ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՍՊԱՍՈՒՄ. ՃԱԲՈՆՑԻՆԵՐԸ ԿԸ ՆՇԵՆ ՆՇԱՆԱՒՈՐ ՇՈՒՆԻՆ 100-ԱՄԵԱԿԸ
Աշխարհի ամենահաւատարիմ շունը 100 տարեկան կը դառնայ: Այսպէս խորագրուած է «Պի.Պի.Սի.»ի մէկ յօդուածը, որ հրատարակուեցաւ օրերս, պատմելով շունի մը մասին, որ Ճաբոնի մէջ կը համարուի հաւատարմութեան եւ նուիրուածութեան խորհրդանիշ: Հաչիքօ անունով շունը ծնած է 1923 թուականին եւ պատմութեան մէջ մտած է իր տիրոջ նկատմամբ նուիրուածութեան եւ հաւատարմութեան չափազանց դրսեւորմամբ: Բայց յատկանշականն այն է, որ շունին այդ հաւատարմութիւնը շարունակուած է նոյնիսկ տիրոջ մահէն բազում տարիներ անց: Հաչիքօ շունը ճաբոնական աքիթա շուներու ցեղախումբին կը պատկանի: Այս ցեղատեսակը բուծուած է ճաբոնական Հոնսէու կղզիի հիւսիսը գտնուող Աքիթա վարչական շրջանին մէջ, ուրկէ ալ յառաջացած է ցեղախումբին անունը: Հնագոյն շուն է աքիթան, որու նախնիները եղած են չինական ծագումով փոմերանեան շուներ, որոնք խաչասերուած են թիպեթեան շնատեսակի մը հետ: Զայն բուծող եւ պահող ագարակատէր մը որոշած է պզտիկ աքիթա շնիկ մը նուիրել Թոքիոյի համալսարանի գիտնական-դասախօս Ուէնօ Հիտէասպուրոյին, որ կը փնտռէր այդպիսի շուն մը: Գիտնականը դարչնագոյն գունաւորմամբ ճերմակ շունը կոչած է Հաչի, որ ճաբոներէն ութ կը նշանակէ եւ Ճաբոնի մէջ յաջողակ թիւ կը նկատուի, իսկ «քօ» մասնիկը յետոյ աւելցուցած են բառին վրայ:
Ըստ տեղեկութիւններու, շունը նստեցուցած են արագընթաց գնացք եւ հեռաւոր ագարակէն ան 20 ժամուան ընթացքին փոխադրուած է Թոքիօ: Հաչիքոն կը խնամուի ընտանիքի մէջ, եւ մեծնալով, ամէնուր կը հետեւի իր տիրոջը:
Դասախօսը բուսագիտութեան մասնագէտ էր Թոքիոյի համալսարանի գիւղատնտեսութեան բաժնին մէջ, եւ երբ ամէն օր քաղաք աշխատանքի կ՚երթար, շունը անպայման կը ճանապարհէր անոր տունէն մինչեւ Շիպույա կայարան, այնուհետեւ յետմիջօրէի ժամը երեքին կրկին կը վերադառնար կայարան՝ դիմաւորելու համար տէրը:
1925 թուականի մայիսի 21-ին գիտնականը աշխատանքի ընթացքին ուղեղի արիւնային զեղում կ՚ունենայ եւ բժիշկները ի վիճակի չեն ըլլար փրկել անոր կեանքը, ան հիւանդանոցէն տուն չի վերադառնար:
Հաչիքոն տասնութ ամսական էր, եւ այդ օրը ան այդպէս ալ չի դիմաւորեր տէրը, սպասելով մինչեւ ուշ գիշեր: Գիշերը տուն կը վերադառնայ եւ կը գիշերէ տիրոջ տան մուտքի սանդուխներուն քով: Ատկէ ետք ան ամէն օր, գնացքի գալու ժամուն, կ՚երթայ նոյն վայրը եւ կը սպասէ: Դասախօսի ընկերներն ու բարեկամները շունը կը փորձէին իրենց տուն տանիլ, բայց ան նորէն ամէն օր նոյն ժամուն կայարան կ՚երթար:
Տարածքի առեւտրականները եւ երկաթուղային աշխատողները կը կերակրէին Հաչիքոն, զարմանալով անոր յամառութեան վրայ եւ գնահատելով այն նուիրուածութիւնը, որ անլեզու կենդանին ի ցոյց կը դնէր: Այսպէս շունին համբաւը կը տարածուի ողջ Ճաբոնի մէջ, եւ մանաւանդ ան յայտնի կը դառնայ 1932 թուականին, երբ Թոքիոյի գլխաւոր թերթերէն մէկը յօդուած մը կը տպագրէ. «Նուիրուած ծեր շունը կը սպասէ վերադարձին իր տիրոջը, որ մահացած է եօթ տարի առաջ»։ Պատմութիւնը կը գերէ հազարաւոր ճաբոնցիներու սիրտերը եւ անոնք կայարան կ՚երթային՝ տեսնելու հաւատարիմ շունը: Մարդիկ միշտ նոյն տեղը կը տեսնէին տխուր աչքերով շուն մը, որ ուշադիր կը նայէր անցորդներուն՝ փորձելով անոնց մէջ գտնել իր տէրը:
Այսպէս, Հաչիքոն կայարան գացած է մինչեւ իր մահուան օրը՝ 1935 թուականի մարտի 8-ը: Մահացած շունը գտած են կայարանէն ոչ հեռու գտնուող ճանապարհի մը վրայ: Անոր մարմնին մէջ յայտնաբերուած է քաղցկեղ եւ սիրտի թելորդախտ: Հաչիքոյի ստամոքսին մէջ գտած են նաեւ չորս փայտիկ, որոնց վրայ հաւ կը խորովեն ածուխի վրայ: Սակայն այդ փայտիկներէն ոչ մէկը վնասած է անոր ստամոքսը եւ չէ դարձած մահուան պատճառ։ Մարդիկ Հաչիքոն կը կերակրէին ճաբոնական լաւագոյն ուտեստներով՝ փորձելով մեղմել անոր ցաւը, սակայն շունը ծերացաւ ու մահացաւ՝ առանց մոռնալու իր տէրը, որ իր երկու ամսականին որդեգրած է զինք: Դժբախտաբար, կան նաեւ պատմութիւններ այն մասին, թէ ինչպէ՛ս դժբախտ շունը ծեծի եւ բռնութեան ենթարկած են անցորդները, նոյնիսկ երեխաները, բայց ան դիմացած է բոլոր հարուածներուն:
Հաչիքոյի մահէն յետոյ Ճաբոնի մէջ մէկ օր սուգ յայտարարուած է։ Զարմանալի այս շունին մասին սկսած են գրել գիրքեր, նկարահանել շարժանկարներ, Ճաբոնի մէջ անոր նկարը ամէնուր է, անոր պատկերով կ՚արտադրուին յուշանուէրներ, հանրակառքերու վրայ կարելի է տեսնել Հաչիքոն, նոյնիսկ՝ գետնի հորերու կափարիչներուն պատկերուած է երկրի ամենայայտնի շունը: Այս զարմանալի շունին մասին պատմութիւնը մտած է դպրոցական նիւթերուն մէջ, որպէսզի պզտիկները փոքր տարիքէն նաեւ շունի օրինակով ծանօթանան հաւատարմութեան եւ նուիրուածութեան գաղափարին:
Երբ շունը յայտնի կը դառնայ, մահացած դասախօսին ուսանողները, կը սկսին հետաքրքրուիլ աքիթա շնատեսակով, կը յայտնաբերեն նոր մանրամասներ այդ շուներուն մասին, եւ երկրի տարածքին կը սկսին պահանջուիլ աքիթա շուները: Ի յայտ կու գայ, որ տակաւին 6-րդ դարուն Ճաբոնի մէջ հիմնուած եղած են այս ցեղատեսակի սիրահարներու ակումբներ, որոնք կազմած են շան բուծման, պահման եւ վարժեցման հրահանգներ։ 15-րդ դարուն այս շունին տէրերուն արդէն կը տրուէին անձնագիրներ, ուր անոնք գրի կ՚առնէին շունին մականունը, ծագումը, գոյնը եւ այլ տեղեկութիւններ։
Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի տարիներուն աքիթաները կը խաչասերէին գերմանական հովուաշուներու հետ: Ամերիկացիները նոյնպէս շնատեսակ մը ստացած են աքիթայէն եւ զայն կոչած՝ ճաբոնական մեծ շուն կամ ամերիկեան աքիթա: Ուսանողները պարզած են նաեւ, որ շատ հեռաւոր անցեալին աքիթաները գործածուած են որսորդութեան նպատակներով՝ մանաւանդ խոշոր գազաններու՝ արջի, վարազի, եղջերուի որսի ժամանակ: Այսօր արդէն Ճաբոնցիները այս ցեղատեսակը կ՚անուանեն Ճաբոնի գանձ:
Աքիթաները հիանալի կը զգան ինչպէս փողոցը, այնպէս ալ՝ բակը եւ բնակարաններու մէջ: Հիանալի պահապաններ են, կը պահպանեն տունը, տարածքը եւ ընտանիքի անդամները՝ անծանօթներէն: Խելացի են, ուժեղ, մաքրասէր, ինքնավստահ, հաւատարիմ, բայց չվարժեցնելու պարագային կարող են յարձակողական վարք դրսեւորել այլ շուներու եւ կենդանիներու նկատմամբ: Առհասարակ, խոշոր շուներ են, արուները մօտաւորապէս 64-75 սմ. կ՚ըլլան, ծանրութիւնը՝ 35-45 քիլօկրամ, իսկ էգերը՝ 58-64 սմ., ծանրութիւնը՝ 30-40 քիլօկրամ: Աքիտաներու գոյնը շիկագոյն է՝ ճերմակի համադրութեամբ, երբեմն ամբողջովին ճերմակ կ՚ըլլան:
ԱՐՁԱՆՆԵՐ
1934 թուականին Ճաբոնի մէջ տեղադրուած է Հաչիքոյի յուշարձան։ Շունը տակաւին ողջ էր եւ ներկայ գտնուած է իր արձանի բացմանը: Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ժամանակ արձանը ոչնչացուած է, ան ձուլած են եւ մետաղէն գնացքի մասեր շինած: Պատերազմէն յետոյ՝ 1939 թուականի օգոստոսին, արձանը վերականգնուած է, կը գտնուի Շիպույա կայարանը, ուր ամէն օր տէրը կը դիմաւորէր շունը եւ արձանը սիրահարներու սիրելի հանդիպման վայրերէն մին է: Այս արձանին մօտ գտնուող կայարանը կը կոչուի Հաչիքոյի մուտք, եւ Շիպույա կայարանի հինգ ելք ու մուտքերէն մէկն է: Շիպույա կայարանի պատին նաեւ Հաչիքոյի հսկայ գեղեցիկ խճանկարն է: Շան պատկերը արուեստի գործ դարձուցած են բազմաթիւ ճաբոնցի նկարիչներ, որոնք նաեւ խորհրդանիշներով նկարած են Հաչիքոն, իբրեւ վսեմ հոգիի տէր կենդանի մը:
Հաչիքոն խորհրդանշող արձաններ կան նաեւ Ճաբոնի այլ վայրերու մէջ, այդ արձաններէն մին Ճաբոնի համալսարանին քով է, դրուած է գիտնականին ու շունին հանդիպումը խորհրդանշող արձանը: 2015 թուականին համալսարանի գիւղատնտեսական բաժնին քով դրուած այդ պրոնզեայ արձանը ճաբոնցի քանդակագործները նուիրած են Հաչիքոյի մահուան 80-ամեակին: Զայն կը պատկերէ յուզուած Հաչիքոն, որ վեր կը ցատկէ՝ ողջունելու համար իր տէրը, աշխատանքային օրուայ աւարտին: Գիտնական Ուէնոն գլխարկով է, պաշտօնական հագուստով, պայուսակը դրուած է գետնին, իսկ Հաչիքոն կը կրէ լանջապահ, ինչպէս կ՚երեւի անոր վերջին լուսանկարներուն մէջ:
Արձան մը կանգնեցուած է նաեւ այն քաղաքին մէջ, ուր ծնած է Հաչիքոն: 2004 թուականին Հաչիքոյի նոր արձան մը դրուած է Օտէյի մէջ գտնուող Աքիթա շուներու թանգարանին դիմաց:
Հաչիքոյի մնացորդները խրտուիլակի տեսքով կը պահպանուին Ճաբոնի Գիտութեան ազգային թանգարանին մէջ, իսկ միւս մասը դիակիզուած եւ թաղուած է Թոքիոյի Աոյամա գերեզմանոցը, ուր թաղուած է Ճաբոնի համալսարանի դասախօս Ուէնօ Հիտէասպուրօ (1872-1925թթ.), որ պատմութեան մէջ մնացած է ոչ թէ իր գիտական աշխատութիւններով, այլեւ որպէս աշխարհի ամենահաւատարիմ շունին տէրը:
Համաշխարհային հանրութեան Հաչիքոն ծանօթ է երկու շարժանկարով՝ «Հաչիքոյի պատմութիւնը» եւ «Հաչիքօ. Շունի մը պատմութիւնը»: Մարդու եւ չորքոտանիի կապուածութիւնը ազդեցիկ է մանաւանդ անոնց համար, որոնք ունին ընտանի կենդանիներ: «Հաչիքօ. Շունի մը պատմութիւնը» շարժանկարին մէջ բեմադրիչը, յենլով ճաբոնական պատմութեան վրայ, քիչ մը փոփոխած է բեմագրութիւնը: Գլխաւոր դերը կը կատարէ համաշխարհային շարժանկարի մրցանակակիր դերասան Ռիչըրտ Կիր: Բրիտանա-ամերիկեան այդ շարժանկարին բեմագրութիւնը հետեւեալն է.
