ԳՆԱԼԸԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅԹ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ, երէկ, Գնալըի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ հերթական «Մենք ԵՐԳենք» խորագրեալ երաժշտական երեկոյթը։

Հանդիսութեան ներկայ էին Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, երիտասարդներ եւ երաժշտասէրներ։

Երեկոյթի սկիզբին Լարա Չնար բարիգալստեան խօսք մը արտասանեց։ Ան տեղեկութիւններ տուաւ Սերա Տեմիրճիօղլուի, Սեսիլիա Մաշալըի եւ Նայիրա Այտընի մասին, որոնք դաշնակով ներկայացուցին դասական երգեր։ Հանդիսութեան տեւողութեան, Նայիրա Այտըն թէ՛ նուագեց եւ թէ երգեց «Տուն իմ հայրենի» եւ «Հոյ Նազան» երգերը։ Հանդիսութեան աւարտին, բոլոր ներկաները մեծ խանդավառութեամբ մասնակցեցան «Հովիւը սարում տխրեց» տոհմիկ երգին։

Հուսկ բանքը արտասանեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Ան ըսաւ, որ Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեամբ կազմակերպուած երաժշտական սոյն ծրագրին մէջ նոր դէմքերուն ներգրաւումը շատ իմաստալից է։ Ան շեշտեց նաեւ Նայիրա Այտընի բնական ձիրքը. բան մը, որ դրական իմաստով կ՚ազդէ բոլոր ունկնդիրներուն։ Իբր այդ, հայր սուրբը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակից երիտասարդներուն, ինչպէս նաեւ երեկոյթի շարքերու կազմակերպիչներէն Սեւան Աթաօղլուին եւ երաժշտութեան խորհրդատու Յակոբ Մամիկոնեանին։ 

Հինգշաբթի, Յուլիս 20, 2023