ՍՆՈՒՊ ՏՈԿԿՆ ՈՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՓՐԿՈՒԹԻՒՆԸ
Հասած է տեղ որ սկսած եմ ամչնալ հայ ըլլալէս, որովհետեւ այն հայութիւնը՝ որ սրսկուած է մեր արեան մէջ, տարբեր է այն հայութենէն, որ այսօր մեր դիմաց կը պարզուի: Այն հպարտութիւնն ու արժանապատուութիւնը որ անցեալի մտաւորականներուն գործերուն մէջ կը տեսնէինք, կա՛մ առասպելներ են եւ կամ ահաւոր տերեւաթափութիւն մը ապրած է մեր ազգը:
Տարիներ առաջ Կիւմրիի եւ Սպիտակի աղքատ ընտանիքները այցելած ժամանակ ալ նկատած էի, որ մեր ազգը, ցաւ ի սիրտ, իր կեանքին առաջնահերթութիւններուն գիտակութիւնը չունի եւ նոյն այդ գիտակցութեան պակասով կը գոյատեւէ նաեւ մեր իշխանութիւնը:
Կիւմրիի աղքատը անօթի վիճակին մեծ ու նոր հեռուստացոյց մը կ՚ուզէ գնել՝ առանց մտածելու, որ իր անօթութիւնը աւելի առաջնահերթ է քան հեռուսացոյցի մը գոյութիւնը. նոյն վիճակը կը տիրէ այսօր մեր ղեկավարներուն մօտ. հիմնական հարցերը մէկդի դրած անոնք կը զբաղուին երկրորդական ու երրորդական բաներով՝ որ ոչ մէկ օգուտ ունի մեր հիմնական ցաւին ու խնդրիներուն լուծման մէջ:
Արցախի վերջին պատերազմէն ի վեր բազմաթիւ հայեր որպէս գերի կը շարունակեն իրենց գոյութիւնը քաշքշել թշնամի պետութեան բանտերուն մէջ. ահաւասիկ աւելի քան եօթ ամիս Ստեփանակերտի մեր հայորդիները կը շարունակեն մնալ շրջափակուած վիճակի մէջ՝ մարդկային պարզ կարիքներու բացակայ պայմաններու մէջ ու նման բազմաթիւ անհրաժեշտ հարցեր մէկդի դրած՝ մեր ազգը հետաքրքրուած է այսօր ամերիկացի աստղ Սնուպ Տոկկը (Snoop Dogg) Հայաստան բերել ու մեծ համերգ կազմակերպելով:
Պէտք է փառք տալ ու առ Աստուած աղօթք բարձրացնել չէ՞. վերջապէս ի՜նչ գերի, ինչ Ստեփանակերտի շրջափակում՝ երբ Սնուպ Տոկը վայելելու առիթը պիտի ունենայ մեր ժողովուրդի զաւակները:
Զարմանքով, ինչպէս նաեւ զզուանքով կը հետեւիմ Ազգային ժողովի նիստերուն։ Կարեւոր ու անհրաժեշտ բազմաթիւ հարցեր մէկ կողմ ձգած ազգովի կը զբաղուինք մանրուքներով. վերջապէս աւելի կարեւոր է չէ՞ գինիի, ձմերուկի կամ քարեջուրի փառատօնը:
Պետութիւնը զբաղուած է փառատօններ եւ ելոյթներ կազմակերպելով, զբաղուած է ժողովուրդը տուգանելու նոր միջոցներ եւ ձեւեր որդեգրելով, շինարարութեամբ, ճամբաներով. այլ խօսքով բոլոր այն բաներով՝ որոնք երկրորդական են մեր երկիրին դիմագրաւած հարցերուն դիմաց:
Սակայն ժողովուրդը եւս բանով մը չի տարբերիր պետութենէն։ Կարեւորագոյն հարցերը մէկ կողմ դրած կը զբաղուին այս կամ այն նախարարի քշած ինքնաշարժով, ունեցուածքով ու հարստութեամբ: Եւ զարմանալի. ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ, որ նման պատերազմական երկիրի մը ղեկավարները, մի քանի տարուան ընթացքին ի վիճակի կ՚ըլլան դղեակներ գնելու եւ ահաւոր հարստութեան մէջ ապրելու՝ առեղծուած մըն է պարզապէս:
