ՄԿՐՏՈՒԹԵԱՆ ՆԿԱՐ ՄԸ
Անցնող շաբթուան ընթացքին Լիբանանի մէջ տեղի ունեցաւ անմեղ մանուկի մը մկրտութիւնը: Մկրտութենէն ետք մանուկին հարազատները համացանցի իրենց էջին մէջ տեղադրեցին սոյն յօդուածին կցուած նկարը, որ վերջին մի քանի օրերուն քննադատութեան առարկայ դարձաւ եւ մինչեւ իսկ մամուլի ճամբով հրատարակուեցաւ անոնցմէ մի քանին:
Քննադատութեան առանցքը հետեւեալն էր. բազմաթիւ եկեղեցականներու ներկայութիւնը եւ Լիբանանեան տագնապի այս օրերուն կատարուած «ճոխ» մկրտութեան արարողութիւն մը, ինչ որ ըստ երեւոյթին շարժած էր շատերու նախանձը եւ առիթ տուած, որպէսզի ազատ-անկախ արտայայտուին եւ դուրս տան այն՝ ինչ որ տարօրինակ կը թուի մեզի համար:
Շատեր կը մեղադրեն եկեղեցականները, որ ներկայ գտնուած են նման արարողութեան մը եւ աւելին նման լուսանկարի մը մէջ տեղ գրաւած. շատեր այս մէկը յանդգնած են կոչել գիտակցութեան ու պատասխանատուութեան պակաս:
Պէտք է ըսել, որ մեր ժողովուրդը շատ անգամ կը քննադատէ՝ բան մը գրելու սիրոյն, որովհետեւ գոյութիւն ունի այն տկար կարծիքը, որ քննադատող մարդը ազգասէր մարդն է, քննադատող մարդը «ճիշդ»երը տեսնող եւ արդար դատողութիւն ընող մարդն է, սակայն իրականութեան մէջ այդ բոլորը քննադատութենէն անդին անիմաստ ըսի ըսաւներ են պարզապէս՝ որոնք որպէս «առողջ» քննադատութիւն հանրութեան կը ներկայացուին:
Հետեւաբար կ՚ուզենք մեր կարգին մի քանի յստակացումներ կատարել.-
Ա.- ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆՆԵՐԸ.- Մեր հայ ժողովուրդին մօտ գոյութիւն ունի այն կարծիքը, որ ինչքան շատ եկեղեցական՝ այնքան շատ դրամ կը նշանակէ եւ հետեւաբար նման եկեղեցականներով լեցուն նկարի մը տեղադրումը հոգեւոր զգացումներէն աւելի մարդոց մօտ դրամասիրութեան մտածումն է որ կ՚արթնցնեն:
Չենք մեղադրեր մարդոց այդ մտածումը, որովհետեւ առաջնորդարանը իրականութեան մէջ ամէն մէկ եկեղեցականի ներկայութեան համար առանձին վճար կը պահանջէ եւ շատ անգամ մարդիկ կը կարծեն, որ այդ վճարումները ուղղակի եկեղեցականներուն գրպանները կ՚երթան՝ ինչ որ իրականութենէն հեռու է:
Սակայն մարդկային տեսակէտէն պէտք է հասկնանք, որ մկրտութեան մը ներկայ գտնուելու համար անպայման վճարումի կարիքը չկայ. եկեղեցական մը ազատ է ներկայ գտնուելու իր հարազատներուն, բարեկամներուն եւ մտերիմներու առիթներուն՝ ըլլայ մկրտութիւն, թաղում կամ պսակադրութիւն: Նկատի ունենալով մկրտուող մանուկի հարազատներուն մտերմութիւնը Անթիլիասի եւ մանաւանդ եկեղեցականներու հետ, տարօրինակ չենք գտներ անոնց ներկայութիւնը այդտեղ. եկեղեցականներ այսպէս կամ այնպէս կը ճանչնան մկրտուող մանուկի հայրն ու անոր հօրեղբայրը եւ անոնց մտերմութիւնը տարօրինակ չի դարձներ եկեղեցական հայերու ներկայութիւնը:
Չեմ գիտեր ինչպէ՞ս անձ մը եկեղեցականներու ներկայութիւնը կը կապէ դաստիարակութեան պակասին եւ կը գրէ, թէ «Պէտք չէ՞ նաեւ ցաւով մտածել, որ այս պարագային մեր դպրոցներն ու եկեղեցին ձախողած են մտային եւ հոգեւոր դաստիարակութիւն ջամբելու իրենց առաքելութեան մէջ»: Եկեղեցին կամ դպրոցները ձախողած են թէ ոչ՝ չեմ գիտեր, սակայն գիտեմ, որ մենք մեր մարդկութեան մէջ սկսած ենք ձախողիլ եւ մանուկի մը մկրտութեան մէջ նոյնիսկ տեսնել նախանձ, քննադատելի երեւոյթներ ու բամբասելու առարկայ:
Պաշտպանելով հանդերձ եկեղեցականներու ներկայութիւնը մանուկին մկրտութեան ես ալ որոշ քննադատութեան զգացում մը կ՚ունենամ, որ աղերս չունի դրամասիրութեան կամ դպրոցի եւ եկեղեցւոյ դաստիարակութեան հետ: Օրինակի համար, ինչո՞ւ համար նման բազմութիւն մը չկրցանք տեսնել հայ մտաւորական Աբրահամ Ալիքեանի թաղման արարողութեան ընթացքին, ինչ որ ցաւ եւ մտահոգութիւն կը պատճառէ՝ կամայ թէ ակամայ:
Բ.- ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՏԱԳՆԱՊԱԼԻ ՎԻՃԱԿ.- Շատեր քննադատութեան առարկայ կը դարձնեն այն դժբախտութիւնը, որ այսօր Լիբանանի մէջ բազմաթիւ մարդիկ դժուարութեամբ իրենց գոյութիւնը կը քաշքշեն, սակայն անդին կը տեսնենք, թէ այլ խաւ մը հանգստութեան մէջ իր կեանքը կ՚ապրի: Այս երեւոյթը սակայն միայն Լիբանանի մէջ չէ որ գոյութիւն ունի. այս երեւոյթով կը տառապի այսօր ամբողջ աշխարհը. Ափրիկէի մէջ բազմահազար մանուկներ անօթութեան պատճառով կը մահանան, սակայն մի քանի փողոց անդին ուրիշներ իրենց հարստութեան մէջ անկուշտ կեանք մը կը շարունակեն ապրիլ: Ուրիշներու աղքատութիւնը սակայն բաւարար պատճառ մը չէ քննադատելու ուրիշին ունեցուածքն ու հարստութիւնը, մանաւանդ ընտանիքի մը պարագային, որ իր ունեցուածքը իր սեփական հաճոյքէն անկախ կը բաժնեկցի որբերու, հիւանդներու, ծերերու եւ կարիքաւոր ընտանիքներու հետ: Պարզապէս պէտք է խորապէս ստուգել, որ այս մկրտութեան արարողութիւնը Լիբանանի տագնապալի վիճակին հետ կապողները իրե՛նք անձամբ ինչ բան ըրած են լիբանանահայութեան եւ կամ ընդհանրապէս կարիքաւորներու հանդէպ:
Լիբանանահայութեան ներկայ վիճակը կամայ թէ ակամայ իր տխուր ազդեցութիւնը կ՚ունենայ մեզմէ իւրաքանչիւրին վրայ, սակայն մկրտութեան մը կապել այդ իրավիճակին քիչ մը տրամաբանութենէ դուրս ըլլալ կ՚երեւի:
Ինչո՞ւ համար որպէս լաւատեսութիւն չտեսնել այն երեւոյթը, որ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, ներկայ մտայնութեան հայ ծնողքը տակաւին կը կարեւորէ իր զաւակին Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ մէջ կատարուած մկրտութիւնը. ինչո՞ւ չտեսնել հայրենասիրութեան եւ եկեղեցասիրութեան կէտը այդ երեւոյթին մէջ:
Շատեր այս նկարը ամօթ կը նկատեն. նոյնիսկ ոմանք կը մտածեն, թէ մանուկը ապագային պիտի ամչնայ, թէ նման լուսանկարի մը մէջ տեղ գտած է ինք՝ ակամայ վիճակով:
Այսօր մեծագոյն ամչնալու բանը մեր մտայնութիւնն ու նախանձն է. բան մը գրելու սիրոյն աջ ձախ անիմաստ քննադատելու մեր յոռի սովորութիւնն է:
Մեր ազգը բամբասանքին տրամադրած իր ժամանակը եթէ տրամադրէր զարգացման եւ ուսումի, այսօր մեր ժողովուրդի ճակատագիրը կրնար ամբողջութեամբ տարբեր վիճակ մը պարզել: Բամբասելու չափ գործէինք՝ այսօր Լիբանանի հայութեան վիճակն ալ կրնար տարբեր ըլլալ, սակայն ճշմարտութիւնը մէկ է. բամբասելը անվճար ու չյոգնեցնող առաքելութիւն մըն է մեզի համար՝ քան աշխատանքը:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -297-
Նորօծ եկեղեցական բարեկամներէս մին առաջին անգամ ըլլալով հրաւիրուեցաւ հիւանդանոց՝ հիւանդ ծերունիի մը հաղորդութիւն տալու համար: Աղօթքը վերջացնելէ ետք հաղորդութիւն տուաւ ծերունի կնոջ եւ կինը մի քանի ժամ ետք անշնչացաւ:
Երկրորդ անգամ պատահեցաւ նոյնը. հաղորդութիւն տալէ մի քանի ժամ ետք հիւանդը դարձեալ մահացաւ եւ այս մէկը եկեղեցականին մօտ վախ մը առաջացուց. որոշեց այլեւս հիւանդներուն հաղորդութիւն տալու չերթալ, այն վախազդու մտածումով, թէ «որու որ հաղորդութիւն տամ՝ անդիի աշխարհ կը մեկնի»:
Զուգադիպութիւն, թէ Աստուածային նախախնամութիւն, թող ընթերցողը ինք պատասխանէ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան