ԽՂՃՄՏԱՆՔ ԵՒ ՄԻՏՔ

Պահ մը անկեղծ ըլլանք եւ խոստովանինք մեր սխալները, մեր թերութիւնները, եւ մանաւանդ թուենք անոնք, որոնք վշտացուցած ենք, մէկ խօսքով լսենք մեր խղճին ձայնը եւ համեմատենք զայն մեր մտքին հետ։ Իրապէս, ո՞րն է մարդուն արարքներուն վրայ ազդողը։

Այսպիսի ցանկ մը պատրաստելու համար, շատ կարեւոր է եւ օգտակար, գործածել երկու տեսակ հայելիներ։ Յիշողութեան հայելի եւ ուրիշներու դիրքը քեզի հանդէպ ցոլացնող հայելի։ Իւրաքանչիւր հայելիի ետին պէտք է ըլլայ Աստուծոյ խօսքին հայելին. (ՅԱԿ. Ա 23-25)։

Թէ ի՞նչ է «յիշողութեան հայելի»ն եւ այդ հայելիին մէջ ի՞նչ կրնանք գտնել։ Հայելին՝ հայելիին մէջ անհուն, անսահման տեսք մըն է, ուրեմն, հայելին մարդուս կրնայ ամբողջ կեանք մը ցոյց տալ։ Երբեք փորձած էք հայելիին նայիլ եւ աչքը սեւեռել աչքերուն։ Հոն պիտի տեսնէք ձեր ներքին մարդը, եւ այդ պատճառով դժուար է հայելիին մէջ նայիլ աչքի… հոն՝ հայելիին մէջ կը տեսնենք նիւթը եւ հոգին, միտքը եւ խիղճը։ Բայց մարդուս համար ո՜րքան դժուար է իր իսկ «Ես»ին հետ, այսինքն իր «ներքին մարդ»ուն հետ դիմաւորուիլ… Դժուա՜ր, որովհետեւ հոն է, որ իրար կը խառնուին խիղճը եւ միտքը։

Խիղճը կը զգայ եւ միտքը կը խորհի…

Խիղճը կը հարցնէ.

«Ոեւէ մէկուն ստա՞ծ եմ»։

Միտքը կը խորհի.

«Ստելը կրնա՞յ պատրուկ մը ունենալ»։

Խիղճը կը հարցնէ.

«Ոեւէ մէկէն բարկացա՞ծ եմ»։

Միտքը կը մտածէ.

«Բարկանալը արդարացում մը կրնա՞յ ունենալ»։

Խիղճը կը քննէ ինքզինք.

«Ոեւէ մէկուն բարկացա՞ծ եմ ես եւ բարկանալով վշտացուցա՞ծ եմ»։

Միտքը կը հարցաքննէ.

«Բարկութեան պատճառը ի՞նչ է, մէկու մը վշտանալը ամէն պարագայի ճի՞շդ է»։

Խիղճը զգացումով կը վարուի.

«Ուրիշներու ինծի ըրած բարիքին հանդէպ ապերախտ գտնուա՞ծ եմ»։

Միտքը իր տեսանկիւնէն կը դիտէ.

«Ապերախտութեան բանաւոր պատճառները կրնա՞ն ըլլալ արդեօք, թէ ոչ ապերախտութիւնը բոլորովին սխա՛լ է։ Եթէ սխալ է, ապա ուրեմն ինչո՞ւ համար մարդիկ ընդհանրապէս ապերա՛խտ են»։

Խիղճը ինքզինք վիրաւորուած կը զգայ, եւ կը հարցնէ.

«Արդեօք, հպարտ հոգի մը ունեցա՞ծ եմ»։

Եւ միտքը՝ եթէ ունի կարծեցեալ արժէք մը կ՚ըսէ.

