ՀԻՒՐԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՂ ԵՒ ՀԱՑԻՆ ՏԵՂԸ
Մեծ կամ Քառասնորդական պահքի միւս անունը յաճախ զբաղեցուցած է միտքեր։ Պատմութեան մէջ կը գտնենք լուծումը։
Շատ անգամ տեսնուած է, թէ արեւելեան քանի մը ցեղերու ամենափառաւոր հիւրամեծարութեան մէջ ափսէի վրայ տեղ ունի աղը եւ հացը։ Եւ ամէն անգամ որ արքայական եւ իշխանական այցելութիւն մը ընդունի որեւէ քաղաքը, անկարելի է որ մոռ-ցըւի հնաւանդ սովորութիւնը. բարձրաստիճան այցելուն իրեն մատուց-ւած աղը եւ հացը գոհունակութեամբ եւ շնորհակալութեամբ կ՚ընդունի։
Ասիկա թերեւս նման բան մըն է, թէ երկիրը բարգաւաճ եւ պտղաբեր է. նորեկ հիւրին շնորհիւ, ինչպէս յաճախ կ՚ըլլան Արեւելքի երկիրներուն շատերը, եթէ նոյնիսկ աղահանքեր չունենան անոնք եւ ոչ իսկ աղի ծովակներ, եթէ նոյնիսկ քարքարուտ եւ ապառաժ ըլլան անոնք, եւ ստիպուած՝ իրենց հացաբոյսն ալ օտար վայրերէ ներածելու։
Աղը եւ հացը այս պատճառով համարուած է թշուառութեան նշան. նշան մը՝ որ կը յայտնէ, թէ իր եղած տեղը անսուաղութենէ մեռնելու վախը չկայ, այսինքն՝ հոն ո՛ւր հաց եւ աղ կայ, հոն անօթութենէ մարդ չի՛ մեռնիր։ Ասիկա ալ սակաւակեաց արեւելքցիին համար մխիթարութիւն մը է եղած։ Մինչդեռ դիւրակեաց եւրոպացին իր հիւրերը կը դիմաւորէ եւ կը մեծարէ ծաղկեփունջերով։ Եւրոպացին իր այս փոքրիկ սովորութիւնով իսկ կենսունակութեան աւելի որոշ նշան մը կու տայ, քան արեւելքցին, որ ցուրտ աղը եւ մեռած, մանրուած, աղացուած, շաղախուած եւ եփուած հացաբոյսը կը ներկայացնէ իր հիւրին։
Այս պատմական իրողութիւններէն հետեւելով պատասխան մը գտնելու աշխատինք, թէ «Աղ ու հաց» բացատրութիւնը ո՞ւրտեղէն մտած է մեր մէջ։
Արդեօք ասիկա հայ ժողովուրդին «թշուառ» ժողովուրդ մը ըլլալուն հետ յարաբերութիւն մը ունի՞։
Վերացական խոկումներու համար բնական անհրաժեշտութիւն դարձած տարրերը «խեղճութեան» որոշիչ նշաններ են, խնդիրը ինքնին կը լուծուի, ըսել է, թէ խեղճութիւնը մինչեւ մեր բարքերուն եւ սովորութիւններուն մէջ մտած է, եւ ինչո՞ւ չէ. ան մեր հոգեւոր կեանքին մէջ ալ հանգչած է եւ ամէն օր կը մատուցուի երկնաւոր Հիւրի մը, ինչպէս աղը եւ հացը ափսէի վրայ զետեղուած կը ներկայացուին մեծ անձնաւորութիւններու։
Եթէ մեր հին եւ նոր ազգագրութիւնը մշակուած եւ զարգացած ըլլար, թերեւս կարելի ըլլար հաստատել, թէ Մեծ պահքին չորաբեկ հացով եւ լոկ աղով սնանողներ եղած են, եւ կան տակաւին շատ տեղեր, իբրեւ եկեղեցական կանոնադրութիւն։
Խեղճ եւ թշուառ հատուածներուն իրենց աշխատանքով եւ աղի քրտինքով պատրաստուած աղի եւ լեղի հացը թերեւս մարմնական գոհացում կու տայ, բայց ո՞վ պիտի մատակարարէ անոնց հոգեւոր եւ մտաւոր սնունդը. ո՞վ անոնց հոգիները նեխումէ եւ փճացումէ պիտի փրկէ, դնելով անոնց վրայ «հաւատքի աղ»ը։
Եւ ո՞վ պիտի հաստատէ անոնց միտքերը Աւետարանի ճշմարիտ հացով։
Եթէ կայ այս բոլորը կատարող մը՝ այն ատեն ահաւասի՛կ, աղը եւ հացը խեղճութեան եւ թշուառութեան նշան ըլլալէ պիտի դադրին եւ աղը՝ լեղիին դեղը եւ հացը՝ Յիսուսի համը պիտի ըլլայ։
Յիսուս ըսաւ. «Դո՛ւք էք աղ երկրի»։
Որքան ատեն որ չտեսնուի այս կոչումին վրայ բոլոր ժողովուրդին յաջորդութիւնը պիտի շարունակէ աղին եւ հացին խեղճութեան եւ թշուառութեան նշան ըլլալու իրականութիւնը։ Ուստի պէտք է անդրադառնալ վերոյիշեալ կոչումին բարձրութեան։ Ուստի բոլոր Հայ Եկեղեցականութիւնը իբրեւ աղ իր պէտքը զգալի ընէ եւ ընել տայ նոյնիսկ ամենափոքր խմորային զանգուածներու մէջ, որոնք մէկ բառով ընկերային համախմբութիւնը կը կազմեն եւ «ընկերային համախմբութիւն» կը կոչուին։
Աղը հա՛մն է աշխարհի. ան խորհրդանի՛շն է կեանքի ճաշակին, ախորժին։ Աղը անհրաժեշտ տարրն է կեանքին։
Աղը յիշուած է Սուրբ Գիրքի մէջ։ Աղը առատ է Պաղեստինի մէջ, մանաւանդ Մեռեալ ծովուն եզերքը։ Աղը այլաբանօրէն կը նշանակէր սուրբ, փրկաւէտ եւ առողջարար ազդեցութիւններ որ կը պահպանեն ապականութենէ եւ փտութենէ. (ՂԵՒՏ. Բ 13), (ՄԱՏԹ. Ե 13), (ՄԱՐԿ. Թ 49), (ԿՈՂ. Դ 6)։ Այս նշանակութեամբ կ՚ըսուի նաեւ «Ուխտի աղի». (Բ ՄՆԱՑ. ԺԳ 5)։ Դարձեալ, որովհետեւ ոչինչ կը բուսնի այն հողին վրայ որ աղի է, աղը ամլութեան նշան էր. (ՍԱՂՄ. ՃԷ 34), (ԵՐԵՄ. ԺԷ 6)։
Ահաւասի՛կ, այս իմաստով, աղը սովորական կեանքին ամէն հանգրուանին, ամէն վիճակին՝ ուրախութեան եւ տրտմութեան, յաջողութեան եւ ձախողութեան, առողջութեան եւ հիւանդութեան մէջ անհրաժեշտ տարր մը, կարեւոր բաղկացուցիչ մըն է։
Իսկ հացը՝ կեա՛նքն իսկ է. հացը մարդուն համար շատ բան է, հացը, այո՛, կեա՛նքն է…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 17, 2023, Իսթանպուլ