որպէս թշնամի…:

Եթէ այս բոլորին պատճառը փորձենք գտնել, ապա կրնանք հանդիպիլ շա՜տ չնչին ու փոքր մանրամասնութեան մը, որ օրին երբեք չէ անհանգստացուցած մեզ, ընդհակառակը անկարեւոր բան մը թուացած է, սակայն, իրականութեան մէջ այդքան ալ փոքր ու անկարեւոր չէ եղած, այլ՝ ճիշդ հակառակը, փոքր ըլլալով սղորդած է մեր առօրեային մէջ, եւ օր օրի գլորուելով վերածուած է մեծ գունդի մը, ինչ բանի հետեւանքով ալ հասած ենք մեր այսօրուան դառն իրականութեան:

Վերջին շրջանին յաճախ կը մտածէի այս մասին, թէ ինչո՞ւ կամ ինչպէ՞ս կարելի է մարդ այսքան դատարկուիլ իր մարդկութենէն, այսքան հեռանայ իր բուն կոչումէն, ու վերածուի էակի մը, որ շատ ալ տարբերութիւն չունի անբան անասուններէն: Մտածումներու այս խարխափումիս մէջ էր, որ դիմատետրի վրայ հանդիպեցայ այսօրուան գրութեանս վերնագիրով՝ «Շան կեղտով պատրաստուած կարկանդակ» գրութեան, որով ահագին հարցումներ՝ որոնց պատասխանը չէի գտներ, կամաց-կամաց սկսան գտնել իրենց պատասխանները…

Ահաւասիկ այդ գրութեան հայերէն թարգմանութիւնը կը ներակայացնեմ մեր սիրելի ու յարգելի ընթերցողներուն.

Օր մը երկու երեխաներ կ՚ուզէին մանկական գծաշարժանկար մը դիտել… Սակայն, այդ գծաշարժանկարին մէջ հատուած մը կար, ուր միասեռական երկու երիտասարդներ զիրար կը համբուրէին… շա՜տ կարճ հատուած մըն էր…, բայց իրենց հայրը կտրականապէս կը մերժէր ու արգիլեց անոնց որ այդ գծաշարժանկարը չնային, յատկապէս այդ գէշ հատուածը…:

Երեխաները տեսնելով իրենց հօր անդրդուելի կեցուածքը, փորձեցին բացատրել անոր, թէ կարելի չէ փոքր հատուածի մը համար ամբողջ գծաշարժանկարին վրայ կարծիք կազմել, մանաւանդ որ շա՜տ կարճ հատուած մըն է եւ հազիւ երկվայրկեաններ կը տեւէ…:

Հայրը ոչինչ պատախանեց անոնց ու անդրդուելի մնաց իր որոշումին մէջ:

Յաջորդ առաւօտեան երբ երեխաները արթնցան, տեսան որ իրենց հայրը տուրմով կարկանդակ մը պատրաստած էր, որ գեղեցիկ ու ախորժելի տեսք մը ունէր: Անոնք ոգեւորուած պատրաստուեցան համտեսել այն: Մինչ այդ, սակայն, անոնց հայրը ըսաւ անոնց.

-Նախքան ձեր ուտելը, կ՚ուզեմ ըսել ձեզի, որ կարկանդակին մէջ մեր տան բակի շան կեղտէն շա՜տ փոքր կտոր մը կայ, շա՜տ փոքրիկ կտոր մըն է, անոր համն իսկ պիտի չառնէք, սակայն մնացեալ կարկանդակը ընդհանրապէս շա՜տ համեղ է…, մի՛ մտահոգուիք:

Զարմանալին այն էր, որ հակառակ իրենց ոգեւորութեան երեխաները մերժեցին նոյնիսկ կարկանդակին դպնալ: Աւելին անոնք իրենց հայրիկին ըսին.

-Այս կարկանդակը ամբողջութեամբ պէտք է աղբաման նետուի, որովհետեւ անոր բնական տեղը այնտեղ է:

Հայրը պատասխանեց անոնց.

-Ես չեմ հասկնար, ի՞նչն է խնդիրը, ըսի ձեզի թէ շա՜տ փոքրիկ կտոր մըն է, այնքան որ նոյնիսկ թերեւս չզգաք ալ համը կամ ձեր կերած կտորին մէջ իսկ չըլլայ…, տրամաբանական չէ որ ամբողջ կարկանդակը թափէք աղբամանը, պարզապէս այն պատճառով որ մէջը շա՜տ փոքրիկ կտոր մը կայ մեր տան բակի շան կեղտէն…:

Երեխաները բացատրեցին իրենց հայրիկին, թէ նոյնիսկ այդ փոքր զզուելի կտորն իսկ ամբողջ կարկանդակին համը կը փճացնէ եւ զայն զզուելի գունդի մը կը վերածէ, որ կարելի չէ ուտել երբեք:

Հայրը ծիծաղեցաւ ու ըսաւ անոնց.

-Ճիշդ է, այդ պատճառով ալ պէտք է գծաշարժանկարներ դիտենք՝ որ չարժէ դիտել, որոնց մէջ երեւոյթներ կան, որոնք զԱստուած չեն հաճեցներ ու մեր բարոյական դաստիարակութեան հակառակ են, նոյնիսկ եթէ անոնք մի քանի երկվայրկեան ըլլան ամբողջ գծաշարժանկարին ընթացքին…, որովհետեւ այդ կարճ հատուածը ամբողջը կը փճացնէ…, ու այդ ամբողջ գծաշարժանկարին տեղը պատմութեան աղբամանը կ՚ըլլայ:

Երեխաները այդ ատեն հասկցան իրենց հօր պատրաստած կարկանդակին դասը եւ ընդունեցին զայն:

***

Մեր կեանքին, առօրեային ընթացքին ալ շատ յաճախ մեզի կը հանդիպին շա՜տ կարճ, կամ շա՜տ փոքր կտորներ, որոնք արտաքնապէս, երեւութապէս հաճելի ու անվնաս կը թուին, սակայն իրականութեան մէջ կործանարար դերակատարութիւն կրնան ունենալ մեր կեանքին մէջ, եթէ երբեք մենք չկրնանք հասկնալ այդ փոքրութեան մէջ պահուըտած մեծ վնասը…:

Միշտ պէտք է յիշել իմաստունին խօսքը, որ կ՚ըսէ. «Խաբէութեան իննիսունինն տոկոսը մեղր է, իսկ մէկ տոկոսը՝ թոյն»: Հետեւաբար, մեզի ներկայացուած ու հրամցուած ամէն ախորժելի տեսք ունեցող ու մեր ականջին հաճելի թուացող բան պէտք է շուտով չընդունինք, այլ՝ պէտք է ուշադրութեամբ քննենք, հասկնալու համար թէ այդ բանը ինչո՞ւ կամ ի՞նչ մտադրութեամբ կը ներկայացուի կամ կը հրամցուի մեզի, եւ նոր միայն որոշում կայացնենք ընդունելու կամ մերժելու:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

3 յուլիս 2024, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Յուլիս 6, 2023