ԱՅԼԱԿԵՐՊՈՒԻԼ ՔՐԻՍՏՈՍՈՎ

Հասած ենք տարւոյն երրորդ տաղաւարի տօնակատարութեան։ Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցը այս տաղաւարը կը ներկայացնէ «Կանոն Պայծառակերպութեանն Քրիստոսի Աստուծոյ մերոյ ի Թաբոր Լեռինն» խորագրով, որմէ անմիջապէս յետոյ կը գործածէ «Վարդավառի կիւրակէ» բառերը։ Ծանօթ իրողութիւն է, թէ տարւոյն այս երրորդ տաղաւարը կը բնութագրուի երեք հանրածանօթ բառերով. Վարդավառ. Այլակերպութիւն. Պայծառակերպութիւն։ Բառեր, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իւրայատուկ իմաստ եւ իւրաքանչիւր բառին ներկայացուցած իմաստին հասարակաց եզրը կու գայ միանալ յառաջացած փոփոխութեան մը գաղափարին շուրջ։

Երբ կը հետեւինք մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուսի Քրիստոսի հետ առընչուած սուրբ տնօրինութիւններու տօնակատարութեանց, ակնբախ կերպով կը յայտնուի, թէ պայծառակերպութեան սուրբ տնօրինութեան տօնակատարութիւնը յաչս ժողովուրդի, դժբախտաբար, կը գտնուի երկրորդական գծի վրայ, բնականաբար բացառութիւնները միշտ յարգելի են։ Պէտք չէ մոռնալ, թէ Այլակերպութեան, Պայծառակերպութեան, Վարդավառի կիրակին այնքան կարեւոր է, որքան Սուրբ Ծննդեան, Աւագ Շաբթուան, Սուրբ Զատկի, Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման եւ Խաչվերացի օրերը։ Անյեղլի ճշմարտութիւն է, թէ Քրիստոսի սուրբ տնօրինութեանց յիշատակութիւններէն իւրաքանչիւրը ունի իր յատուկ պատգամը հաւատացեալի հոգեւոր շինութեան համար։ Ուրեմն, այս ուղղութեամբ Այլակերպութեան, Պայծառակերպութեան, Վարդավառի կիրակին կը շեշտադրէ դրական առումով փոխուելու կարեւորութիւնը։

Յիշենք, թէ Վարդավառը, մեր հեթանոս նախահայրերուն մասնայատուկ տօնակատարութիւն մըն էր։ Այս տօնակատարութեան կիզակէտն էր վարդերու միջոցաւ յառաջացած գեղեցկութեան մը յիշատակութիւնը, հիմնաւորուած՝ Աստղիկ չաստուածուհիին հետ առընչուած առասպելի մը վրայ։ Եկեղեցին, հովուական մտահոգութեամբ հեթանոսական այս տօնակատարութիւնը փոխակերպեց, ընդունելով քրիստոնէական առումով յառաջանալի գեղեցկութեան մը գաղափարը։ Այդ գեղեցկութիւնը կը կայանար Քրիստոսակեդրոն սկզբունքները ընկալելու հիման վրայ։

Իսկ Այլակերպութիւնը, որ օտար եկեղեցիներ կը գործածեն այս տօնին համար, ծագումը կ՚առնէ Սուրբ Աւետարանէն։ Սուրբ Գիրքը մեր ոսկեղնիկ գրաբար հայերէնի թարգմանուեցաւ թարգմանիչ սուրբ հայրերու ջանքերով։ Այս թարգմանութեան մէջ անոնք օգտագործած են «այլակերպիլ» բայը, որ կը նշանակէ «ուրիշ կերպարանք առնել, կերպարանափոխուիլ». Սուրբ Աւետարանէն կը կարդանք. «այլակերպեցաւ առաջի նոցա». «յայլակե՛րպս եղեւ առաջի նոցա». «եղեւ տեսիլ երեսաց նորա այլակե՛րպ» (Մատթէոս, 17.2։ Մարկոս, 9.1։ Ղուկաս, 9.29)։