Համալսարանի դասախօս Փարքըր Ուիլսոն կայարանին մէջ կը գտնէ Ճաբոնէն Ամերիկա ղրկուած կորսուած քոթոթ մը։ Քանի որ անոր ետեւէն մարդ չ՚երթար, Փարքըր ստիպուած կ՚ըլլայ շունին ձագը պահել իր քով: Այդ պահէն ի վեր անոնց միջեւ ամուր ընկերութիւն կը ստեղծուի: Շունին անունը շարժանկարին մէջ Հաչիքօ է, որ ամէն օր իր տիրոջ կ՚ուղեկցի դէպի կայարան, ուրկէ Փարքըր կ՚երթայ աշխատանքի, եւ շունը երեկոյեան կրկին կայարան կ՚երթայ՝ զայն դիմաւորելու: Շարժանկարին մէջ նոյնպէս գիտնականը կը մահանայ կաթուածէն, որ կը ստանայ համալսարանին մէջ՝ դասախօսութեան ընթացքին: Շունը կը փորձեն որդեգրել գիտնականին հարազատները, բայց ան կը փախչի եւ կայարան կ՚երթայ: Եւ շարժանկարին մէջ նոյնպէս շունը տարիներ շարունակ կը սպասէ տիրոջը, այդպէս ալ մեռնելով կայարանին մէջ: Շարժանկարը հակասական քննարկումներու տեղիք տուած է օրին. ոմանց հաճելի չէր, որ ամերիկացիները զտարիւն ճաբոնական շունը դարձուցած են ամերիկացի, ուստի անոնք խորհուրդ կու տան Հաչիքոյի կերպարը աւելի լաւ տեսնելու համար դիտել անոր մասին ճաբոնական շարժանկարը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԵԱՆ ԱՐՁԱՆ
Ռուսական Թոլյատի քաղաքին մէջ դրուած շունի մը արձանը կը կոչուի «Հաւատարմութեան արձան»: Տեղացիները զանազան պատմութիւններ հիւսած են արձանի նախակերպար եղած շունին մասին: Ըստ վարկածներէն մէկուն, 1995 թուականի ամրան Թոլյատի քաղաքի ինքնաշարժներու գործարանին տարածքը գերմանական հովուաշուն մը կը յայտնուի: Հազարաւոր քաղաքացիներ զայն ամէն օր կը տեսնէին նոյն տեղէն ոչ հեռու։ Մօտակայ տուներու բնակիչները կը կերակրէին, կը փորձէին ընտելացնել, բոյն կը շինէին, բայց ան միշտ կը յայտնուէր ճամբեզրին՝ վազելով ինքնաշարժներու ետեւէն: Անյայտ էր նոյնիսկ անոր անունը, ժողովուրդը կը կոչէր «Հաւատարիմ» կամ «Կոնստանդին» որ յունարենէ թարգմանաբար կը նշանակէ «մշտական»:
Այսպէս շարունակուեցաւ եօթ տարի, շունը անփոփոխ նոյն տեղն էր, իսկ 2002 թուականին մահացաւ: Քաղաքի հնաբնակները կ՚ըսեն, թէ ան ընտանիքի մը շունն էր, ընտանիքը զոհ գացած էր ինքնաշարժի արկածի, իսկ ինքը միակ ողջ մնացած էր: Մէկ ուրիշ վարկած կ՚ըսէ, թէ ինքնաշարժի զոհերը հարսանեկան ճամբորդութենէն վերադարձող նորապսակներ էին, եւ շունը անոնց կը սպասէր նոյն տեղը, ուր վերջին անգամ տեսած էր տէրերը: 2003 թուականին երբ Թոլյատիի մէջ դրուեցաւ անոր արձանը, դարձաւ այս քաղաքի միակ ապաքաղաքական արձանը, որ նորապսակներու մշտական այցի վայրն է:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան