ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ (ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՑՈՒՑՈՒՄ)
Գ.
ԱՄՈՒՍՆԱՑՈՂՆԵՐՈՒՆ ՏԱՐԻՔԸ
Սեռական հասունութիւն: Ամուսնութեան տարիքը: Վաղաժամ ամուսնութիւն: Դաշտանն ու սեռական հասունութիւնը: Վաղաժամ ամուսնութեան վտանգները թէ՛ ամուսիններուն եւ թէ՛ զաւակներուն համար: Տարաժամ ամուսնութիւնը եւ անոր վտանգները: Անհաւասար ամուսնութիւնը եւ անոր հետեւանքները:
ԱՆՀԱՒԱՍԱՐ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ
Ամենէն զազրելին, ամենէն հակաառողջականն ու անբարոյական ամուսնութիւնը անհաւասար պսակն է, երբ պսակուղներուն տարիքներուն մէջ տարբերութիւն կայ:
Լրագիրներուն մէջ յաճախ բողոքներ կը կարդանք այսպիսի անբարոյական ամուսնութիւններու դէմ, բայց դարձեալ 50-60 տարեկան ծերերը չեն քաշուիր նոյնիսկ 15 տարեկան երեխայ իրենց կին ուզելու, իսկ այս երեխային ծնողները չեն սարսափիր իրենց աղջիկը այդպիսի ծերերու ծախելու: Ասիկա տեսակ մը առեւտուր է՝ ու զազրելի առեւտուր, որու դէմ տարրական բարոյականութիւնը կը բողոքէ: Հարուստ ծերութիւնը աղքատ երիտասարդութիւնը կը գնէ, որովհետեւ ո՛չ մէկ ծերունի չի կրնար ենթադրել, որ երիտասարդ աղջիկը կրնայ սիրել զինք: Ան պիտի հասկնայ, որ կարելի չէ անցեալը ապագային հետ կապել, իսկ անցեալը ինքն է, որ գերեզմանի եզրին կանգնած է, ինքն է, որ չորցած ծառի նման է, իսկ ապագան այն նորաբողբոջ, դեռ չբաց-ւած կոկոնն է, որ ան անխնայ կերպով կը պոկէ իր կոշտացած ձեռքով ու իր գարշահոտ շունչով կը թառամեցնէ…
Իսկ աղջիկը… Եթէ ան գիտնար, թէ ի՜նչ զոհ կը բերէ իր ճոխասիրութեան՝ հարուստ ծերունիի կին դառնալով: Առաջին համբոյրը չսիրած կը քաղեն, երբեմն անոր զզուելի շրթունքները, առաջին գգուանքը ան սառն կը ստանայ, տախտակացած կուրծքին վրայ: Ան այդ չսիրած օտարին կու տայ կուսական քնքոյշ թարմութիւնը, կու տայ յաճախ գգուանքով, առանց ոգեկան հակումի, առանց սիրային կիրքի, նոյնիսկ առանց ֆիզիքական զուարճութեան:
Անոր միակ մխիթարութիւնը անոր զաւակները պիտի ըլլան, այն զաւակները, որոնք յղացած են առանց սիրոյ եւ ծնած՝ առանց յոյսի…
Այո՛, այն սէրը, որ ան չէ կրցած տալ իր ամուսինին, իր մանկիկին վրայ կը դարձնէ: Այդ էակին կը նուիրէ իր հոգեկան բոլոր ուժերը, կը կրթէ, կը մեծցնէ, անոր մէջ իր գոյութեան ամբողջ ուժը կը փչէ, ու այդ կ՚ըլլայ իր մխիթարութիւնը: Բայց, աւա՜ղ, այդ ամուսնութենէն սերած երեխաները փոխանակ իրենց մօր վիշտերը սփոփելու, անոր ցաւերուն աղբիւր կը դառնան իրեն համար: Նոր սերունդը թոյլ ու տկար կազմուածքով, թո՛յլ են անոր հոգեկան ուժերը, թո՛յլ է անոր մտաւոր ու ֆիզիքական կենսունակութիւնը: Խեղճ կնոջ սիրտը կը խոցուի ամէն անգամ, երբ աչք կը գոցէ իր վատառողջ, արնապակաս, խուլախտոտ, արատաւոր կազմուածքի տէր սերունդին վրայ, որոնցմէ մէկը կամ մի քանի հատը վաղաժամ մահուան դատապարտուած են:
Այսպէս, դատապարտելի են թէ՛ վաղաժամ եւ թէ՛ տարաժամ ամուսնութիւնները. աւելի եւս յանցաւոր են անհաւասար պսակները: Այս բոլոր պսակներուն մէջ ո՛չ միայն ամուսնացողները կը տուժեն, այլ՝ անոնց սերունդը:
Բնական եւ իսկապէս առողջապահական ամուսնութիւնը կը պահանջէ՝
1. Որ այր մարդը 22 տարեկանէն փոքր չըլլայ եւ ո՛չ ալ 30 տարեկանէն մեծ (Պաղ երկիրներուն մէջ, ուր մարդիկ ֆիզիքապէս աւելի ուշ կը զարգանան, կը պահանջուի, որ ամուսնացողները 2-3 տարիով աւելի մեծ ըլլան):
2. Որ ամուսիններուն տարիքին մէջ տարբերութիւնը 7 տարիէն աւելի չըլլայ:
Ցանկալի է, որ առողջապահութեան այս հիմնական պահանջը եկեղեցական եւ քաղաքական օրէնսդրութեան մէջ մտցուէր, եւ այն ատեն մարդկութիւնը այլեւս գոնէ չէր արտադրեր այն վատուժ, ջղային, անընդունակ եւ ծոյլ էակներէն շատերուն, որոնք բոլոր երկիրներուն եւ բոլոր ժամանակներուն մէջ հասարակութեան վիզին բեռ դարձած են:
Դ.