Գալով Պայծառակերպութեան. այս բառը թարգման կը հանդիսանայ հրաշալի այլակերպութեան ընդմէջէն յայտնուած սքանչելի տեսարանին, որուն կեդրոնական տեղը կը գրաւէ լոյսը։ Արդէն իսկ բառական իմաստով «պայծառ» կը նշանակէ «շատ լուսաւոր, լուսափայլ, շլացուցիչ լուսով»։

«Աստուած յԱստուծոյ՝ լոյս ի լուսոյ, Աստուած ճշմարիտ յԱստուծոյ ճշմարտէ ծնունդ՝ եւ ոչ արարած» Քրիստոսի այլակերպութիւնը, իսկութեան մէջ աստուածայայտնութիւն է։ Անոնք որոնք Աւետարանական ճշմարտութիւնները կ՚ընկալեն աներեր հաւատքով, կը հաւատան, թէ այս հրաշալի դէպքին մէջ յայտնուածը Քրիստոսի Աստուածային բնութիւնն է։ Եկեղեցւոյ Հաւատոյ Հանգանակով նուիրականացած ուղղափառ դաւանութեան սկզբունքին համաձայն, Քրիստոս, որ է «Բանն Աստուած՝ յաւիտեաններէ առաջ ծնած Հօրմէն», երբ ժամանակը հասաւ Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնէն մարմին առաւ «եղեւ կատարեալ Աստուած, կատարեալ Մարդ, հոգւով եւ մտօք եւ մարմնով, մի անձ, մի դէմ եւ միաւորեալ մի բնութիւն»։ Եկեղեցին, հաւատարիմ իր առաքելական կոչումին, բնականաբար կը շարունակէ հաստատ մնալ Սուրբ Աւետարանի մէջ նկարագրուած այս սքանչելի դէպքի ճշմարտութեան վրայ եւ զայն կը փոխանցէ սերունդէ սերունդ, ընդգծելով հաւատքի կեանքի համար անոր ունեցած յոյժ կարեւորութիւնը։

Այլակերպութեան սքանչելի դէպքէն պահ մը ուղղուինք դէպի Յորդանան գետ, ուր Քրիստոս մկրտուեցաւ Յովհաննէս Մկրտիչի կողմէ։ Յետ մկրտութեան Աստուծոյ Հոգին աղաւնիի կերպարանքով իջաւ Քրիստոսի վրայ եւ երկինքէն լսուեցաւ Աստուծոյ ձայնը, որ կ՚ըսէր. «Ասիկա է իմ սիրելի Որդիս, որուն հաճեցայ» (Մատթէոս, 3.17)։ Սա նոյնինքն Աստուածայայտնութիւն էր եւ նախ քան Աւետարանի քարոզչութիւնը Աստուածային վկայութիւն՝ տիեզերքի Փրկչին մասին։

Աւետարանի քարոզութեան ձեռնարկած առաջին տարւոյն մէջ հրեաներու իշխանաւորներէն մին՝ Նիկոդեմոս ունեցած էր փառաւոր արտայայտութիւն մը, ըստ որուն Քրիստոս «Աստուծմէ եկած էր իբրեւ վարդապետ, որովհետեւ ոչ ոք կրնար կատարել այն նշանները զոր Ան կ՚ընէր եթէ Աստուած անոր հետ չըլլար» (Յովհաննէս, 3.2)։ Երեք տարուայ վարդապետութեան վերջին շրջանին Նիկոդեմոսի արտայայտութիւնը թագադրուեցաւ Հօր Աստուծոյ «Ասիկա է իմ ընտրեալ Որդիս, անոր լսեցէք» (Ղուկաս, 9.35) վկայութեամբ, որ այս անգամ կը լսուէր Քրիստոսի այլակերպութեան պահուն, երբ մեր Տէրն ու Փրկիչը իր երեք յառաջադէմ աշակերտներուն՝ Պետրոսի, Յակոբոսի եւ Յովհաննէսի ներկայութեան, աղօթքի պահուն կը յայտնուէր լուսաթաթախ դէմքով ու զգեստով։ Այս փոփոխութեամբ յայտնուեցաւ, թէ Քրիստոս սովորական մահկանացու մարդ մը չէր։ Այս սքանչելի յայտնութեան մէջ Հին կտակարանի երկու կարեւոր դէմքերը՝ Մովսէս եւ Եղիա երեւեցան, ողջունելով Աստուածային փառքով յայտնեալ օրէնքի եւ մարգարէութեանց լրումը՝ Յիսուս Քրիստոսը։