Աշխարհահռչակ երգիչները Հայաստան բերելէ առաջ ինչքան խելացի բան կ՚ըլլար մտածել արտագաղթի մասին, երկրին մէջ տակաւին գոյութիւն ունեցող աղքատութեան մասին, լաւապէս տեսնուող ու զգացուող անհաւասարութեան ու անարդարութեան մասին, ուսման ոլորտին մէջ ազգովի մեր արձանագրած վայրէջքին մասին: Մամուլը կը տարածէ, թէ Հայաստանի գիւղերէն մէկուն մէջ հայր մը յղիացուցած է իր 12 տարեկան դուստրը, ամբողջ Երեւանը թմրամիջոց գործածողներու բոյնի կը վերածուի, գողութիւններու եւ սպանութիւններու թիւը ա՛ճ կ՚արձանագրէ. երիտասարդ մարմնավաճառներուն եւ փողոցը մուրացկանութիւն ընողներուն թիւը կ՚աւելնայ. հայրենիքէն անվերադարձ մեկնողներուն թիւը օր ըստ օրէ կը ստուերանայ, իսկ մենք կը շարունակենք զբաղուիլ Սնուպ Տոկով եւ կամ ինքնաշարժներու դիմապակիներով:
Գուցէ մեր պետութիւնը տակաւին լաւապէս գիտակցութիւնը չունի, թէ իրենց ղեկավարածը պետութիւն մըն է, ազգ մըն է եւ ո՛չ վաճառատուն մը:
Կարծես քաղաքական գործիչ ըլլալու պաշտօնը տալու ժամանակ արժանապատուութիւն ըսուածը կ՚առնուի անոնցմէ. կ՚ուզեմ իրապէս հասկնալ, թէ ինչպէ՞ս իրենց գլուխները հանգիստ բարձերու վրայ կը դնեն, երբ այս հայրենիքի սիրոյն բազմաթիւ երիտասարդներ, գուցէ անմարդկային պայմաններու մէջ գերութեան տակ կը գտնուին:
Ճանապարհային ոստիկաններուն համազգեստները փոխելով, անոնց ինքնաշարժները արդիականացնելով չէ որ ազգ մը կը փրկուի, ո՛չ ալ պետական ինքնաշարժներու ճոխութիւնը ազգի մը պատիւը կը յաջողի բարձր պահել, որովհետեւ նախընտրելի է տեսնել էշի վրայ նստած վարչապետ մը՝ առողջ հայրենիքով, քան ճոխ ինքնաշարժով վարչապետ մը՝ որուն երկիրը պարզապէս դժբախտ իրավիճակ մը կը պարզէ:
Թող մեր ղեկավարութիւնը ականջ դնէ Սնուպ Տոկկի երգի բառերուն, որ կ՚ըսէ. «վեց միլիոն ձեւ կայ մեռնելու՝ ընտրէ մէկը». իրենք ո՞ր ձեւը կ՚ընտրեն չեմ գիտեր, սակայն մեր ազգի մահուան ձեւը յստակ է. անտարբերութեամբ պիտի մեռնինք ըստ երեւոյթին:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -304-
Արցախի պատերզմէն ամիսներ ետք, երբ տակաւին աւելի քան 5 հազար նահատակներու առաջին տարելիցը չէր աւարտած, Հայաստան հրաւիրուեցաւ ամերիկացի յայտնի երգիչ «50 սենթ»ը եւ մեծ ներկայացում մը կազմակերպուեցաւ։
Հակառակ տոմսերու աներեւակայելի գիներուն, «Հրազդան» մարզադաշտը ասեղ նետելու տեղ չկար։ Ինչ զուգադիպութիւն, որ համերգի վայրն ու նահատակներու Եռաբլուրը իրար մօտ էին։ Երբ հայրենիքին համար երիտասարդները իրենց կեանքը տուած հողին տակ կը ննջէին, իրենց հասակակիցները ամերիկացիի հայհոյանքներուն տակ կեանքը կը վայելէին։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 01/18/2025
- 01/18/2025