ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ (ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՑՈՒՑՈՒՄ)

Դ.

ՉՀԱՍ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ

Չհասութեան գաղափարը հին եւ նոր ազգերուն մէջ: Մուհամմէտն ու Մովսէսը: Արեւմտեան եւ Արեւելեան եկեղեցական ժողովներուն որոշումները ազգակցական ամուսնութեան վերաբերմամբ: Հայոց Եկեղեցւոյ սահմանած կանոնները: Ի՞նչ հիմունք ունէր արենակցական ամուսնութեան արգիլումը: Հիներուն տուած բացատրութիւնները: Բարոյական հիմունք: Արենակցական ամուսնութեան ազդեցութիւնը թէ՛ ամուսիններուն եւ թէ՛ սերունդին վրայ: Ասոր վերագրուած հիւանդութիւնները (խուլ-համրութիւն, ջղային հիւանդութիւն, խելագարութիւն, վատասեռում, եւ այլն): Նորագոյն գիտական հայեացքները ու ժառանգականութեան խաղացած դերը արենակցական ամուսնութեան մէջ:

Մեզի համար աւելի հետաքրքրական է լուսաւորչական եկեղեցւոյ սահմանած կանոնները: Դժբախտաբար, անոնք չափազանց խառնաշփոթ են մինչեւ նոր դարերը: Մինչեւ հինգերորդ դարը ո՛չ մէկ յստակ կանոն կար չհասութեան մասին: Մեծն Ներսէս 365 թուականին Աշտիշատի նշանաւոր ժողովը կը գումարէ, որու որոշումներուն մասին միայն ենթադրութիւններ կան: Սակայն, Արիստակէս Եպսկ. Սեդրակեանի ըսելով, «այդ ժողովի ընթացքին արգիլուած պիտի ըլլայ նախ արենակցական չորրորդ աստիճանի ամուսնութիւնը. այլապէս կարելի չէ բացատրել ժողովի կանոնադրութեան շարժառիթը, երկրորդ-ամուսնութիւնը եղբօր կնոջ, որդիի կնոջ, եղբօր որդիի կնոջ եւ հօրեղբօր կնոջ հետ»1:

Այս արգելքը ցոյց կու տայ, որ այս ձեւի պսակներ հայերուն մէջ կատարուած են, թերեւս շահասիրական նպատակով (օր. իրենց տոհմական ժառանգութիւնները չկորսնցնելու համար), իսկ Խորենացիին խօսքերով, թէ «վասն ագահելոյ սեպհական ազատութիւնը», ենթադրել կու տայ, թէ այդ կանոնը ազատներուն (իշխաններուն) ուղղուած է՝ սանձելու նպատակով:

Սակայն, չնայելով Աշտիշատի ժողովի այս որոշումին, որ անխտիր՝ «ազատներուն եւ ոչ-ազատներուն» կը վերաբերէր, ազգականներուն պսակները իշխանական տուներուն մէջ չեն վերանար, այնպէս որ դեռ 8-րդ դարուն Պարտաւի ժողովը անհրաժեշտ կը համարէ յատկապէս մատնացոյց ընել ազատներուն, «զի անխտիր խառնին ընդ իւրեանց մերձաւորսն անկարգ ամուսնութեամբ»2: Եւ ժողովը աւելի խիստ միջոցի կը դիմէ այդ արնախառնութեան վերջ տալու համար, այն է՝ նզովքի:

Ինչպէս կ՚երեւի, հայերուն մէջ եւս հեթանոսական, թերեւս նաեւ քրիստոնէական առաջին դարերուն տեղի կ՚ունենային արենախառնական ամուսնութիւններ: Այսպէս, 5-րդ դարուն Շահապիվանի ժողովը աւելորդ չի՛ համարեր արգիլուած աստիճաններու կողքին դնել նոյնպէս քրոջը, քեռորդիին, եղբօր որդիին, հօրաքրոջ-հանգամանք մը, որ ապացոյց է, թէ այդպիսի կապերը տեղի կ՚ունենային: Այս ժողովը չհասութեան որոշ սահմաններ դրաւ եւ հռոմէական օրէնսդրութիւնը ընդունեց, այսինքն՝ արգիլեց մինչեւ 8-րդ աստիճան ամուսնութիւնը: Այդ կանոնը ուրիշ ժողովներէ ընդունուեցաւ:

