ՔԱՄԻՒ ԵՒ ՉԱՐՈՒԹԵԱՆ ԽՆԴԻՐԸ (Բ.)
Կը շարունակենք մեր խորհրդրածութիւնները՝ Ալպէռ Քամիւի չարութեան սահմանման մասին։
Այն սահմանումը, որ Քամիւ կ՚օգտագործէ չարութիւնը նկարագրելու համար, կը նպաստէ յստակեցնել խնդիրը, որովհետեւ անոր սահմանումը խիստ կը սահմանափակէ չարութիւնը: Ի տարբերութիւն չարութեան այլ բացատրութիւններուն, անոր սահմանումը կը համադրէ չարութեան գաղափարը՝ մարդոց գործողութիւններով: Սա կը նշանակէ, որ ամէն անգամ, երբ մարդոց միջեւ համերաշխութիւնը վտանգի տակ է, չարութիւնը այնտեղ է։ Ըստ Քամիւի, չարութեան խնդիրը այն է, երբ բան մը կը վտանգէ համերաշխութիւնը, այդ մէկը պէտք է չարիք համարել: Սա կը նշանակէ, որ բռնութեան որեւէ ձեւ պէտք է դիտարկուի որպէս չարիք, եթէ ան կը սպառնայ ուրիշներու հետ համերաշխութիւնը. օրինակ՝ մարդիկ, որոնք կը պաշտպանեն անհատական իրաւունքները:
Արդարեւ, այս սահմանման համաձայն, ոչ-բռնի գործողութիւնները, որոնք անհատները միօրինակ կը դարձնեն եւ չեն վերաբերիր կեանքը բարելաւող յառաջընթացներու, նոյնպէս կրնան ընկալուիլ որպէս չարիք: Ցաւօք, սա խնդրայարոյց է ու յառաջ կը բերէ այն մտածումը, թէ մարդիկ գրեթէ միշտ վատ արարքներ կը գործեն: Այս հանգամանքի օրինակն է այն պատկերացումը, թէ ոչ ոք անմեղ է, ինչ որ հաւանաբար մահուան առընթեր մեծագոյն չարիքներէն մին է: Քամիւի խօսքով, մենք կա՛մ աշխուժօրէն սպանութիւն կը կատարենք, կա՛մ թոյլ կու տանք անոր իրականացման։ Հետեւաբար ան կը կարծէ, որ այս կամ այն կերպով մենք մեղաւոր ենք։ Ըստ իրեն, սա պայմանաւորուած է այն բանով, որ ապստամբութեան գործընթացը պատասխանատու է ինչպէս համերաշխութեան ճանաչման, այնպէս ալ համերաշխութիւնը կանխող անհատներու միասնութիւնը խաթարելու համար:
Ըստ Քամուի, ապստամբութիւնը տեղի կ՚ունենայ, երբ անհատը գիտակցի համընդհանուր ճշմարտութիւն մը կամ իրաւունքներ, ինչ որ պէտք է ունենան բոլոր մարդիկ: Երբ բոլորը կ՚ընդունին այս փաստը, անհատները կը գիտակցին զիրենք շրջապատող աշխարհը եւ համերաշխութիւն կը ստեղծեն իրենց եւ այլ մարդոց միջեւ, որոնք կ՚ընդունին նաեւ իրենց իրաւունքները: Բայց այս իրաւունքները ձեռք բերելու նպատակով տեղի ունեցած ապստամբութեան ժամանակ անհատները հասկցան, թէ որքան կարեւոր է ռիսքի ենթարկել ամէն ինչ՝ զանոնք ձեռք բերելու համար՝ իրաւունքներու վերաբերեալ արժէքային դատողութիւններ ընելու ժամանակ: Այդ իրաւունքները կա՛մ կը յաջողի ստանալ «բոլորը», կա՛մ ուղղակի կը ձախողի՝ ստանալով «ոչինչ»:
Ապստամբողի ստեղծած «ամէն ինչ կամ ոչինչ»ի վստահութիւնը թոյլ չի տար միջին ճամբայ մը գտնել եւ կը բաժնէ անհատները: Առանց մասերու, չկայ «ամբողջութիւն», որ կը միաւորէ իրաւունքները եւ կը ստեղծէ համերաշխութիւն։ Բայց պառակտում ստեղծելը չարիք է, քանի որ կը խանգարէ համերաշխութիւնը: Ապստամբողը պէտք է ճանչնայ նաեւ իր գործողութիւններու հետեւանքով յառաջացած խնդիրը։ Ան պէտք է ընդունի ուրիշներու գոյութիւնը եւ ունենայ նոյն իրաւունքները:
Քամիւ կը պնդէ, որ ապստամբողը պէտք է գործէ ո՛չ միայն իր, այլեւ ամբողջ մարդկութեան համար: Սա կը ներառէ այն անձը կամ անձերը, որոնք առանձնացած են այլ մարդոցմէ, քանի որ առանց մարդկութեան, անոնք չեն կրնար իսկապէս հասնիլ աշխարհի մասին իրազեկման, երջանկութեան ու բարեկեցութեան: Ըստ Քամիւի՝ գործողութեան մը վերջնական նպատակը կրնայ ըլլալ չարութիւն, բայց եթէ այդ գործողութիւնը համերաշխութիւն կը ստեղծէ բոլորի միջեւ, ան այլեւս չի կրնար չարիք համարուիլ:
«Ապստամբող մարդը» մասամբ աչք կը փակէ քաղաքական բռնութեան։ Ի հարկէ, այս տեսակէտի հետ կը յառաջանայ այլ խնդիր մը. սա կ՚արդարացնէ այն պնդումը, որ ամէն վատ արարք, ի վերջոյ, լաւ է, եթէ յառաջացնէ համերաշխութիւն: Ան կը պատասխանէ այս փաստարկին՝ ըսելով, որ եթէ ապստամբողը իսկապէս սա կ՚ընէ ուրիշներու համար, ան չի վտանգեր որեւէ իրաւունք կամ արժէք։ Այսպիսով, կը կանխուի մարդոց միջեւ համերաշխութեան համատարած խախտումը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
•վերջ