ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հարցում. Յաճախ կը հանդիպինք մարդոց, որոնք իրենց առօրեայ կեանքի ընթացքին վիճակ կը ձգեն: Գործք Առաքելոցին մէջ ալ կը կարդանք, թէ Տէր Յիսուսի աշակերտները մատնիչ Յուդայի փոխարէն ուզեցին նոր աշակերտ մը ընտրել՝ ամբողջացնելու համար իրենց շարքերը, եւ այդ ընտրութիւնը կատարեցին վիճակ ձգելով: Վիճակ ձգելը մեղք չէ՞:
Պատասխան. Մեղք չէ, եթէ Աստուծոյ կամքը գիտնալու համար կը ձգուի: Հին կտակարանին մէջ յաճախակի կերպով կը հանդիպինք այս երեւոյթին, ինչ բանի արդիւնքն է, հարցումիդ մէջ նշած Առաքեալներուն վիճակ ձգելուն արարքը:
Տէր Մովսէսին կը թելադրէ, ըսելով. «…Բայց երկիրը վիճակով պէտք է բաժնուի ու իրենց նահապետներու ցեղերուն անուններուն համեմատ պէտք է ժառանգեն: Շատի ու քիչի մէջ ժառանգութիւնը վիճակով պէտք է բաժնուի» (Թւ 26.55-56): Տարբեր դէպքեր ալ կան Հին կտակարանին մէջ վիճակ ձգելու մասին: Շատ յաճախ եբրայեցիները երբ պատերազմէն կը վերադառնային, իրենց ստացած աւարներուն մէջ վիճակ կը ձգէին, որպէսզի բոլորին հաւասար կերպով բաժին հասնէր աւարէն:
Յեսուի գիրքին մէջ հետաքրքրական դէպքի մը կը հանդիպինք, ուր Աստուծոյ թելադրութեամբ Յեսուն վիճակ ձգելով, կը յայտնաբերէ այն մարդը, ով յանցանք գործած էր եւ չէր հնազանդած Աստուծոյ թելադրութիւններուն: Յեսուի գիրքին մէջ կը կարդանք.
«Տէրը Յեսուին ըսաւ. “Ոտքի վրայ ելի՛ր. ինչո՞ւ համար այսպէս երեսիդ վրայ ինկեր ես. Իսրայէլ մեղք գործեց եւ Իմ հրամայած ուխտս զանց ըրին. քանզի նզովուածէն առին ու գողութիւն ըրին եւ սուտ խօսեցան ու իրենց կարասիներուն մէջ դրին: Ուստի Իսրայէլի որդիները պիտի չկրնան իրենց թշնամիներուն առջեւ կենալ. իրենց թշնամիներուն առջեւ կռնակ պիտի դարձնեն, քանզի նզովուած եղան եւ ա՛լ ձեզի հետ պիտի չըլլամ, եթէ դուք նզովուածը ձեր մէջէն բնաջինջ չընէ”։ “Ելի՛ր, ժողովուրդը սրբէ՛ ու ըսէ՛. ‘Վաղուան համար սրբուեցէ՛ք’. քանզի Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ՚ըսէ. «Ով Իսրայէլ, ձեր մէջ նզովուած կայ. մինչեւ որ նզովուածը ձեր մէջէն չվերցնէք, ձեր թշնամիներուն առջեւ պիտի չկրնաք կենալ»: Ուստի առտուն ձեր ցեղերով մօտեցէք ու Տէրը ո՛ր ցեղը վիճակով բռնէ, անիկա իր ազգատոհմով թող մօտենայ եւ Տէրը ո՛ր ազգատոհմը բռնէ, անիկա իր տուներով թող մօտենայ ու Տէրը ո՛ր տունը բռնէ, անիկա իր մարդոցմով թող մօտենայ եւ ով որ նզովուած բռնուի, կրակով թող այրուի, թէ՛ ինք եւ թէ՛ իր ամէն ունեցածը. քանզի Տիրոջ ուխտը զանց ըրաւ ու Իսրայէլի մէջ անզգամութիւն ըրաւ”:
Ուստի Յեսու առտուն կանուխ ելաւ ու Իսրայէլը իր ցեղերովը մօտեցուց: Յուդայի ցեղը բռնուեցաւ: Յուդայի ազգատոհմերը մօտեցուց, Զարայեաններու ազգատոհմը բռնուեցաւ ու Զարայեաններու տոհմը իր մարդոցմովը մօտեցուց եւ Յուդայի ցեղէն Զարայի որդիին Զաբդիի որդիին Քարմիի որդին Աքար բռնուեցաւ» (Յես 7.-10-18):
Իսկ Գործք Առաքելոցին մէջ վիճակ ձգելու մասին՝ որ ձեր հարցումին մէջ նշած էիք, կը կարդանք.
«Համբարձումէն քանի մը օրեր ետք, երբ շուրջ հարիւր քսան հաւատացեալներ մէկտեղուած էին, Պետրոս ոտքի ելլելով ըսաւ.
-Եղբայրնե՛ր, պէտք էր կատարուէր Սուրբ Գիրքին մէջ գրուածը, այն՝ ինչ որ նախօրօք Սուրբ Հոգին ըսած էր Դաւիթի բերնով՝ Յուդայի մասին, որ Յիսուսը ձերբակալողներուն առաջնորդը եղաւ։ Յուդա մեր խումբէն էր, մեզի պէս առաքելական ծառայութեան համար ընտրուած։ Բայց իր անիրաւ մատնութենէն ետք, որուն վարձքով ագարակ մը գնեց, երեսն ի վայր ինկաւ այնտեղ եւ փորը ճեղքուելով՝ փորոտիքը դուրս թափեցաւ։ Բոլոր երուսաղէմացիները այս մասին իմացան, եւ այս պատճառով ալ այդ ագարակը իրենց բարբառով Ակեղդամա, այսինքն՝ Արեան Ագարակ կը կոչեն։ Արդ, Սաղմոսներու գիրքին մէջ գրուած է. «Թող անոր տունը աւերակ մնայ, եւ հոն մարդ չբնակի». իսկ ուրիշ տեղ մը կ՚ըսէ. «Իր պաշտօնը ուրիշ մէկը թող առնէ»։ Այստեղ կան մարդիկ, որոնք միշտ մեր հետը եղած են Տէր Յիսուսի երկրաւոր առաքելութեան ամբողջ տեւողութեան, Յովհաննէսի ձեռքով Անոր մկրտութենէն մինչեւ երկինք համբարձման օրը։ Ասոնցմէ մէկը պէտք է որ տասնըմէկիս միանայ՝ Քրիստոսի յարութեան վկայ ըլլալու համար։
Այն ատեն հաւատացեալները երկու հոգի ներկայացուցին. Բարսաբա կոչուած Յովսէփը, որ Արդար մականուանուեցաւ, եւ Մատաթիան։ Ապա հետեւեալ աղօթքը ըրին.
-Դուն, Տէ՛ր, որ կը ճանչնաս բոլոր մարդոց սիրտերը, ցոյց տուր մեզի՝ թէ այս երկուքէն ո՛ր մէկը կ՚ընտրես առաքելական այս պաշտօնին համար, որմէ Յուդա ինկաւ՝ իրեն սահմանուած տեղը երթալու համար։
Ապա երկու անուններուն վրայ վիճակ ձգեցին։ Վիճակը Մատաթիային ելաւ, եւ անիկա տասնըմէկ առաքեալներուն կարգին դասուեցաւ» (Գրծ 1.15-26):
Տրուած օրինակները երկու տարբեր երեսներ կը ներկայացնեն, մէկը՝ անիրաւութիւն մը, մեղք մը վերցնելու, մաքրելու, սրբելու, իսկ միւսը՝ թիւ մը, կարեւոր թիւ մը ամբողջացնելու: Արդարեւ, Յուդան մատնութեան պատճառով առաքեալ ըլլալու հանգամանքէն ինկաւ, եւ առաքեալները կարիք զգացին անոր փոխարէն ուրիշ մը ընտրելուն, որպէսզի ամբողջացնէր իրենց թիւը:
Ներկայիս, այսինքն՝ Նոր ուխտի ժամանակաշրջանին վիճակ ձգելու փոխարէն, աւելի մարդիկ կը դիմեն ծոմապահութեան եւ աղօթքի՝ հարցնելու համար Աստուծոյ կամքը: Բնականաբար, անցեալին եւս, երբ վիճակ կը ձգէին՝ աղօթքով կը դիմէին Աստուծոյ, որպէսզի ցոյց տայ իրենց՝ Իր կամքը: Ներկայիս երբ կ՚ըսենք աղօթքով ու ծոմապահութեամբ, նկատի ունինք, որ Աստուած մարդուն կը խօսի, կը յայտնէ Իր կամքը տարբեր ձեւերով ու կերպերով:
Հ. Այսօրուան կեանքի ընթացքը դժուարացած է: Պայմանները ծանրացած են ու կը նկատենք, որ մարդիկ մնայուն վազքի մէջ են իրենց ապրուստը ճարելու համար, եւ այդ վազքին մէջ յաճախ անօրէնութիւններու եւ անուղիղ ճանապարհներու կը դիմեն: Արդեօք այդպիսիները արդարացում ունի՞ն, երբ կը պատառաբանեն, թէ այդպէս կը վարուին՝ իրենց ընտանիքները պահելու համար:
Պ. Ո՛չ մէկ անօրէնութիւն եւ սխալ ճանապարհ արդարացում ունի:
Առակցի 17-րդ գլխուն 1-ին համարին մէջ կը կարդանք. «Աղէկ է պատառ մը չոր հաց խաղաղութիւնով, քան թէ տուն մը լեցուն զոհեր՝ կռիւով»: Հոգեւոր ակնոցով եթէ մօտենանք, ապա անիրաւութեամբ վաստակուած մէկ կտոր հացն իսկ կռիւի, խռովութեան, ներքին անհանգստութեան պատճառ է, մինչ ճակտի քրտինքով վաստակուած հացը ներքին խաղաղութեան ու անդորրութեան աղբիւր է:
Մարդ պէտք է գիտակցի իր վիճակին, հասկնայ ու ըմբռնէ իրավիճակը՝ որու մէջ կ՚ապրի, եւ ըստ այնմ կարգաւորէ ու դասաւորէ իր ապրած կեանքը, միշտ հաւատարիմ մնալով Աստուծոյ պատուիրաններուն, որոնք կը թելադրեն ճակտի քրտինքով, այլ խօսքով՝ արդարութեամբ վաստակելու ու ուտելու մեր հացը ու պահելու մեր ընտանիքը:
Քրիստոնէական հասկացողութեամբ Աստուած մարդէն աւելի՛ լաւ գիտէ անոր պէտքերն ու կարիքները, եւ ըստ այնմ ալ կը հոգայ այդ պէտքերն ու կարիքները, եթէ մարդ վստահի Իրեն ու կառչի Անկէ: Մատթէոսի Աւետարանին մէջ կը կարդանք.
«Հետեւաբար, մի՛ մտահոգուիք ձեր կեանքին համար, թէ ի՛նչ պիտի ուտէք կամ խմէք, ո՛չ ալ մտահոգուեցէք ձեր մարմինին համար, թէ ի՛նչ պիտի հագնիք: Չէ՞ որ կեանքը աւելի կարեւոր է քան կերակուրը, եւ մարմինը աւելի կարեւոր է քան հագուստը:
Դիտեցէ՛ք երկինքի թռչունները. ո՛չ կը սերմանեն, ո՛չ կը հնձեն եւ ո՛չ ալ շտեմարաններու մէջ կ՚ամբարեն, եւ սակայն ձեր երկնաւոր Հայրը կը կերակրէ զանոնք: Չէ՞ որ դուք Աստուծոյ աչքին թռչուններէն գերազանց էք: Մտահոգուիլը կանգունով մը կ՚երկարէ ձեր հասակը: Կամ, ինչո՞ւ կը մտահոգուիք հագուստի համար: Օրինակ առէք վայրի շուշաններէն եւ տեսէք, թէ ի՛նչպէս կ՚աճին. ո՛չ կ՚աշխատին, ո՛չ կը հիւսեն: Հաւատացէ՛ք, որ նոյնիսկ Սողոմոն իր ամբողջ փառքին մէջ անոնցմէ մէկուն պէս գեղեցիկ չկրցաւ հագնիլ: Եթէ, ուրեմն, Աստուած այդպէս աղուոր կը հագցնէ դաշտի խոտը, որ այսօր կայ եւ վաղը կրակ կը նետուի, շատ աւելի լաւ պիտի չհագցնէ՞ ձեզ, թերահաւատնե՛ր: Հետեւաբար, մի՛ մտահոգուիք եւ ըսէք. «Ի՞նչ պիտի ուտենք, ի՞նչ պիտի խմենք կամ ի՞նչ պիտի հագնինք»: Այդ մտահոգութիւնները հեթանոսներուն յատուկ են: Որովհետեւ ձեր երկնաւոր Հայրը գիտէ արդէն, թէ այդ բոլորին պէտք ունիք: Դուք նախ խնդրեցէք, որ Աստուծոյ Արքայութիւնը գայ եւ աշխատեցէք Իր կամքը կատարել, եւ Աստուած այդ բոլորը աւելիով պիտի տայ ձեզի:
Ինչո՞ւ ուրեմն մտահոգուիք վաղուան մասին: Վաղ-ւան մտահոգութիւնը վաղուան ձգեցէք: Իւրաքանչիւր օրուան նեղութիւնը ինքնին բաւարար է» (Մտ 6.25-34):
Պարզ եւ յստակ, մարդ մտահոգուելու կարիք չունի, առաւել եւս անօրէնութեան դիմելու՝ ինքզինք եւ իր ընտանիքը պահելու, այլ՝ մարդ կարիքն ունի գիտակցելու իր վիճակին, վստահելու Աստուծոյ, Անոր յանձնելու իր կեանքը՝ միաժամանակ իր պարտականութիւնը լաւագոյնս գործադրելով, որով ինք իր բաժինը երբ ընէ՝ Աստուած ալ Իր բաժինը կը կատարէ:
•շար. 51
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ
Հարթակ
- 11/30/2024