Կերպարանափոխուիլ, այլափոխուիլ եւ կամ պարզապէս փոխուիլ բառերը կը գործածուին նշելու համար մարդկային կեանքէն ներս յառաջացած դրական եւ կամ ժխտական փոփոխութիւնները։ Դրական առումով փոփոխութեան օրինակներ են Զաքէոս մաքսաւորի եւ Սողոսի դարձերը, առաջինը զղջալով տրամադրութիւն յայտնած էր իր ունեցածին կէսը աղքատներուն բաժնելու եւ վնասի հատուցում կատարելու իր անիրաւածներուն (Ղուկաս, 19.8), իսկ երկրորդը՝ եկեղեցի հալածողի դիրքէն հասած էր Պօղոս առաքեալ կոչուելու պատիւին (Գործք Առաքելոց, 9.20։ Ա. Կորնթացիս, 15.8-10)։ Ներկայիս, նայելով մեր առօրեայ կեանքի պայմաններուն, անկարելի է չնշմարել, թէ ժխտական առումով այլակերպուելու գաղափարը, ըստ մարդկային արժեւորման, կը ներկայացնէ հասկացողութեան փոփոխութիւնը, սրբութեանց եւ սուրբ աւանդութեանց նկատմամբ կեցուածքի փոփոխութիւնը, արժէքները գնահատելու ուղղութեամբ յառաջացած փոփոխութիւնը եւ այս շղթան կարելի է երկարել, քանի կ՚ապրինք աշխարհականացած ժամանակներու մէջ, որուն արդիւնքները յաճախ կրնան հաճելի թուիլ ոմանց, մանաւանդ երբ անոնք ընկալուին որպէս նշան արդիականացման։ Պէտք է ի մտի ունենալ, թէ ժխտական առումով փոփոխութիւններ երբ իրենց հետ կը բերեն վաղանցուկ ու գնայուն փայլեր, միւս կողմէ դուռ կը բանան շնորհքի կեանքի լոյսին տկարացման։ Սուրբ Գիրքը մեզի կու տայ ժխտական փոփոխութեան օրինակներ, որոնց առաջինն է մեր նախածնողքի կեանքէն ներս մեղքի սողոսկումով յառաջացած վիճակը, որուն հետեւանքով երջանիկ ապրելու նախասահմանուած մարդը ինկաւ մահուան անէծքին տակ։

Կը յիշենք Իսրայէլի ժողովուրդը, որ Եգիպտոսի մէջ տաժանակիր աշխատանքներէն եւ տառապանքներէն դուրս եկաւ Աստուծոյ կամքով եւ Մովսէս մարգարէի առաջնորդութեամբ։ Մովսէս, Սինա լերան վրայ Աստուծոյ հետ խօսեցաւ ու տասնաբանեայ պատուիրաննները ստացաւ, քառասուն օր եւ քառասուն գիշեր լեռը մնաց։ Ժողովուրդը իր բացակայութենէն մտահոգուած Ահարոնէն խնդրեց, որ չաստուածի կուռք շինէ եւ ի վերջոյ ձուլուեցաւ ոսկեայ որթը ու զայն ներկայացուեցաւ որպէս ազատարարը ժողովուրդին։ Ժխտական այս փոփոխութիւնը յառաջացած էր ապերախտութեամբ հանդէպ Աստուծոյ, որուն կամքով իրականացած էր Եգիպտոսէ ելքը։ Եւ Մովսէս մարգարէ այդ ձուլածոյ ոսկեայ որթը կրակով այրեց ու փշրեց (Ելից, 32.1-6, 20)։

Այդպիսի ժխտական փոփոխութիւն մը յառաջացաւ նաեւ Իսրայէլի Աքաաբ թագաւորի կեանքէն ներս, երբ իր կեանքը միացուց կռապաշտ Յեզաբելի հետ ու անոր հետեւելով Բահաղի եւ Աստարովթի կռապաշտական պաշտամունքը նուիրականացուց. բան մը, որ Աստուծոյ բարկութիւնը հրաւիրեց ու երեքուկէս տարի տեւած երաշտին պատճառաւ սով տիրեց (Գ. Թագաւորաց, 16.30-33։ 17.1)։ Եղիա մարգարէն էր, որ Աստուծոյ նախանձախնդրութեամբ վառուած երկնքէն կրակ իջեցնելով ցոյց տուաւ, թէ երկնքի եւ երկրի Արարիչն էր ճշմարիտ Աստուածը (Գ. Թագաւորաց, 18.38)։

Մովսէսն ու Եղիան իրենց շրջաններուն ապրեցան ու ականատեսները եղան յառաջացած ժխտական առումով փոփոխութեան դէպքերուն։ Ս. Եղիշէ Վարդապետ Վարդավառի առթիւ գրի առած աղօթքին մէջ կ՚անդրադառնայ, թէ մարդ արարածը մեղանչական բնութեամբ կ՚իյնայ մեղաց ծուղակին մէջ եւ այս ժխտական երեւոյթին դարմանը կը նկատէ «Սիոնի աւետարանչին»՝ Քրիստոսի ներկայութիւնը, որ «օրէնքներն ու մարգարէութիւնները ամբողջացնելու համար եկաւ, ու ելաւ այդ լերան բարձունքը։ Տէրն է երկնքի ու բարձունքներու. աշխարհը իր ամբողջութեամբ արարչագործեց. ծովն ու ցամաքը ստեղծեց»։ Իր աղօթքը կը շարունակէ ըսելով. «…Մենք թէեւ օրէ օր շատցուցինք մեր մեղքերը, բայց դու մեր մեղքերուն համեմատ մի՛ դատեր եւ մեր անօրէնութեան համեմատ մի՛ հատուցաներ մեզ։ Մենք կաւ ենք եւ դու մեր արարիչը, ու ամէնքս քու ձեռագործներդ։ Մեղանչեցինք, անօրինեցանք, յանցանք գործեցինք ու խոտորեցուցինք մեր ոտքերը քու շաւիղներէդ. խստացուցինք մեր սիրտերը՝ քեզմէ չվախնալու աստիճան։ Դարձիր, Տէր, քու մեծագոյն փառքիդ համար. գուցէ մենք չկարենանք ժառանգել Քու սուրբ լեռդ։ Չունինք մէկը բացի քեզմէ, որ արդար ես եւ անարատ եւ քաւիչը մեր մեղքերուն։ Մի՛ իսպառ բարկանար եւ մի՛ ձեռքէ ձգեր այս քու բանաւոր հօտդ, որ քու սուրբ արիւնիդ գինն է եւ զոր սեպհական ժողովուրդ ըրիր Քեզ»։ (հմմտ. թարգմանութեան՝ Երուսաղէմի Մեսրոպ Պատրիարք Նշանեանի)։

Հետեւելով Ս. Մովսէս Խորենացիի աղօթենք ըսելով. «այս աստուածահրաշ լուսաւորութիւններու օրը տօնախմբողներս, Քրիստոսի փառքի պայծառազգեստ լոյսով պսակուած՝ սուրբ առաքեալներու եւ մարգարէներու խումբին հետ արարչական տնօրինութեան սպասաւորենք՝ լուծանելի մարմնի տաղաւարը մաքրութեան խորան դարձնելով։ Որուն մէջ Քրիստոսը ընդունելով Ս. Երորդութեան անպարագիր լուսաւորութիւնը ընկալենք մեր սրտերուն մէջ» (հմմտ. թարգմանութեան՝ Գուրգէն Գասպարեանի)։

Հաւատքով, յոյսով ու սիրով լեցուած երգենք ըսելով. «Սուրբ Աստուած, սուրբ եւ հզօր, սուրբ եւ անմահ որ յայտնեցար ի Թաբոր լերինն. ողորմեա մեզ». ամէն։

ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

7 յուլիս 2023, Գնալը կղզի

Շաբաթ, Յուլիս 15, 2023