ՉՀԱՍ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ
Չհասութեան գաղափարը հին եւ նոր ազգերուն մէջ: Մուհամմէտն ու Մովսէսը: Արեւմտեան եւ Արեւելեան եկեղեցական ժողովներուն որոշումները ազգակցական ամուսնութեան վերաբերմամբ: Հայոց Եկեղեցւոյ սահմանած կանոնները: Ի՞նչ հիմունք ունէր արենակցական ամուսնութեան արգելումը: Հիներուն տուած բացատրութիւնները: Բարոյական հիմունք: Արենակցական ամուսնութեան ազդեցութիւնը թէ՛ ամուսիններուն եւ թէ՛ սերունդին վրայ: Ասոր վերագրուած հիւանդութիւնները (խուլ-համրութիւն, ջղային հիւանդութիւն, խելագարութիւն, վատասեռում, եւ այլն): Նորագոյն գիտական հայեացքները ու ժառանգականութեան խաղացած դերը արենակցական ամուսնութեան մէջ:
Ամուսնութեան հիմնարկութեան զրագացումին հետեւելով, մենք կը տեսնենք, որ արենակցութիւնը հին դարերուն արգելք չէր ըլլար ամուսնութեան, եւ թէ չհասութեան գաղափարը քաղաքակրթութեան արդիւնք է, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ բարոյական սկզբունքներ:
Հին ազգերուն մէջ ամենէն մօտիկ ազգականներն իսկ ազատ կերպով կ՚ամուսնանային իրարու հետ (եթէ անշուշտ նմանատիպ կապերուն կարելի է ամուսնութեան անուն տալ). հայրը աղջկան, մայրը որդիին, եղբայրը քրոջ: Այս ձեւի կապերը առօրեայ երեւոյթներ էին հին պարսիկներու, մետացիներու, հնդիկներու եւ եթովպացիներու մէջ (Persae, Midi, Indi, et Ethiopes cum matribus et magis filiabus et nuptibus copulantus. St. Jerôme):
Պարսիկները նոյնիսկ աւելի մեծ յարգանքով կը վերաբերէին ամենէն մօտիկ միութիւններուն նկատմամբ եւ գրեթէ կը սրբացնէին անոնց պտուղը: Փիւնիկեցիները իրենց քրոջ հետ կը պսակուէին: Սկիւտացին կրնար իր աղջիկը կին վերցնել: Նոյնպէս եւ հոները: Հին գերմանացիները, դանիացիները իրենց քրոջ հետ կ՚ամուսնանային: Նոյնը Եգիպտոսի մէջ տեղի կ՚ունենար, որոնց աստուածը (Օզիրիսը) իր քրոջ՝ Իզիսի հետ ամուսնացած էր եւ Կղէոպատրան եղբօր ու քրոջ զաւակ էր: Արաբները անցեալին իրենց մօր հետ եւս կը միաւորուէին, բայց Մուհամմէտը խիստ արգելք դրաւ. «Մի՛ ամուսնանաք այն կիներուն հետ, որոնք ձեր հօր կինը եղած են. ատիկա յանցանք է», կ՚ըսէ Քուրանը, եւ ապա կ՚աւելցնէ. «Կ՚արգիլուի ձեզի ձեր աղջիկներուն, քոյրերուն, հօր ու մօրաքոյրներուն, եղբօր եւ քրոջ աղջիկներուն, ձեր ծծմայրերուն, ձեր կանթաքոյրերուն եւ ձեր մեծ մամաներուն, ձեր կնոջ աղջիկներուն հետ պսակուիլ, որոնք ձեր հոգատարութեան տակ կը գտնուին»: Մովսէսը կը նզովէ այն մարդուն, որ «իր քրոջ, իր հօր կամ մօր աղջկան հետ կը պառկի» (խորթութիւն), այդպիսիներուն կը պատուիրէ հրապարակաւ սպաննել: Մովսիսական օրէնքով (որ այսօր ալ հրեաներուն մէջ ուժ ունի) չէր արտօնուեր առաջին երեք աստիճաններու [ազգականներուն] ամուսնութիւնը, իսկ չորրորդ աստիճանի ազգականներուն պսակը վաւերական կը համարուէր (երկու եղբայրներու կամ երկու քոյրերու զաւակներուն միջեւ):
