ՃԱՆԱՊԱՐՀ ՊԷՏՔ ՉԷ…
Վերջին ժամանակները Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարները սկսան նմանիլ աշխարհի վրայ գոյութիւն ունեցող այն ղեկավարներուն, որոնք ճանապարհաշինութենէ բացի հպարտանալիք բան մը չունին. օրական դրութեամբ, մեծամեծ ծախսերով ճանապարհաշինութիւն կը կատարուի եւ այդ մէկը հպարտութեամբ կը բարձրաձայնուի, առանց նկատելու, որ այդ ճանապարհաշինութիւնը նոյնիսկ իր մէջ ունի դժբախտ երեւոյթ մը:
Այնպէս ինչպէս այսօր ունինք ճոխ եկեղեցիներ՝ առանց հաւատացեալներու, նոյնպէս որոշ ժամանակ ետք պիտի ունենանք սիրուն ճամբաներով Հայաստան մը՝ սակայն առանց հայու, որովհետեւ նկատենք թէ չէ, հայրենիքի մէջ բազմանալու փոխարէն օրէ օր կը թեւաթափուինք եւ իւրաքանչիւր օր կը սկսինք մերկանալ մեր հայութենէն:
Մեր ղեկավարները կ՚անգիտանան, թէ շատ աւելի լուրջ խնդիրներ ունի մեր ազգը՝ քան ճանապարհներու ներկայացուցած վիճակը, որովհետեւ մեր ճամբաներուն չափ դժբախտ վիճակ մը կը ներկայացնէ մեր կրթական, մշակութային, առողջապահական եւ գրեթէ գոյութիւն ունեցող միւս բոլոր ոլորտները, որոնք աւելի կարեւոր են՝ քան ճանապարհները:
Երեւանէն փոքր մը դուրս եկէք... եւ փորձեցէք աչքէ անցընել Հայաստանի մարզերուն մէջ գտնուող դպրոցներուն, մանկապարտէզներուն եւ բժշկական կեդրոններուն վիճակը եւ ինքներդ եզրակացուցէք, թէ ո՞ր մէկը առաջնահերթ է. ունենալ ժամանակակից վարժարաններ, թէ ճանապարհներ: Մարզերու մէջ գտնուող բժշկական կեդրոններն ու դպրոցները մինչեւ օրս կը «վայելեն» Խորհրդային Միութեան «բարիք»ները. անոնց դռները, սեղաններն ու պատուհանները գուցէ մեր բոլորէն շատ աւելի երկար կեանք ունին:
Ճանապարհաշինութիւնը, անկասկած, որ պետութեան մը պարտաւորութեանց ցանկին մէջ կը գտնուի, սակայն գոյութիւն ունին տրամաբանական առաջնահերթութիւններ եւ մերօրեայ պետութեան ճանապարհաշինութիւնը կը նմանի այն հօր տգիտութեան, որ զաւակները անօթի՝ ինք տան արտաքին տեսքով կը զբաղուի, մոռնալով որ զաւակներու քաղցը աւելի կարեւոր ու առաջնահերթ է՝ քան տան տեսքն ու արտաքինը:
Ճամբաներու համար մսխուած ծախսերուն կէսին կէսով գուցէ կարելի ըլլար բարեկարգել կրթական հաստատութիւններու եւ դպրոցներու վիճակը, գիտակցելով որ առողջ երիտասարդութեամբ է որ առողջ երկիր մը կը գոյանայ. երկիր մը իր նոր սերունդով է որ կը յառաջդիմէ եւ ո՛չ ճանապարհներով. ճանապարհները չեն որ երկիրի մը նկարագիրը ցոյց կու տան եւ այդ ճանապարհներով չէ որ պայքար կը մղուի հակառակորդի դէմ:
Աւելի լաւ չէ՞ միթէ քանդուած ճանապարհներ ունենալ՝ քան քանդուած նոր սերունդ մը, որ իր կարգին ժամանակի ընթացքին պիտի քանդէ պետութիւնն ու ազգը: Դէպի լուսաւորութիւն ու փայլուն ապագայ տանող ճանապարհները նորոգելու եւ բարեկարգելու փոխարէն մեր ոտքերուն տակ եղած ճանապարհներու վիճակով զբաղուած կ՚անգիտանանք, թէ այդ ճանապարհներնուն իսկական տէրերը՝ ժողովուրդը կամաց կամաց կը հեռանայ հայրենիքէն:
