ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ
Եկեղեցին «աւետարանական խրատներ»ը գործադրելու ուխտերուն մէջ օրինակելի արժէք մը կը ճանչնայ։
Անսկիզբ եւ յաւիտենական Հայրը Իր իմաստութեան եւ բարութեան բացարձակօրէն ազատ եւ խորհրդաւոր տնօրինութեամբ ստեղծեց տիեզերքը։ Ան վճռեց մարդիկը բարձրացնել իր աստուածային կեանքին հաղորդութեան՝ որուն կը կոչէ բոլոր մարդիկը Իր Որդիին մէջ. Հայրը ուզեց Քրիստոսը ընդունողներ՝ Քրիստոսի բոլոր հաւատացողները կանչել, որպէսզի Եկեղեցին կազմեն, եւ «Աստուծոյ Ընտանիք»ը կազմեն։
Այս «Աստուծոյ Ընտանիք»ը կը կազմուի եւ կ՚իրականանայ աստիճանաբար մարդկային պատմութեան հանգրուաններուն ընթացքին, ըստ Հօր տնօրինումին։ Արդարեւ, Եկեղեցին նախապատրաստուած է աշխարհի սկիզբէն իսկ։ Ան սքանչելիօրէն նախապատկերացուած եւ նախանկարուած է, այսինքն ծրագրուած է արարչագործութեան առաջին պահէն իսկ՝ Իսրայէլի ժողովուրդին եւ անոր պատմութեան, եւ թէ՛ «Հին Ուխտ»ին մէջ։ Վերջապէս, հիմնուած է վերջին ժամանակներու շրջանին, յայտնուած է Սուրբ Հոգիին հեղումին շնորհիւ. իսկ դարերու վախճանին՝ իր լրումին պիտի հասնի փառքին մէջ։
Մանաւանդ ապաշխարութեան շրջանները եւ օրերը զօրաւոր պահերն են Եկեղեցւոյ ապաշխարանքին գործադրումին։ Այս ժամանակաշրջանները յատուկ կերպով պատշաճ են հոգեւոր կրթութիւններու, ապաշխարական ծիսակատարումի, իբր ապաշխարանք կատարուած ուխտագնացութիւններու, կամովին զրկանքներուն, ինչպէս ծոմը, պահքը եւ ողորմութիւնը, եղբայրական բաժնեկցութիւնը, իրերօգնութիւնը։
Մահը վե՛րջն է մարդուն «երկրաւոր ուխտագնացութեան», վերջն է շնորհքի եւ ողորմածութեան ժամանակին՝ զոր Աստուած կը շնորհէ մարդուն, որպէսզի ան արդիւնաւորէ իր երկրաւոր կեանքը աստուածային ծրագրին համեմատ եւ վճռէ իր վերջին «ճակատագիր»ը։ Երբ մեր երկրաւոր կեանքին միակ ընթացքը վերջ գտնէ, մենք այլեւս ուրիշ երկրաւոր կեանքերու չե՛նք վերադառնար, քանի որ «Մարդիկ մէկ անգամ կը մեռնին». (ԵԲՐ. Թ 27), եւ այս իմաստով, չկա՛յ «վերամարմնացում» մահէն ետք։
Արդարեւ, Քրիստոս այս աշխարհէն դէպի Հայրը մեկնելով, Սուրբ Պատարագի խորհուրդը մեզի կը թողու իբր գրաւական փառքին՝ Իր մօտ։
Սուրբ Զոհին մասնակցութիւնը մեզ կը նոյնացնէ Իր Սրտին հետ, թիկունք կը կանգնի մեր ուժերուն՝ այս երկրաւոր կեանքին ուխտագնակցութեան ընթացքին, յաւիտենական Կեանքը մեզի բաղձալի կը դարձնէ, եւ այժմէն իսկ մեզ կը միացնէ Երկնաւոր Եկեղեցիին, Աստուածամօր եւ բոլոր Սուրբերուն։
Եւ բոլոր այս իրականութիւնները մեզի ցոյց կու տան, թէ՝ մեր երկնաւոր կեանքը ճշմարիտ «ուխտագնացութի՛ւն» մըն է՝ ապաշխարելու եւ պատրաստուելու նախապէս ծրագրուած Երկնաւոր Կեանքին՝ յաւիտենականութեան։ Երանի՜ անոնց՝ որ այս գիտակցութեամբ կ՚ապրին…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
•շար. 2 եւ վերջ
Յուլիս 12, 2023, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024