Այսպէս, ուրեմն, մեր եկեղեցական կանոններով չհաս կը համարուէր 7-8-րդ պորտը: Ուրիշ խօսքերով, լուսաւորչական եկեղեցականները եւ օրէնսդիրները չեն շեղիր հռոմէական ու յունական եկեղեցիներուն սահմանած կանոններէն, երեւի, նոյնիսկ, ատոնցմով ղեկավարուած են:

Խորթերու վերաբերմամբ քրիստոնէական եկեղեցին, չհասութեան տեսակէտէ, նոյն օրէնքները սահմանած է, ինչ որ են Մովսիսական կանոնները, իսկ այս կանոնները խորթերը հարազատներէն չէին զանազաներ:

Հայ եկեղեցին եւս խորթերուն համար միեւնոյն չհասական աստիճանները սահմանած է, ինչ որ արիւնակիցներուն: Մխիթար Գօշը անոնց մէջ թոյլատրելի կը համարէ ամուսնութիւնը մի միայն հինգերորդ աստիճանին: Նոյն խստութիւնը ի գործ կը դրուէր, թերեւս, երկու կողմի չհասներուն վերաբերմամբ, այսինքն՝ հօր զաւակներուն (առաջին պսակէն) եւ մօր զաւակներուն (նոյնպէս առաջին պսակէն) մէջ, թէեւ հռոմէական եկեղեցին արգելք չէր հանդիսանար ասոնց ամուսնութեան, իրաւացի նկատելով, որ ո՛չ մէկ արենկացութիւն կայ անոնց մէջ: Մովսիսական օրէնքը, հարցին միայն բարոյական տեսակէտէն նայելով, հայրով ու մայրով խորթ զաւակները եղբայրներ կ՚ընդունի, եւ զանոնք հարազատներուն կը հաւասարեցնէ:

Խնամիական կապը նոյնպէս սուրբ համարուած է միշտ եւ չհասութեան աստիճանները այստեղ գրեթէ նոյնը եղած են, ինչ՝ արենակիցներուն մէջ: Այս չհասութիւնը Մովսէսին օրէնսդրութեամբ նոյնպէս սահմանուած էր:

Այլ տեսակի չհասութիւններ եւս կան. կնքահայրական եւ որդեգրական, որոնք հոգեւոր ազգակցութիւններ կը կազմեն: Այս ազգակցութիւնները չհասութեան տեսակէտէն նոյնպէս արենակցականին հաւասարեցուած են:

Սանիկը կնքահայրին (քաւորին) հոգեորդին կը համարուի եւ անոնց սերունդներուն մէջ նոյն չհասութիւնը դրուած է, ինչ որ արենակիցներուն: Այսպէս, կնքահայր ու սանիկի միայն ծոռները (թոռնիկներուն որդիները) կրնան զիրար առնել [իրարու հետ ամուսնանալ]:

Հոգեզաւակը որդեգրողին մարմնաւոր զաւակին եղբայր կը համարուի, ու ասոնք (հարազատ որդին եւ հոգեորդին) իրարու հետ կրնան ամուսնանալ չորրորդ աստիճանին միայն (ըստ Ղրիմեցիին):

Ահա՛ այն կանոնները, որ թուղթի վրայ գոյութիւն ունին: Սակայն, կեանքի մէջ գործնականապէս անդադար շեղումներ ու զեղծումներ կը կատարուին հոգեւոր իշխանութեան կողմէ, որ երբեմն անելանելի դրութեան մէջ կը գտնուի ու ստիպուած կ՚ըլլայ բարոյապէս զիջիլ ամուսնացողներու պահանջին, իսկ յաճախ շահասիրական նպատակով դրդուած, -երբեմն ալ օտար եկեղեցւոյ մէջ պսակուելու սպառնալիքին տակ՝ կ՚արտօնէ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 7

Վաղարշապատ


1 Ար. Եպսկ. Սեդրակեան, «Ամուսնական խնդիրներ»:

2 Տե՛ս Վ. Վ. Բաստամեան, «Ամուսնութիւն», «Փորձ» 1880 եւ 1881

Չորեքշաբթի, Յուլիս 26, 2023