«Հպարտանալ իմ արդար իրաւո՛ւնքս է, ես արժէք մըն եմ, եւ պէտք է ինքզինքս հպա՜րտ զգամ…»։

Հպարտանալը՝ մեծամտութիւն, ինքնահաւանութիւնը ո՞րքան արդարացի են, ո՞րքան իրաւունք են, անշուշտ վիճելի հարց մըն է խղճին համար։

Մարդ գիտակցի կամ ոչ, իր շուրջը գտնուող մարդոց վրայ իր կեցուածքը կ՚արտաձգէ, կը տպաւորէ։ Այս կեցուածքը պատճառ կ՚ըլլայ, որ մարդու մը մասին մտապատկեր մը կազմէ։ Մարդիկ, ընդհանրապէս իրենց արտաքինով կը դատուին՝ արտաքին տեսքով գաղափար մը կը կազմուի իրենց մասին։ Մարդիկ երբ մեզի կը հակազդեն եւ կամ «պատկեր» կը շինեն մեզի դէմ, կարեւոր է մեզ տեսնել իրենց հակազդեցութեան մէջ, թէ մեր սխալ դիրքը, որ ունեցանք իրենց հանդէպ, արդեօք մեզ ետ կը ցոլացնե՞ն։

Ուրեմն ինչպէ՞ս մօտենալ։

- Սխա՛լ է, ըսել. «Ես յանցաւոր էի, բայց դո՛ւն ալ յանցաւոր ես…»։

- Շիտակ է, ըսել. «Աստուած համոզեց զիս, թէ սխալ էի… Ներողութիւն կը խնդրեմ, կը ներե՞ս»։

- Սխա՛լ է ըսել. «Կը ցաւիմ, բայց միայն իմ սխալս չէր, դո՛ւն ալ սխալներ ունէիր այս հարցին մէջ»։

- Սխա՛լ է նաեւ ըսել միայն «Կը ցաւիմ»։

- Վերջապէս սխա՛լ է. «Սխալ էի, յանցաւոր էի, հաճիս ներէ ինծի…»։

Ներողութիւն խնդրելու շիտակ ժամանակը եւ ձեւը Աւետարանի մէջ կը գտնենք.

«Եթէ զոհարանին վրայ ընծադ Աստուծոյ մատուցանելու ատեն յիշես որ եղբայրդ վշտացած է քեզմէ. ձգէ՛ ընծադ զոհարանին առջեւ, գնա նախ հաշտուէ՛ եղբօրդ հետ եւ ապա եկուր եւ ընծադ Աստուծոյ մատուցանէ։

«Երբ մէկը խնդիր ունի քեզի հետ եւ դատի կը կանչէ քեզ, սկիզբէն համաձայնութեան եկուր անոր հետ՝ դատարան չինկած, այլապէս քեզ դատաւորին կը յանձնէ, դատաւորն ալ ոստիկանին, եւ բանտ կը նետուիս։ Վստահ եղիր, թէ բանտէն պիտի չելլես, մինչեւ որ տուգանքիդ վերջին դահեկանը չվճարես». (ՄԱՏԹ. Ե 23-26)։

«Նոյնիսկ եթէ մէկ օրուան մէջ եօթն անգամ քեզի դէմ մեղանչէ եւ եօթն անգամ քեզի գալով ըսէ.- Կը զղջամ, պէտք է ներես իրեն». (ՂՈՒԿ. ԺԷ 4)։

Կ՚ըսեն, որ դատի մը ամենալաւ լուծումը համաձայնութիւն է։ Հաշտութիւնը եւ խաղաղութիւնը ամէն բան կ՚արժէ՛։

Չմոռցուի, որ երկու ապակեայ գաւաթ իրար զարնուին մին կը փշրուի, եւ միւսն ալ կը ճաթի, կը ճեղքուի…։

Խաղաղ եւ երջանիկ կեանքի մը համար պէտք է խիղճը եւ միտքը տեւական իրար հակակշռեն…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յուլիս 18, 2023, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Յուլիս 19, 2023