Մծղնէութիւնը (արիւնախառնութիւնը) խստօրէն կը պատժուէր նոյնպէս Մեքսիկոյի, աւստրալիական ցեղերուն եւ Հայիթի կղզիին մէջ: Չինաստանի մէջ օրէնսդրութիւնը կ՚արգիլէր պսակը նոյնիսկ ամենէն հեռաւոր ազգականներուն մէջ:
Քաղաքակիրթ ազգերուն մէջ չհասութեան գաղափարը գրեթէ ամէն տեղ նոյնը եղած է:
Հռոմի մէջ համակեցութիւնը եղբօր կամ քրոջ աղջկայ հետ արնախառնութիւն կը համարուէր (incestus). հռոմէական կայսրերէն երկուքը (Կլաուտիոս եւ Անտոնիուս) այս օրէնքը փոխեցին ու իրենց եղբօր աղջիկներուն հետ ամուսնացան: Սակայն օրէնքը վերականգնուեցաւ: Կոնստանդին կայսրը այդպիսի ամուսնութեան համար մահուան կը դատապարտէր: Թէոդոս Մեծը նոյնպէս մահացու յանցանք կը համարէր նոյնիսկ երկու քոյրերու ու եղբայրներուն զաւակներուն (germani-äâîþðîäíûå) միաւորութիւնը (4-րդ պորտ1): Յուստինիանոսը այս պսակները արտօնեց, իսկ 615-ին Փարիզի մէջ գումարուած կրօնական ժողովը այս աստիճաններուն մէջ սահմանուած ամուսնական կապերը նզովեց. 715-ինը աւելի եւս հեռու գնաց եւ արգիլեց յիշուած ազգականներու զաւակներուն պսակը եւս (6-րդ պորտ), ապա Տուզիի ժողովը (874-ին) արգելքը աւելի հեռու տարածեց (7-րդ աստիճան): Հռոմէական կանոնները երթալով կը խստանան ու չհասութիւնը կը տարածուի 14-րդ պորտի վրայ:
Այս խստագոյն կաննոները (որոնք կրօնական ժողովներէն դուրս գալով աշխարհական օրէնսդրութիւններուն մէջ մտած էին գրեթէ ամբողջ Եւրոպայի մէջ) բողոքներ յարուցեցին, եւ լուտերական ժողովը 1215-ին ստիպուած եղաւ մեղմացնել զանոնք եւ 8-րդ պորտի հասցնել, իսկ ստիպողական դէպքերու պարագային արտօնեց նաեւ ժխտումներ (dispensatio):
Արեւելեան եկեղեցւոյ կանոնները հռոմէականէն շատ չեն տարբերիր:
Լուտերականներուն ու բողոքականներուն եկեղեցական կանոններուն մէջ չհասութեան աստիճանները աւելի սահմանափակ են: Ամուսնութիւնը քրոջ եւ եղբօր զաւակներուն միջեւ (4-րդ աստիճան) չ՚արգիլուիր, եւ նոյնիսկ դժուար չ՚ըլլար արտօնութիւն ստանալ եղբօր կամ քրոջ զաւակի հետ պսակուելու համար (3-րդ պորտ):
Ռուս եկեղեցին, որ արեւմտեան կանոնները ընդունած էր, երթալով նոյնպէս մեղմացուց արենակիցներուն ամուսնութեան դէմ յարուցած արգելքները ու այսօր ան կ՚արտօնէ մինչեւ 5 պորտին:
•շար. 6
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ
1 Ծնունդը պորտ կը համարուի: Պորտը հաշուելու համար պէտք է մինչեւ վեր՝ նախահայրը բարձրանալ (ով հաշուի մէջ չի՛ մտներ) ու միւս գիծով իջնել (կողմնագիծ ազգակցութիւն): Օրինակ՝ հօրեղբօր թոռնիկները 6 պորտ կը կազմեն:
Հարթակ
- 11/30/2024