ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԱՒ ԱՌԱՔԵԼՈՑ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, կիրակնօրեայ արարողութեանց նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ սարկաւագներն ու դպիրները։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան Ներսէսեան դպրաց դասու կողմէ՝ առաջնորդութեամբ Արթուն Սրկ. Թեքիրօղլուի։

Արարողութեան տեւողութեան քարոզեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որ խօսեցաւ Տէրունական աղօթքի «զհաց մեր հանապազորդ տուր մեզ այսօր» տողերուն մասին։ Ան աղօթքի ձեւին մասին տեղեկութիւններ փոխանցելով յիշեցուց, որ աղօթելու ժամանակ նախ փառք պէտք է տալ, հոգեւոր մուտք գործել եւ Երկնաւոր Հօր առջեւ խոնարհելով ներկայացնել մեր խնդրանքները։ Նորին Ամենապատուութիւնը ըսաւ. «Տէրունական աղօթքի այս տողերը մեզի կը յիշեցնեն, թէ մարդ կարիքն ունի նաեւ նիւթական ինչքերու՝ հացի, սակայն միշտ պէտք է նկատի ունենայ, թէ այդ մէկը Տիրոջ շնորհքն է եւ մեր ամենօրեայ հացը Աստուծոյ շնորհքը պէտք է ընդունիլ»։ Նորին Ամենապատուութիւնը ապա ըսաւ, որ, ըստ Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին, շաբաթ օր նշուեցաւ Ս. Առաքելոց տօնը։ Այս առումով ան անդրադարձաւ առաքեալ բառի նշանակութեան եւ ըսաւ, թէ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ առաքեալ ըլլալու կանչուած է։ «Տարբեր աստիճանաւորումներ ունի առաքեալ ըլլալը, որուն սկիզբն է կոչումը եւ այս առումով իւրաքանչիւր քրիստոնեայ պէտք է ուշադրութեամբ հետեւի քրիստոնէական կոչումին եւ ջանայ առաւել եւս նմանիլ առաքեալներուն», ըսաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։

Արարողութեան աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։ Իսկ կրօնական արարողութեանց աւարտին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը առաջնորդուեցաւ խորհրդարան, ուր նշուեցաւ եկեղեցւոյ երէց սարկաւագներէն Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութի ծննդեան տարեդարձը։

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, շաբաթավերջին, Պատրիարքական ամարանոցին մէջ ընդունեց Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Նազլը Տանաճըօղլուի։ Անոնք Նորին Ամենապատուութեան տեղեկութիւններ տուին թաղային խորհուրդի մատակարարութեան ներքեւ գտնուող ազգապատկան շէնքերու վերանորոգութեան եւ բարեզարդման համար ծրագրուած աշխատանքներու մասին։

Նորին Ամենապատուութիւնը իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ անոնք նախանձախնդրութեամբ տէր կը կանգնին եկեղեցւոյ ազգապատկան կալուածներուն եւ կ՚աշխատին զանոնք պահպանելու եւ արդիւնաւորելու։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հայրական օրհնութիւնը տուաւ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչներուն եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց եկեղեցւոյ ի նպաստ գործունէութեանց համար։

Բաց աստի, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շաբաթավերջին հիւրընկալեց նաեւ Ռումելիհիսարի Ս. Սանդուխտ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Օշին Փոլատն ու փոխ-ատենապետուհի Շահնար Տիւլկէր Պոշնաքը։ Անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին ընդունելութեան համար եւ տեղեկացուցին, թէ Ս. Սանդուխտ եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը այս տարի պիտի կատարուի 22 յուլիս, շաբաթ, իսկ յաջորդ օրը, ըստ ընկալեալ աւանդութեան, Ս. Պատարագի մատուցմամբ մատաղօրհնութիւն պիտի կատարուի։ Թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները հրաւիրեցին Նորին Ամենապատուութիւնը՝ նախագահելու կիրակնօրեայ արարողութիւններուն եւ սարքելի սիրոյ սեղանին։

Նորին Ամենապատուութիւնը խոստացաւ սիրով ընդառաջել հրաւէրին։ Ան հետաքրքրուեցաւ կատարուած աշխատանքներով, նաեւ տուաւ իր յորդորները։

Ի յիշատակ այս այցելութեան փոխ-ատենապետուհի Շահնար Տիւլկէր Պոշնաք ձեռագործ շրջանակ մը նուիրեց Նորին Ամենապատուութեան։

Ընդունելութեան աւարտին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տուաւ իր օրհնութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց թաղային խորհուրդի վարիչներուն՝ եկեղեցւոյ ի նպաստ գործունէութեանց մէջ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 10, 2023