Ճամբաներու բարետեսութիւնը գուցէ զբօսաշրջիկները կը գոհացնէ, սակայն զանոնք գոհացնելէ շատ աւելի առաջնահերթ ու լուրջ խնդիրներ կը դիմագրաւէ այսօր մեր ազգը եւ անկասկած աւելի լաւ է դժգոհ զբօսաշրջիկներ ունենալ՝ քան դժբախտ ու անմխիթար երիտասարդութիւն մը:
Մեր ինքնաշարժները առաջնորդող ճամբաներուն վիճակը բարետես է այսօր, սակայն նոյնքան եւ աւելի դժբախտ է մեր ազգը առաջնորդող ճամբան, որ ինչքան քանդուած՝ այնքան ալ ցաւոտ է:
Այնպէս ինչպէս քանդուած փոս մը վնաս է ինքնաշարժին, նոյնպէս ալ քանդուած ապագայ մը՝ վնաս է մեր ազգին։ Ճանապարհներու շինութիւնը ո՛չ մեր երիտասարդութեան կրթական ու բարոյական մակարդակը եւ ո՛չ ալ ազգին ապագան կրնան ապահովել. եւ նախընտրելի չէ՞ մէկ ճամբայ կառուցելու փոխարէն կեդրոնանալ ճանապարհաշինողներու պատրաստութեան վրայ, որն է երիտասարդութիւնն ու պատանիները, որովհետեւ անոնք են որ ապագայի ղեկավարները պիտի դառնան:
Ճանապարհներէն առաջ ու աւելի կարեւոր է՝ մենք պէտք է հետաքրքրուինք մեր երիտասարդութեամբ. մեր երիտասարդներու մեծամասնութիւնը այսօր արտագաղթելու որոշումն ու նպատակը ունին: Զբօսաշրջութեան վայրերը նորոգելէ շատ աւելի կարեւոր է նորոգել մեր երիտասարդութեան վէրքերը, թէ ոչ որոշ ժամանակ ետք պիտի ունենանք հայրենիք մը՝ լոկ զբօսաշրջութեան համար:
Բոլոր հայերը՝ սփիւռքի տարածքին հոգի «կու տան» հայրենիքի համար, սակայն այդտեղ ապրելու մտադրութիւն չեն ունենար եւ պատճառը ճանապարհաշինութենէն առաջ գոյութիւն ունեցող կարեւոր հարցերուն անլուծում մնալն է:
Մաղթենք, որ մեր ազգին մէջ ըլլայ այնպիսի ժամանակ, որ ամէն հարցերը լուծուած նկատելով մեր ուժերը տրամադրենք ճամբաներու շինութեան՝ եւ ո՛չ հակառակը:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -289-
Ամերիկայէն եւ Եւրոպայէն Հայաստան ժամանած բազմաթիւ հայորդիներ կը տեսնեմ, որոնք «Երանի ձեզի» մը կ՚ըսեն՝ մեր Հայաստանի մէջ ապրիլը նկատի ունենալով: Այդ «երանի»ն անլուծելի առեղծուած մըն է. «երանի» կու տան, սակայն հակառակ իրենց հնարաւորութիւններուն Հայաստան գալ չեն ուզեր:
Առիթով մը ամերիկահայ մը սկսաւ խօսիլ Հայաստանի առաւելութիւններուն մասին, եւ մինչեւ իսկ Հայաստանը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն շատ աւելի հանգիստ տեղ նկատեց. առարկեցի այդ պարագային գալ ու Հայաստան հաստատուիլ... «Է՜հ, տուն տեղ, շրջանակ, ամէն բան ձգած ինչպէ՞ս գամ» ըսաւ:
Ձեզմէ քանի՞ն կը կարծէ, թէ խնդիրը շրջանակին եւ տուն տեղին մէջ կը կայանայ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան