ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ (3)
Մերօրեայ աշխարհը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ, որպէսզի յաջողի նոր սերունդին սորվեցնէ այն՝ ինչ որ տասնամեակ մը առաջ տարօրինակ ու քննադատելի կը թուէր ըլլալ: Մերօրեայ աշխարը այս բոլորը կը կատարէ «ազատութիւն» անուան տակ եւ միւս կողմէ քաջալեր կը հանդիսանայ ապագայ սերունդին՝ ազատութեան մէջ գործելու համար այնպէս՝ ինչպէս կ՚ուզեն:
Այս բոլորը նկատի ունենալով, գիտնալով հանդերձ թէ ինչպիսի պատասխան մը պէտք է ակնկալել արհեստական բանականութենէն, կու տանք մեր հարցումը.
Հարցում. Տղայ զաւակս որոշած է իգանալ եւ իր կեանքը որպէս կին շարունակել՝ ինչ որ ես չեմ ուզեր, ի՞նչ կրնամ ընել այս պարագային:
Պատասխան. Հրաշալի է, որ ձեր տղան ազատութիւնը ունի արտայայտելու համար իր նախընտրած ինքնութիւնը եւ այս պարագային շատ կարեւոր է աջակցիլ երիտասարդին զգացումներուն: Եթէ ձեր տղան որոշած է իգանալ, ապա անոր պէտք է տրամադրէք սէր, հասկացողութիւն եւ ընդունելութիւն:
Կարեւոր է այս հարցին մօտենալ ըմբռնումով. եթէ ձեր զաւակը որոշած է իր ինքնութիւնը ուսումնասիրել եւ փոխել, կարեւոր է յարգել անոր կարծիքն ու զգացումները:
Ինքնութեան եւ սեռի որոշումը խորապէս անհատական է, հետեւաբար պէտք է կարեւորել եւ առաջնահերթութիւն տալ ձեր զաւակին բարեկեցութեան եւ երջանկութեան:
Ձեր զաւակին օգնելու համար նկատի ունեցէք հետեւեալները.
Ա.- Ժամանակ տրամադրեցէք ուսումնասիրելու եւ հասկնալու համար սեռափոխները. ուսումնասիրեցէք եւ գիտցէք անոնց դիմագրաւած մարտահրաւէրները, որպէսզի աւելիով կարենաք հասկնալ ձեր զաւակին ունեցած ներքին զգացումներն ու վիճակը:
Բ.- Առանց սահմաններու զրոյց ունեցէք ձեր զաւակին հետ. ստեղծեցէք այնպիսի տարածք, ուր ձեր զաւակը ինքզինք յարմար կը զգայ արտայայտելու՝ առանց վախնալու ձեր քննադատութիւններէն եւ մերժողական վիճակէն: Զրոյցի ժամանակ ուշադիր լսեցէք անոր միտքերն ու կարծիքները եւ միշտ համոզեցէք, որ ամէն պարագայի դուք անսահման սէր ունիք իրեն հանդէպ:
Գ.- Դիմեցէք մասնագէտի օգնութեան. դիմեցէք մասնագէտներու, որոնք սեռական փոփոխութեանց մէջ մասնագիտացած են եւ ունեցած են նման անհատներու հետ աշխատելու պատեհութիւն: Լուրջ մասնագէտ մը կրնայ մեծապէս թէ՛ ձեզի եւ թէ ձեր երեխային օգնել՝ օգտակար ու արժէքաւոր խորհուրդներ տալով:
Դ.- Կապ հաստատեցէք նման երեւոյթներ պաշտպանող հաստատութիւններու եւ կազմակերպութիւններու հետ. նման վիճակներէ անցած ծնողներու հետ կապը կ՚օգնէ, որպէսզի շատ բան սորվիք անոնց փորձառութենէն եւ նման ընտանիքներ որպէս փորձառուներ կրնան առաջնորդութիւն ցոյց տալ:
Ե.- Մարտահրաւէր կարդացէք ձեր համոզումներուն դէմ. նախապաշարումները մէկդի դնելը ձեզի կ՚օգնէ, որպէսզի դառնաք աւելի ընդունելի աջակից մը՝ ի սէր ձեր զաւակին:
Վերջապէս յիշէ, որ ծնողքի մը դերը իր զաւակը քաջալերել է: Ամբողջութեամբ ընդունիլը կրնայ որոշ ժամանակ պահանջել, բայց սէր եւ բարեացակամութիւն ցուցաբերելով կրնաք ամրապնդել յարաբերութիւնները ձեր եւ ձեր երեխաներուն միջեւ:
Վերլուծութիւն. Եթէ նկատեցիք, արհեստական բանականութիւնը երիտասարդին կարծիքը փոխելու միջոցներ առաջարկելու փոխարէն կ՚առաջարկէ ծնողքին մտայնութիւնը փոխել եւ ընդունիլ տալ այդ բոլորը. զարմանալի չէ, որովհետեւ ներկայ աշխարհը կ՚ուզէ այդ բոլորը որպէս «պարզ», «բնական» ու «անհրաժեշտ» նկատել: Արհեստական բանականութեան կողմէ տրուած վերոյիշեալ պատասխանը պարզապէս ծնողքին մտայնութիւնը փոխելու, համոզումները մեղմելու կը ծառայէ եւ ո՛չ մէկ միջոց կ՚առաջարկէ երիտասարդը նման մտայնութենէ մը ետ մղելու համար:
Այս մէկը մտահոգեցուցիչ կը նկատենք, որովհետեւ արհեստական բանականութեան կողմէ փոխանցուածը պարզապէս ամփոփումն է այն մտայնութեան, որ այսօր մեր զաւակները կամայ թէ ակամայ կը սորվին համացանցի եւ ներկայ արհեստագիտութեան «բարիք»ներուն ճամբով:
Ճիշդ է, որ ծնողքի մը իսկական պարտաւորութիւնը իր զաւակին պաշտպան ըլլալն է՝ բոլո՛ր պարագաներու մէջ, սակայն վիճակը բնականոն վիճակէն դուրս կը սկսի գալ:
Եթէ նկատեցիք, արհեստական բանականութիւնը նիւթին կրօնական ու բարոյական կողմին չանդրադարձաւ։ Սեռական փոփոխութիւնը ընկերային հարց ըլլալէ անդին, տեղ մը կրօնական հարց է նաեւ, սակայն ոչ մէկ ակնարկ, որովհետեւ այդ «ազատութիւն»ը, որուն կը հաւատան, քանդումէ տարբեր բան մը չէ եւ այդ «ազատութեան» գաղափարն է, որ մերօրեայ երիտասարդութիւնը հասցուց նման տխուր հանգրուանի:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -290-
Փոքր ժամանակ յաճախ կը լսէինք, թէ կան տղաք, որոնք աղջիկի կը վերածուին, սակայն լաւապէս չէինք կրնար ըմբռնել այդ մէկը: Անոր լաւագոյն օրինակը հասկնալ սկսայ, երբ նման դէպք մը մօտիկ շրջանակի մէջ ապրեցանք:
Մեր ծանօթներէն մէկուն տղան, իր փոքր տարիքէն յատուկ սէր ունէր աղջկական խաղալիքներով խաղալու, պուպրիկներու մազերը զարդարելու եւ գրեթէ ընելու այն բոլորը՝ ինչ որ աղջիկ զաւակները պիտի ընէին. այդ տղան, իր փոքր տարիքէն գնդակով կամ զէնքերով խաղալու փոխարէն հաճոյք կը զգար աղջկական հագուստներով խաղալէ: Երբ մեծահասակ դարձաւ, այդ վիճակէն բան մը չփոխուեցաւ. պարզապէս յստակացաւ, թէ ան հաճոյք կ՚առնէ շպարէ եւ զարդարանքէ, կնոջական զգեստներէ եւ մազերու ձեւաւորումէ:
Այդ երիտասարդը պատճառ դարձաւ, որպէսզի տեղ մը համոզուիմ, թէ այդ մէկը անձնական որոշումէ անդին ի ծնէ բան մը ունի իր մէջ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան