ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆ ԳՆԱԼԸԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ երէկ երեկոյեան Գնալը կղզիին մէջ եզրափակուեցաւ «Մեսրոպ Բ. Պատրիարք» մարմնամարզական փառատօնը։
Եզրափակման հանդիսութեան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին էին Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Ներկայ էին նաեւ Ներսէսեան դպրաց դասու անդամները, Կազդուրման կայանի եւ Շիշլի մարզակումբի վարիչներն ու անդամները, ինչպէս նաեւ խաղերու մասնակիցներն ու իրենց ծնողները։
Հանդիսութեան ընթացքին խօսք առին Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը, Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ Կազդուրման կայանի վարչութենէն Ռաֆֆի Քալք։
Աւելի վերջ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ձեռամբ յուշանուէրներ յանձնուեցան Ներսէսեան դպրաց դասու, Կազդուրման կայանի եւ Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ներկայացուցիչներուն։ Բաց աստի, յուշանուէրներ յանձնուեցան նաեւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանին եւ Ռաֆֆի Քալքին։ Ապա, տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութեան արարողութիւնը։ Վոլէյպոլի, պասքեթպոլի, փինկ-փոնկի, ճատրակի, ֆութպոլի աստիճանակիրներն ու դափնեկիրները ստացան յուշանուէրներ։ Հարկ է նշել, որ ֆութպոլի մրցումները ձօնուած էին փրոֆ. տքթ. Յակոբ Կոթողեանի յիշատակին։
Հուսկ, «Աւանդական» պարախումբի մասնակցութեամբ ներկաներ շուրջպարեցին եւ բարձր տրամադրութեամբ աւարտին հասաւ հանդիսութիւնը։