ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՄՕՏ ՀԻՒՐ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ ընդունեց Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Քուզիքօղլուն, որ Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) վերջին ժողովին պաշտօնի կոչուած էր որպէս ատենադպիր։ Այսպէս, Լեւոն Քուզիքօղլու Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր յայտնեց, թէ ինք յանձն առած է ձեռնարկել նոր քարտուղարութեան մը կազմութեան աշխատանքին ու տեղեկութիւններ փոխանցեց, թէ ԹՎՄ-ի շրջանակներէն ներս պիտի կազմուին յանձնախումբեր։
Իր կարգին, Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհաւորեց Լեւոն Քուզիքօղլուն եւ յոյս յայտնեց, թէ առաջնահերթութիւն կը տրուի կրթական յանձնախումբի մը կազմութեան, որպէսզի քննարկուին վարժարաններու վերաբերեալ հարցերը եւ որոնուին լուծման միջոցներ։
Հուսկ, Նորին Ամենապատուութիւնը հայրական օրհնութիւնները տուաւ Քուզիքօղլուին եւ յաջողութիւն մաղթեց իրեն։