ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ «ՄԵՆՔ ԵՐԳԵՆՔ» ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅԹԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ կազմակերպուած «Մենք ԵՐԳենք» խորագրեալ հերթական երաժշտական երեկոյթը երէկ տեղի ունեցաւ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ։ Ներկայ էին Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեան եւ գաւառի տեսուչ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան, նաեւ երիտասարդներ եւ երաժշտասէրներ։
Հանդիսութեան սկիզբին Տիրան Մամիկոնեան արտասանեց բացման խօսքը։ Ան տեղեկութիւններ տուաւ Մինաս Եըլտըզի, Քայրա Ալկանի, Էլիզա Սարաչօղլուի, Նորա Յակոբեանի, Մաթիաս Շիրինկիլի եւ Նորա Ճանիկեանի մասին, որոնք դաշնակով ներկայացուցին դասական երգեր։ Թէեւ երիտասարդները դասական քանի մը նմոյշներ հրամցուցին հանդիսատեսին, սակայն իրենց երաժշտական կատարումներով հմայեցին ներկաները։
Հանդիսութեան տեւողութեան, ծրագրի երաժշտութեան խորհրդատու Յակոբ Մամիկոնեանի դաշնակի ընկերակցութեամբ բեմ բարձրացաւ նաեւ Թաթիանա Պոստան, որ հանդէս եկաւ տոհմիկ երգերու կատարումներով։ Հանդիսութիւնը աւարտին հասաւ միասնաբար երգուած «Սիրուն հայրենիք»ով։
Հուսկ բանքը արտասանեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Ան յայտնեց, որ բոլոր մասնակիցները տարիքով փոքր են, սակայն իրենց տաղանդը զգալի դարձած է։ Ան այս առթիւ շնորհակալութիւն յայտնեց երիտասարդներուն, ապա յուշախաչեր նուիրեց անոնց։